Յոյսի, ներումի եւ հաշտութեան Սուրբ Ծնունդ. Ֆրանչիսկոս Պապին Ուրպի էթ Օրպի պատգամը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի 25 դեկտեմբեր 2024ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնին օրը, աւանդութեան համաձայն, Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի կեդրոնական պատշգամէն համայն աշխարհին ուղղեց Ուրպի էթ Օրպի պատգամը, Սուրբ Ծննդեան բարեմաղթանքներուն հետ միասին։
Այս առիթով Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած էին հազարաւոր ուխտաւորներ։
Քահանայապետը պատգամը սկսաւ Սուրբ Ծննդեան տօնին շնորհաւորութիւններով ապա նշեց, թէ «այս գիշեր Յիսուսին ծնունդը կը նորոգէ խորհուրդը` որ կը շարունակէ մեզ յուզել ու զարմացնել։ Սուրբ Կոյս Մարիամը ի լոյս ընծայեց Աստուծոյ Որդին, զոր հովիւները գտան մսուրին մէջ, մինչ հրեշտակները կ՜երգէին. «Փառք ի բարձումս Աստուծոյ ու մարդոց խաղաղութիւն»։
Աստուծոյ սրտին դուռը միշտ բաց է
«Այս իրադարձութիւնը որ պատահեցաւ երկու հազար տարիներ առաջ կը նորոգուի ամէն օր` շնորհիւ Սուրբ Հոգիին որ փրկութեան Խօսքը կը տանի աշխարհի իւրաքանչիւր մարդու ու կնոջ» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով, որ այսօր եւս, Բանը` որ մարմին դարձաւ, իւրաքանչիւր մարդու ու կնոջ կ՜ըսէ. «Ես քեզ կը սիրեմ, կը ներեմ, ինծի վերադարձիր, սրտիս դուռը միշտ բաց է»։
«Աստուծոյ սրտին դուռը միշտ բաց է, վերադառնանք անոր ու վերսկսինք այնտեղէն» ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով, որ Յոբելեանի Սուրբ Դուռը, զոր ինք երէկ բացաւ, կը ներկայացնէ Յիսուսը` Փրկութեան դուռ բոլորին համար, ողորմութեան դուռը` որպէսզի բոլորը Աստուծոյ վերադառնան։
«Եղբայրներ եւ քոյրեր վախ մի ունենանք դուռը բաց է, լայն բացուած. Եկէք։ Թոյլ տանք հաշտուիլ Աստուծոյ հետ ու հաշտուինք իրար միջեւ։ Աստուած կը ներէ ամէն բան, կը ներէ միշտ։ Աստուծոյ ողորմութիւնը կարող է հալեցնել որեւէ հանգոյց, կը տապալէ բաժանումի իւրաքանչիւր պատ, կը փարատէ ատելութիւնը եւ ոխի հոգին։ Եկէք։ Յիսուս խաղաղութեան դուռն է» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը դիտել տալով, թէ մենք «շատ անգամ կանգ կ՛առնենք անոր սեմին ու քաջութիւնը չունինք ներս մտնելու» ու նշեց` որ «Դռնէն մտնելը կը պահանջէ զոհողութիւն, մետ ետին թողելու վիճաբանութիւններն ու բաժանումները, մենք մեզ դնելու Մանուկի լայնատարած բազուկներուն մէջ, որ խաղաղութեան Իշխանն է»։
Քաջութիւն ունենանք մտնելու Սուրբ Դուռէն
«Այս Ծննդեան օրը, որ է սկիզբ Յոբելենական տարուան, կը հրաւիրեմ իւրաքանչիւր անձ, իւրաքանչիւր ժողովուրդ եւ ազգ, քաջութիւնը ունենալու մտնելու Դռնէն, ու դառնալու յոյսի ուխտաւոր, լռեցնելու համար զէնքերը ու յաղթահարելու բաժանումները» յարեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա յիշեց զանազան վայրերուն մէջ տեղի ունեցած հակամարտութիւններն ու ապրուած դժուարութիւնները։
Թող լռեն զէնքերը
