Սրբազան Պապը յայտարարեց մանուկներուն նուիրուած առաքելական Յորդորագիրի մը հրատարակումը։ Մանուկները մեզ կը դիտեն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Առաքելական Պալատի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ կայացած «Սիրենք եւ պաշտպանենք զանոնք» վերտառութեամբ մանուկներու իրաւունքներուն նուիրուած միօրեայ միջազգային վեհաժողովը հասաւ իր աւարտին, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան աշխարհի զանազան երկիրներէն ու տարբեր ասպարէզներու պատկան բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, միասին քննարկելով ժամանակակից աշխարհի մէջ մանուկներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները, յանձնառութեամբ միասին գործելու` անոնց ապահովեցնելու համար աւելի լաւ ապագայ մը։
Ֆրանչիսկոս Պապը, որ առաւօտեան բացումը կատարած էր Վեհաժողովի առաւօտեան նիստերուն, կէսօրէն ետքը եւս յետմիջօրէի նիստերուն սկիզբը ան ուզեց խօսք մը ուղղել ներկաներուն անոնց ներկայացնելով առաւօտեան, մանուկներու մէկ խումբի կողմէ ստացած նամակին պարունակութիւնը որուն մէջ գրուած է.
Սիրելի Ֆրանչիսկոս Պապ, քեզի կը գրենք համայն աշխարհի մանուկներուն անունով եւ կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել, որովհետեւ կը մտահոգուիս մեզմով ու մեր ապագայի համար, մեզ կը սիրես ու մեզ կը պաշտպանես։
Բազմաթիւ մանուկներ կը տառապին անօթութեան, պատերազմի, մորթի տարբեր գոյնի եւ բնական աղէտներուն հետեւանքով։
Մենք կը ցանկանք աւելի արդար Աշխարհ մը, առանց բաժանումներու, ժողովուրդներու, հարուստներու ու աղքատներու, երիտասարդներու ու տարեցներու միջեւ։ Աշխարհ մը` որ ըլլայ նաեւ աւել մաքուր, ուր ապականութիւնը չկործանէ անտառները, չաղտոտէ ծովը ու չսպանէ անասունները, մենք հասկցանք որ աւելի կարեւոր է Երկրագունդը փրկել քան շատ դրամ ունենալ»
Այս նամակի հատուածի ընթերցումէն ետքը ժողովականները շարունակեցին իրենց քննարկումները ապա նիստի աւարտին Սրբազան Պապը վեհաժողովին փակումը կատարելով ուզեց իր սրտի խորին շնորհակալութիւնները փոխանցել բոլորին, ըլլայ զեկուցողներուն, ըլլայ մասնակիցներուն, դիտել տալով` որ «ձեզի շնորհիւ այսօր Առաքելական Պալատի սրահները դարձան «աստղադիտարան» մը, որ բաց է համայն աշխարհի մանկութեան իրականութեան վրայ, «մանկութիւն մը` որ դժբախտաբար յաճախ վիրաւոր, շահագործուած, ու մերժուած է» ըսաւ Ան, ակնարկելով քննարկուած հարցերուն ու առաջարկուած առաջարկներուն` ի պաշտպանութիւն մանուկներու իրաւունքներուն, «զանոնք նկատելով ոչ թիւ այլ դէմքեր» յարեց Սրբազան Պապը մատնանշելով նիստերու ընթացքին Հայր Ֆլաթասի մէկ խօսքին, որուն մէջ Ան ըսած էր «մանուկները մեզ կը դիտեն» եւ ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը շեշտեց այս կէտը ըսելով` որ մանուկները մեզ կը դիտեն որպէսզի տեսնեն թէ ինչպէս կը վարուինք»։
Սրբազան Քահանայապետը ապա յայտարարեց` որ իր կողմանէ «այս ձեռնարկին շարունակութիւն տալու ու համայն Եկեղեցւոյ մէջ զայն խթանելու միտումով պիտի պատրաստէ մանուկներուն նուիրուած առաքելական Յորդորագիր մը»։
«Անգամ մը եւս շնորհակալութիւն բոլորիդ եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրիդ։ Տէրը ձեզ օրհնէ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով իր խօսքը։
Նորին Սրբութեան արտասանած խօսքէն ետքը ընթերցումը կատարուեցաւ Վեհաժողովի եզրափակիչ յայտարարութեան ութը կէտերուն, ապա բոլոր մասնակիցները ստորագրեցին զայն, սկսեալ Ֆրանչիսկոս Պապէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