Կ’երազեմ յոյս տուող հաղորդակցութիւն, կանգնեցնեք բառերուն պատերազմը. Ֆրանչիսկոս Պապ
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Ընկերային Հաղորդակցութեան միջոցներու համաշխարհային 59րդ օրուայ առիթով որ կը նշուի այսօր՝ 24 Յունուարին, լրագրողներու պաշտպան սուրբ` Սուրբ Ֆրանչեսքօ Տէ Սալէսի ծիսական տօնին օրը, հրապարակեց աւանդական պատգամ մը որուն մէջ քննելով տեղեկատուութեան տրամադրման ժամանակակից ուղիները, ի մասնաւորի հաստատեց, որ շատ անգամներ տեղեկատուութիւնը «կը պարզեցնէ իրականութիւնը»՝ զայն կարգախօսի վերածելով՝ «բնազդային արձագանքներ առաջացնելու» կամ «բառը սայրի պէս օգտագործելու» համար։ Աւելին՝ կը տարածուի «կեղծ կամ ճարտարօրէն աղաւաղուած տեղեկատուութիւն՝ մարդկանց հրահրելու, ցաւեցնելու, մտքերը գրգռելու համար», «ըստ շուկայական տրամաբանութեան» «իրականութեան մեր ընկալումը» փոխելու նպատակով: Յաճախ նաեւ «վախ եւ յուսահատութիւն, նախապաշարմունք եւ դժգոհութիւն, մոլեռանդութիւն եւ նոյնիսկ ատելութիւն» յառաջացնելու համար։
Հաղորդակցութիւն՝ սրտի հետ խօսելու համար
Նման պատկերի առջեւ Սրբազան Պապին յոյսն է, կամ աւելի ճիշտ երազանքն է այնպիսի «հաղորդակցութիւն, որ ունակ ըլլայ մեզ ուղեկիցներ դարձնել մեր շատ եղբայրներու եւ քոյրերու ճամբորդութեան», նորէն բորբոքէ «անոնց յոյսը, անհանգիստ ժամանակներու մէջ», խօսի «սրտերու հետ»՝ յառաջացնելով ոչ թէ զայրոյթ այլ բարեկամութիւն, «ունակ ըլլայ կեդրոնանալ գեղեցկութեան եւ յոյսի վրայ նոյնիսկ ամէնէ անյուսալի իրավիճակներուն մէջ»:
Քրիստոնէական հաղորդակցութիւնը
Սրբազան Քահանայապետը իր տեսլականի մէջ կը ներշնչուի Սուրբ Պետրոսի առաջին նամակէն, որուն մէջ Առաքեալը կը հրաւիրէ քրիստոնեաները «միշտ պատրաստ ըլլալ պատասխան տալու բոլոր անոնց, որոնք հարցում կ’ուղղեն ձեր մէջ եղած յոյսի պատճառը գիտնալու համար»։
Ֆրանչիսկոս ապա կ’առանձնացնէ քրիստոնէական հաղորդակցութեան պատգամի երեք ձեւեր. գիտնալ, թէ ինչպէս «տեսնել թաքնուած բարիքի փշրանքները, նոյնիսկ երբ ամէն ինչ կորած կը թուայ», գիտնալ, թէ ինչպէս արձագանքել Աստուծոյ սիրոյ գեղեցկութեան եւ Անոր նորութեան, գիտնալ, թէ ինչպէս հաղորդակցիլ «հեզութեան հետ»: Ապա կ’աւելցնէ՝ «կ’երազեմ այնպիսի հաղորդակցութիւն, որ պատրանքներ կամ վախեր չվաճառեր, այլ՝ կարող է տալ պատճառներ յուսալու համար»:
Յոյսի պատմութիւններ
Յոբելենական Սուրբ Տարուայ Ֆրանչիսկոս Պապի մաղթանքն է, որպէսզի Հաղորդամիջոցներու մասնագէտները, ինչպէս ոսկի որոնողները, որսան «բարութեան կայծեր», պատմութիւններ, որոնք կը լայնացնեն սրտերը եւ կ’առաջացնեն եղբայրութիւն՝ միաժամանակ վանելով անտարբերութիւնը, անվստահութիւնը, ատելութիւնը:
«Գեղեցիկ է գտնել յոյսի սերմեր եւ զանոնք ծանօթացնել» կը գրէ Սրբազան Պապը պատգամի աւարտին աւելցնելով նաեւ «Օգնէ՛ աշխարհին որպէսզի աւելի նուազ խուլ ըլլայ, նուազ անտարբեր, եւ նուազ փակ ըլլալ վերջիններուն ճիչի դիմաց»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