Որոնել

2025.06.26 Plenaria della "Riunione delle Opere per l'Aiuto alle Chiese Orientali" (ROACO)

Լեւոն ԺԴ. «ROACO»ին. Դուք «Արեւելեան Եկեղեցիին համար թթուածին» եւ «ատելութեան խաւարին մէջ փայլող լոյս» էք

«Ինչպէ՞ս կարելի է շարունակել դաւաճանել ժողովուրդի խաղաղութեան ցանկութիւնները՝ կեղծ վերազինման քարոզչութեամբ, այն ունայն պատրանքով, որ գերակայութիւնը կը լուծէ խնդիրները, փոխանակ ատելութիւն և վրէժ բորբոքելու։ Մարդիկ միշտ աւելիով անտեղեակ են այն գումարներու քանակի մասին, որ կը մտնէ մահուան վաճառականներու գրպանները և որով կարելի է կառուցել հիւանդանոցներ և դպրոցներ և սակայն կը քանդուին արդեն իսկ կառուցուած կառոյցները», ըսաւ Լեւոն ԺԴ.
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի` 26 Յունիս 2025-ի առաւօտեան ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Առաքելական Պալատի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ընդունեց Արևելեան եկեղեցիներու օգնութեան գործակալութիւններու հանդիպումին «ROACO»-ի ընդհանուր ժողովին մասնակցողները, որոնց շարքին էր նաեւ Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ` Արհ. Գէորգ Արքեպիսկոպոս Նորատունկեանը։

Նորին Սրբութիւնը երախտագիտութեամբ ընկալեց «ROACO»-ի ընդհանուր ժողովին մասնակցողները անոնց ըսելով. «խաղաղութիւնը ձեր հետ», ապա յատուկէն ընդգծեց գործակալութիւններու յանձնառումը ի նպաստ Արեւելքի Եկեղեցիներուն այդ մէկը որակելով` «աւետարանական ուրախութեան եւ յոյսի առաքելութիւն»։

Լեւոն ԺԴ. հանդիպումը «ROACO»ի ժողովականներուն հետ
Լեւոն ԺԴ. հանդիպումը «ROACO»ի ժողովականներուն հետ   (@Vatican Media)

Դուք յոյս կը սերմանէք քրիստոնեայ Արեւելքին մէջ

«Շնորհակալութիւն որովհետեւ ձեր նուիրատուներուն հետ միասին դուք յոյս կը սերմանէք քրիստոնեայ Արեւելքին մէջ ... որ աւերուած է պատերազմներէ, սպառած շահերէ, պարուրուած ատելութեան վերմակով, որ օդը կը դարձնէ անշունչ և թունաւոր» ըսաւ Սրբազան Պապը ներկաները որակելով «Արեւելեան Եկեղեցիին համար թթուածին» եւ «ատելութեան խաւարին մէջ փայլող լոյս» ու խնդրեց` որ ամէն ջանք դափեն օգնելու համար այդ թանկարժէք ու վիրաւոր Եկեղեցիները։

Քահանայապետը ճառը կեդրոնացուց երեք կարեւոր նիւթերու վրայ` հակամարտութիւնները, աւետարանական վկայութիւնը եւ Արեւելեան Եկեղեցիներուն վերարժեւորումը Տիեզերական Եկեղեցւոյ ներքոյ։

Լեւոն ԺԴ. հանդիպումը «ROACO»ի ժողովականներուն հետ
Լեւոն ԺԴ. հանդիպումը «ROACO»ի ժողովականներուն հետ   (@Vatican Media)

Պատերազմի ողբերգութիւնները

Ան ցաւ արտայայտեց ի տես Ուքրանիոյ, Կազայի եւ Միջին Արեւելքի մէջ ապրուած ողբերգութիւններուն, դատապարտելով կոյր բռնութիւնը եւ ուժի կիրառումը։

«Ցաւալի է տեսնել, որ միջազգային իրաւունքի և մարդասիրական իրաւունքի ուժը կը թուայ այլևս ոչ պարտադիր, եւ փոխարինուած է ենթադրեալ իրաւունքով ուրիշները ուժով հարկադրելու» ըսաւ ի միջի այլոց Քահանայապետը այս մէկը որակելով «ամօթալի մարդկութեան ու ազգերու պատասխանատուներուն համար»։

Ան ապա զգուշացուց կեղծ լուրերու և վերազինման հռետորաբանութեան ծուղակը իյնալու վտանգէն.

