Որոնել

Մանուկներու իրաւունքներուն նուիրուած միջազգային վեհաժողով Մանուկներու իրաւունքներուն նուիրուած միջազգային վեհաժողով  (Vatican Media)

Մերժուած մանկութիւնը լռելեան ճիչ մըն է. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Այսօր աւելի քան քառասուն միլիոն երեխայ տեղահանուած է հակամարտութիւններու պատճառաւ, և մօտ հարիւր միլիոնը անօթևան է: Կայ ապա երեխաներու ստրկութեան ողբերգութիւնը. մօտաւորապէս հարիւր վաթսուն միլիոն երեխաներ թիրախ են հարկադիր աշխատանքի, մարդավաճառութեան, չարաշահումներու և բոլոր տեսակի շահագործման, ներառեալ հարկադիր ամուսնութիւնները: Կան միլիոնաւոր գաղթական երեխաներ... Ֆրանչիսկոս Պապը բացումը կատարեց Վատիկանի մէջ կայացած մանուկներու իրաւունքներուն նուիրուած միջազգային վեհաժողովին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի` 3 Փետրուար 2025-ի առաւօտեան Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ սկիզբ առաւ «Սիրենք ու պաշտպանենք զանոնք» խորագիրով մանուկներու իրաւունքներուն նուիրուած` միջազգային վեհաժողովը, որուն բացումը կատարեց Ֆրանչիսկոս Պապը ի ներկայութեան նոպէլեանի մրցանակակիրներու, ուսուցիչներու, տնտեսագէտներու, եկեղեցական, քաղաքական ու միջազգային կազմակերպութիւններու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու որոնց շարքին նաեւ Յորդանանի Ռանիա Թագուհին։

 Քահանայապետը կը  հանդիպի խումբ մը մանուկներուն հետ
Քահանայապետը կը հանդիպի խումբ մը մանուկներուն հետ

Նախ քան սրահ մուտք գործելը Սրբազան Քահանայապետը հանդիպեցաւ խումբ մը մանուկներուն հետ որոնք, անոր յանձնեցին զանազան գծագրութիւններ ու աշխարհի մանուկներուն անունով պատգամ մը։

Մանուկներու խախտուած եւ անտեսուած իրաւունքները

Բացման արարողութեան առիթով ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ վեհաժողովը կազմակերպող Մանուկներու Համաշխարհային Օրուայ Քահանայապետական Կոմիտէի նախագահ `Հայր Էնցօ Ֆորթունաթոն, որուն յաջորդեց Ֆրանչիսկոս Պապին ներկաներուն ուղղած պատգամը, որուն սկիզբը Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` որ ընդառաջեցին հրաւէրին եւ որոնք իրենց փորձառութիւններով ու հմտութիւններով կարող են բանալ նոր ճանապարհներ «օգնութեան հասնելու ու պաշտպանելու մանուկները, որոնց իրաւունքները ամէն օր կը խախտուին եւ կ՛անտեսուին» ըսաւ Ան:

Ֆրանչիսկոս Պապ
Ֆրանչիսկոս Պապ

Միլիոնաւոր մանուկներ կ՛ապրին ողբերգական իրավիճակ

Մեկնելով փոքրիկներու իրաւունքները պաշտպանելու կարեւորութենէն, Սրբազան Պապը մտահոգութիւն արտայայտեց աշխարհի մէջ միլիոնաւոր մանուկներուն ապրած ողբերգական իրավիճակներուն ի տես, այս ծիրէն ներս խօսելով աղքատութեան, պատերազմի ու կրթութեան պակասի մասին, որոնք տարածուած հարցեր են, ու կը հարուածեն յատկապէս աւելիով աղքատ Երկիրներու մէջ ապրող մանուկները ինչպէս նաեւ անոնք` որոնք կ՛ապրին պատերազմական շրջաններու մէջ։

Սրբազան Քահանայապետը դիտել տուաւ նաեւ, թէ նոյնիսկ զարգացած Երկիրներուն մէջ շատ մը մանուկներ կ՛ապրին դիւրաբերութեան վիճակներ, յառաջացած ընտանիքին ապրած դժուար պայմաններու բերումով ինչպէս նաեւ ընկեր-տնտեսական հարցերու պատճառաւ։

