Որոնել

Բնութիւն Բնութիւն  (AFP or licensors)

Լեւոն ԺԴ. Շտապ անհրաժեշտ է աշխատիլ շրջակայ միջավայրի արդարութեան համար

Լեւոն ԺԴ. Պապին 2025 թուականին արարչագործութեան խնամքի համար, «Խաղաղութեան եւ յոյսի սերմեր» վերնագիրով համաշխարհային աղօթքի օրուան պատգամը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հրապարակուեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին 2025 թուականին արարչագործութեան խնամքի համար, «Խաղաղութեան եւ յոյսի սերմեր» վերնագիրով համաշխարհային աղօթքի օրուան պատգամը։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը սկսաւ կեդրոնանալով Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ ընտրուած արարչագործութեան խնամքի համար աղօթքի օրուան նուիրուած պատգամի՝ «խաղաղութեան եւ յոյսի սերմեր» վերնագիրին վրայ։

«Յիսուս շատ անգամ իր քարոզչութեան մէջ կ՝օգտագործէ սերմի պատկերը խօսելու համար Աստուծոյ Արքայութեան մասին, իսկ իր չարչարանքներու նախօրէին այդ պատկերը կիրարկէ իրեն նկատմամբ, ինքզինք համեմատելով ցորենի հատիկի հետ, որ պտուղ տալու համար պէտք է մեռնի։ (Յովհ 12,24)։

«Սերմը ամբողջութեան կը յանձնուի հողին եւ այնտեղ՝ իր պարգեւի կործանարար ուժով կեանք կը ծլի, նոյնիսկ անսպասելի վայրերուն մէջ՝ զարմանալիօրէն ապագան ստեղծելու կարողութեամբ», նշեց Սրբազան Հայրը հաստատելով որ « Քրիստոսի մէջ սերմեր ենք։ Ոչ միայն, այլ « Խաղաղութեան եւ Յոյսի սերմեր»։

Քահանայապետը ապա մէջբերեց Եսայի մարգարէի այն խօսքը ուր կ՝ըսէ, Աստուծոյ հոգին կարող է չորցած անապատը այգիի վերածել, հանգիստի եւ խաղաղութեան վայրի։ «Մինչեւ որ բարձրէն ձեր վրայ գայ Հոգին, անապատը այգիի պիտի վերածուի։ Անապատին մէջ պիտի բնակի իրաւունքը եւ արդարութիւնը պիտի իշխէ այգիին մէջ։ Եւ իմ ժողովուրդս պիտի բնակի խաղաղութեան եւ ապահով վայրերուն մէջ։ (Ես 32,15-18).

Լեւոն ԺԴ. Նշեց , Եսայի մարգարէին խօսքերը (Եսայի 32,15-18), կը հաստատեն որ աղօթքի հետ միատեղ անհրաժեշտ են շօշափելի գործողութիւններ, որոնք ընկալելի կը դարձնեն այս «Աստուծոյ քնքշութիւնը» աշխարհի վրայ (Laudato si’, 84)։

Շարունակելով անդրադառնալ Եսայի մարգարէի խօսքերուն Քահանայապետը նշեց, թէ Արդարութիւնն ու օրէնքը կարծես կը լուծեն անապատին ան հիւրընկալութիւնը ու սա աննախադէպ այժմէականութեան աւետում է, որովհետեւ Ամենուրեք անարդարութիւնը, միջազգային իրաւունքի եւ ժողովուրդներուն իրաւունքներուն խախտումը, անհաւասարութիւնը ու անոնցմէ բխող ագահութիւնը կը հանգեցնեն անտառահատումի, ապականութեան եւ կենսաբազմազանութեան կորուստի։

Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ թէ, կարծես թէ կը պակսի նաեւ այն գիտակցութիւնը, որ բնութիւնը կործանելը բոլորին վրայ նոյն կերպով չհարուածեր։ Նկատել տուաւ որ Խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը ոտնահարելը կը նշանակէ ամենաշատ հարուածել աղքատները, մեկուսացեալները։ Այս ոլորտէն ներս բնիկ համայնքներուն տառապանքը խորհրդանշական է» գրեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով որ բնութիւնը ինքնին երբեմն կը դառնայ փոխանակումի գործիք, բարիք մը որ կարելի է փոխանակել տնտեսական կամ քաղաքական առաւելութիւնն ստանալու համար ու այս շրջանակէն ներս արարչագործութիւնը կը վերածուի կենսական հարստութիւններու վերահսկողութեան մարտադաշտ, ինչպէս ցոյց կու տան գիւղատնտեսական տարածքները եւ անտառները որոնք դարձան վտանգաւոր՝ ականներուն հետեւանքով, ջուրի աղբիւրներու շուրջ բխած հակամարտութիւնները, պատժելով տկար ժողովուրդները եւ խաթարելով ընկերային կայունութիւնը։

Այս տարբեր վէրքերը մեղքի պատճառով են։ Սա անշուշտ այն չէ ինչ որ Աստուած նկատի ունէր երբ իր պատկերով մարդը ստեղծեց։(Gen 1,24-29).Իրօք, կարեւոր է կարդալ Աստուածաշունչի գիրքերը իրենց միջավայրին մէջ՝ ճիշդ մեկնաբանութեամբ, եւ յիշել որ անոնք մեզ կը հրաւիրեն «պաշտպանելու եւ մշակելու» աշխարհի այգին։ Նուիրուածութեամբ եւ քնքշութեամբ աշխատելով կարող ենք արդարութեան սերմեր ծլիլ ,այդպէսով նպաստելով խաղաղութեան եւ Յոյսի, նշեց Սրբազան Հայրը  ու իր պատգամը եզրափակեց նետուած սերմերուն շարքին յիշելով եկեղեցւոյ նախաձեռնութիւններէն Ֆրանչիսկոս Պապին Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ «Borgo Laudato Si» ծրագիրրը, որ որպէս սէր կարող է պտուղ տալ արդարութեան եւ խաղաղութեան։

Քահանայապետը պատգամը աւարտեց ապահովուելով իր Աղօթքը Ամենակալին, որ առատօրէն վերէն ղրկէ իր Հոգին » (ԵՍ 32,15), որպէսզի այս սերմերը ու անոնց նման սերմերը խաղաղութեան եւ յոյսի առատ պտուղներ բերեն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/07/2025, 13:15