«Ինչպէ՞ս կարելի է հաւատալ, դարաւոր պատմութենէ մը յետոյ, որ պատերազմական գործողութիւնները խաղաղութիւն կը բերեն և զայն իրականացողներու դէմ չի հակադարձուիր։ Ինչպէ՞ս կարելի է մտածել վաղուայ օրուայ հիմքերը դնելու՝ առանց համախմբութեան, առանց ընդհանուր բարիքով ոգեշնչուած ընդհանուր տեսլականի։ Ինչպէ՞ս կարելի է շարունակել դաւաճանել ժողովուրդի խաղաղութեան ցանկութիւնները՝ կեղծ վերազինման քարոզչութեամբ, այն ունայն պատրանքով, որ գերակայութիւնը կը լուծէ խնդիրները, փոխանակ ատելութիւն և վրէժ բորբոքելու։ Մարդիկ միշտ աւելիով անտեղեակ են այն գումարներու քանակի մասին, որ կը մտնէ մահուան վաճառականներու գրպանները և որով կարելի է կառուցել հիւանդանոցներ և դպրոցներ, և սակայն կը քանդուին արդեն իսկ կառուցուած կառոյցները» դիտել տուաւ Լեւոն ԺԴ. հրաւիրելով քրիստոնեաները աղօթքով, շօշափելի աջակցութեամբ եւ հաւատարիմ վկայութեամբ պատասխանելու բռնութիւններուն, ներշնչուելով եւ ընդօրինակելով խաչուած Քրիստոսը, որ չարը յաղթեց սիրով։

Լեւոն ԺԴ. հանդիպումը «ROACO»ի ժողովականներուն հետ
Լեւոն ԺԴ. հանդիպումը «ROACO»ի ժողովականներուն հետ   (@Vatican Media)

Շնորհակալութիւն Արեւելքի քրիստոնեաներուն

«Հետևինք Քրիստոսին, որ մեզ կը կոչէ պատմութեան վէրքերը դարմանելու լոկ անոր փառաւոր խաչի հեզութեամբ, որտեղէն կը ցայտեն ներման ուժը, նորէն սկսելու յոյսը, կաշառակերութեան ծովին մէջ ազնիւ և թափանցիկ մնալու պարտականութիւնը» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը, հրաւիրելով Հետեւիլ Քրիստոսին, ապա ուզեց շնորհակալութիւն յայտնել եւ իտէալական կերպով ողջագուրել բոլոր արևելեան քրիստոնեաները, որոնք չարիքին կը պատասխանեն բարիով. «շնորհակալութիւն, եղբայրներ և քոյրեր, ձեր տուած վկայութեան համար, յատկապէս, երբ կը մնաք ձեր երկիրներուն մէջ, որպէս Քրիստոսի աշակերտներ և վկաներ» եղան Լեւոն ԺԴ. քաջալերական խօսքերը Արեւելքի քրիստոնեաներուն, որոնցմէ ետքը յիշեց անոնց ապրած բռնութիւններն ու խոշտանգումները ապա ակնարկեց նաեւ Արեւելեան եկեղեցիներու ծէսերու գեղեցկութեան, որոնք հարուստ են «խորհրդաւորութեամբ» եւ «որոնք անդադար ներման խնդրանք կը բարձրացնեն մարդկութեան համար»։

Lեւոն ԺԴ. եւ Կարդինալ Կուճերոթթի
Lեւոն ԺԴ. եւ Կարդինալ Կուճերոթթի   (@Vatican Media)

Հակամարտութիւններու գիշերուան մէջ Արեւելքի լոյսին վկաներ

Ան ապա խօսքը ուղղելով «ROACO» ի անդամներուն նշեց` որ անոնք «հակամարտութիւններու գիշերուան մէջ Արեւելքի լոյսին վկաներն են» ու հայցեց` որ այդ «իմաստութեան եւ փրկութեան լոյսը, որ յատուկ է Արեւելեան Եկեղեցիներուն, աւելիով ճանչցուի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ», ուր տակաւին «տգիտութիւն կը տիրէ» այդ առնչութեամբ եւ ուր տակաւին չէ իրականացած Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ին փափաքը. ««Եկեղեցին պէտք է նորէն սորուի շնչել իր երկու թոքերով՝ արևելեան և արևմտեան»։ (Կարդինալներուն ուղղուած ճառ 28 Յունիս 1985)։

Լեւոն ԺԴ. հանդիպումը «ROACO»ի ժողովականներուն հետ
Լեւոն ԺԴ. հանդիպումը «ROACO»ի ժողովականներուն հետ   (@Vatican Media)

Արժեւորել Արեւելեան Եկեղեցիներուն գանձերը

«Քրիստոնէական Արևելքը կարող է պաշտպանուած ըլլալ միայն այն ատեն եթէ ան սիրուած է, միայն այն ատեն, երբ ան ճանչցուած է» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով աւելիով ճանաչելի դարձնել այդ եկեղեցիներուն գանձերը ու կարեւորելով նաեւ հովուական գործունէութեան բաժնեկցութիւնը` յատկապէս ի տես գաղթականութեան երեւոյթին. «Արեւելքի կաթողիկէները հեռաւոր զարմիկներ չեն այլ քոյրեր եւ եղբայրներ, որ մեր կողքին կ՛ապրին», որոնց «աստուածային խորհուրդի բոյր ունեցող հոգեւորականութիւնը կարող է օգուտ բերել Արևմուտքի մէջ Աստուծոյ թաքնուած, բայց գոյութիւն ունեցող ծարաւին»։

Սրբազան Պապը ճառը աւարտեց հաւատքի միասնական աճը յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ Սուրբ Պետրոս ու Պօղոս առաքեալներու հովանիին ապա ներկաներուն շնորհեց իր օրհնութիւնը քաջալերելով զանոնք շարունակելու յարատեւել բարեգործութեան մէջ, ոգեւորուած ըլլալով Քրիստոսի յոյսով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2025, 11:32