«Թող լռեն զէնքերը Ուքրանիոյ մէջ, թող յանդգնութիւնն ունենան բանալու բանակցութիւններու դուռը, հասնելու համար արդար ու մնայուն խաղաղութեան։ Թող լռեն զէնքերը Միջին Արեւելքի մէջ։ Աչքերս ուղղուած Բեթղեհէմի օրօրոցին իմ միտքս կը յղեմ Իսրայէլի ու Պաղեստինի քրիստոնեաներուն, յատկապէս Կազայի քրիստոնեաներուն ուր մարդասիրական կացութիւնը շատ ծանր է։ Թող դադրին զէնքերը, ազատ արձակուին պատանդները, եւ օգնութիւն մատուցի անօթութենէն եւ պատերազմէ հիւծուած բնակչութեան» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը մօտիկութիւն արտայայտելով նաեւ Լիբանանի Քրիստոնեայ հասարակութեան ու նաեւ Սուրիայի քրիստոնեաներուն, մաղթելով` որ «համայն տարածաշրջանին մէջ բացուին երկխօսութեան ու խաղաղութեան դռները», յիշելով նաեւ Լիպիայի ժողովուրդը` ու քաջալերելով անոնց համար եւս որոնել լուծումներ։
Թող Փրկչին ծնունդը բերէ յոյսի ժամանակ
«Թող որ Փրկչին ծնունդը յոյսի ժամանակ բերէ Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան հազարաւոր մանուկներու ընտանիքներուն, որոնք թիրախ են կարմրուկի համաճարակին» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը յիշելով ափրիկեան այլ երկիները` Պուրքինա Ֆազոն, Մալին, Նիճերը, Մոզամպիքը, ակնարկելով այնտեղ տեղի ունեցող զինեալ հակամարտութիւններուն, ինչպէս նաեւ կլիմայական փոփոխութիւններուն եւ ահաբեկչական արարքներուն որոնք միլիոնաւոր մարդոց մահուան ու տեղահանման պատճառ են։
Ծննդեան աւետիսը մխթարութիւն բերէ
«Ծննդեան աւետիսը մխիթարութիւն թող բերէ Միանմարի բնակիչներուն...Մանուկ Յիսուսը թող ներշնչէ ամերիկեան ցամաքամասի քաղաքական իշխանութիւնները ու բարի կամքի տէր բոլոր մարդիկը, որպէսզի արդիւնաւէտ լուծումներ գտնեն խթանելու համար ընկերային ներդաշնակութիւնը ու կառուցելու հասարակաց բարիքը» եղաւ Քահանայապետին այլ մէկ կոչը։
Յոբելեանը առիթ քանդելու պատնէշները
«Յոբելեանը առիթ թող ըլլայ նաեւ քանդելու գաղափարական և ֆիզիկական պատերը, որոնք կը բաժնեն ժողովուրդները, ինչպէս Կիպրոս կղզիի յիսուն տարիէ ի վեր ապրած բաժանումը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը կոչ ուղղելով լուծումներ փնտռելու, որոնք վերջ դնեն այս բաժանումներուն՝ յարգելով բոլոր մարդկանց արժանապատուութիւնը։
Յիսուս մեզ կը սպասէ
Յիսուս Մանուկը բաց Դուռն է` որմէ հրաւիրուած ենք անցնիլ վերագտնելու համար մեր գոյութեան իմաստը եւ իւրաքանչիւր կեանքի սրբութիւնը. Ան մեզ կը սպասէ այդ դռան սեմին, կը սպասէ մեզմէ իւրաքանչիւրս յատկապէս աւելիով դիւրաբեկները` մանուկները, տարեցները, գաղթականները, բանտարկեալները ու հաւատքի համար հալածուածները։ Հրաւէր է նաեւ մեր երախտապարտութիւնը յայտնելու բոլոր անոնց` որոնք լռութեամբ կ՜աշխատին միւսներու բարիքին համար, ծնողներուն, դաստիարակներուն, բժիշկներուն, իրավապահ մարմիններուն ու միսիոնարներուն. «Բոլորին կ՛ուզեմ ըսել շնորհակալութիւն», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա մաղթեց, որ Յոբելեանը առիթ ըլլալ ներումին ու պարտքերու վերացումին, յատկապէս այն պարտքերուն` որոնք ծանրաբեռնուած են աղքատ երկիրներուն վրայ։
Կոչուած ենք ներելու, որովհետեւ Աստուծոյ Որդին եկաւ մեզ բուժելու ու ներելու
«Իւրաքանչիւրս կանչուած է ներելու, որովհետեւ Աստուծոյ Որդին, որ ծնաւ, եկաւ բուժելու եւ ներելու մեզ։ Յոյսի ուխտաւորներ, երթանք Անոր հանդիպելու։ Բանանք մեր սրտին դռները, ինչպէս ինք լայն բացաւ իր Սրտին դուռը։ Բոլորիդ անդորր եւ սուրբ Ծնունդ կը մաղթեմ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով պատգամը եւ աղօթեց Հրետակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։
Աղօթքէն ետքը Նորին Սրբութիւնը բոլորին շնորհեց Ուրպի թէ Օրպի առաքելական օրհնութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