Համաշխարհային առաջնորդները կ՛ունկնդրել Քահանայապետին ճառը
Համաշխարհային առաջնորդները կ՛ունկնդրել Քահանայապետին ճառը

Անյոյս երիտասարդներ

«Ճիշտ երիտասարդները` որոնք ընկերութեան մէջ յոյսի նշաններ են դժուարութիւն ունին յոյսը տեսնելու իրենք իրենց մէջ եւ այս մէկը տխուր ու մտահոգիչ է» ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը դատապարտելով բոլոր բռնութիւնները, որոնք կը հարուածեն մանուկները, ներառեալ այն անչափահասները` որոնք ստիպուած են պայքարելու կամ ոտնձգութիւններու թիրախ ըլլալու։

Այս ծիրէն ներս Ան ի յայտ դրաւ մանկական ստրկութեան ողբերգութիւնը, ինչպէս նաեւ գաղթականութիւնը ապրող մանուկներուն ցաւալի իրականութիւնը, որոնցմէ շատերու պարագային ոչ իսկ արձանագրուած է անոնց ծնունդը, դառնալով անտեսանելի եւ դիւրաբեկ ու տարբեր ոտնձգութիւններու թիրախ։

Մանուկներու իրաւունքներուն նուիրուած միջազգային վեհաժողովը
Մանուկներու իրաւունքներուն նուիրուած միջազգային վեհաժողովը

Մերժուած մանկութիւնը լռելեան աղաղակ

«Փոքրիկները սպանելը կը նշանակէ մերժել ապագան» հաստատեց ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը ապա անընդունելի նկատեց այդ իրականութեան հետ հաշտուիլը։

«Մերժուած մանկութիւնը լռելեան աղաղակ մըն է` որ կը դատապարտէ տնտեսական համակարգը, պատերազմներուն յանցագործութիւնը, բժշկական խնամքին ու կրթութեան բացակայութիւնը» յարեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ուշադրութիւնը հրաւիրելով տնտեսական համակարգի անհաւասարութեան վրայ ու խղճերու կարծրութեան այս անարդարութիւններուն դիմաց։

«Այսօր աւելի քան քառասուն միլիոն երեխայ տեղահանուած է հակամարտութիւններու պատճառաւ, և մօտ հարիւր միլիոնը անօթևան է: Կայ ապա երեխաներու ստրկութեան ողբերգութիւնը. մօտաւորապէս հարիւր վաթսուն միլիոն երեխաներ թիրախ են հարկադիր աշխատանքի, մարդավաճառութեան, չարաշահումներու և բոլոր տեսակի շահագործման, ներառեալ հարկադիր ամուսնութիւնները: Կան միլիոնաւոր գաղթական երեխաներ, երբեմն իրենց ընտանիքներով, բայց յաճախ միայնակ։ Առանց ուղեկցութեան անչափահասներու երևոյթը երթալով աւելի յաճախակի և լուրջ կը դառնայ» դիտել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով երեխաներու տառապանքը չընդունիլ` որպէս կանոն ու չընտելանալ այդ իրողութեան։

Մանուկներու իրաւունքներուն նուիրուած միջազգային վեհաժողովը
Մանուկներու իրաւունքներուն նուիրուած միջազգային վեհաժողովը

Յիշել անցեալը կառուցելու համար լաւ ապագայ

Ան առ այդ յղում կատարեց պատերազմներու պատմական յիշողութեան, խօսելով նաեւ իր յիշողութիւններու մասին, ընդգծելով նման ողբերգութիւնները ապրողներու պատմութիւններուն մտիկ ընելու կարեւորութիւնը` հասկնալու համար կեանքին արժէքը։

Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը աւարտեց քաջալերելով բոլոր մասնակցողները աշխատելու միասին կառուցելու մանուկներուն համար աւելի լաւ ապագայ մը, ապա վստահեցուց իր աղօթքները, որպէսզի անոնց յանձնառումը` կարողանայ իմաստալից փոփոխութիւններ յառաջացնել միշտ աւելիով կեդրոնական տեղ տալով մանուկներու իրաւունքներուն, անոնց երազներուն ինչպէս նաեւ անոնց ապագայի իղձին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2025, 10:15