Որոնել

2023.07.23 Santa Messa per la Giornata mondiale dei nonni e degli anziani

Երանի անոր` որ չէ կորսնցուցած իր յոյսը. Տարեցներու Համաշխարհային Ե Օրուան թեման

«Կեանքի, Ընտանիքի եւ աշխարհականներու Վերատեսչութիւնը բոլորին կը նորոգէ Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրը` Օրը տօնախմբելու իւրաքանչիւր թեմի մէջ ու 27 Յուլիսի պատարագը նուիրելու տարեցներու դիտաւորութեան խթանելով նաեւ անոնց վերապահուած այցելութիւններ, ինչպէս նաեւ սերունդներու միջեւ հանդիպումի առիթներ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Խօսք Սիրաքայի գիրքէն քաղուած «Երանի անոր որ չէ կորսնցուցած իր յոյսը» խօսքը Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ ընտրուեցաւ որպէս այս տարուայ Տարեցներու Մամիկ – Պապիկներու Համաշխարհային Ե Օրուան թեմա, որ պիտի տօնախմբուի Կիրակի` 27 Յուլիս 2025ին։

«Սոյն խօսքերը կ՛արտայայտեն տարեցներուն երանութիւնը ու կը մատնանշեն քրիստոնէական ու հաշտուած ծերութեան մը ճանապարհը, որ հիմնուած է Տիրոջ նկատմամբ յոյսին վրայ», գրուած է վերոնշեալ բնաբանը յայտարարող հաղորդագրութեան մէջ, ուր ապա նշուած է, որ «2021-ին Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հաստատուած այս օրը, Յոբելենական տարւոյն առիթով կ՛ուզէ ըլլալ առիթ` խորհրդածելու համար, թէ ինչպէս մամիկ-պապիկներու ու տարեցներու ներկայութիւնը կարող է դառնալ յոյսի նշան մը, իւրաքանչիւր ընտանիքի ու եկեղեցական հասարակութեան ներքոյ»։

«Կեանքի, Ընտանիքի եւ Աշխարհականներու Վերատեսչութիւնը բոլորին կը նորոգէ Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրը` Օրը տօնախմբելու իւրաքանչիւր թեմի մէջ ու 27 Յուլիսի պատարագը նուիրելու տարեցներու դիտաւորութեան խթանելով նաեւ անոնց վերապահուած այցելութիւններ, ինչպէս նաեւ սերունդներու միջեւ հանդիպումի առիթներ» կը կարդանք Կեանքի, Ընտանիքի եւ Աշխարհականներու Վերատեսչութեան հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ որ լոյս տեսաւ այսօր` 4 Փետրուար 2025ին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/02/2025, 12:05