Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը երեխաներու եւ պատանիներու նուիրուած միջազգային օրուան առթիւ։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Այսօր՝ 20 նոյեմբերին կը նշուի երեխաներու եւ պատանիներու նուիրուած միջազգային օրը՝ ոգեկոչելու համար 1989-ին, որդեգրուած Միացեալ Ազգերու, երեխաներու, պատանիներու իրաւունքներուն մասին համաձայնագիրը, որ համարուած է պատմութեան մէջ մարդու իրաւունքներու ամենամեծ պայմանագիրը։
Այս առթիւ «Իքս» ընկերային ցանցին վրայ Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց նոր թուիթ մը նշելով.
«Քանի երեխաներ հակամարտութիւններու պատճառով զրկուած են կեանքի հիմնական իրաւունքէն եւ միտքի, ֆիզիքական ամբողջականութենէն։ Քանի երեխաներ ստիպուած են մասնակցելու կամ ականատես ըլլալու հակամարտութիւններու ու անոնց վէրքերը կրելու։ Ոչ մէկ պատերազմ կ՝արժէ մանուկներուն արցունքները», գրեց Սրբազան Հայրը։
Նշենք, թէ երեխաներու եւ պատանիներու նուիրուած միջազգային օրուան առթիւ ԻՒՆԻՍԵՖ-ի ընդհանուր տնօրէն, տիկին Քաթերին Ռասէլի հրապարակած յայտարարութեան համաձայն, 5 երեխաներու մէկը կ՝ապրի կամ ալ փախած է հակամարտութեան գօտիներէն։
«Երեխաներու մեծամասնութիւնը կ՝ապրին իրենց իրաւունքներու դէմ թշնամաբար վերաբերող աշխարհի մը մէջ ու այսօր գնահատուած է, որ աւելի քան 400 միլիոն երեխաներ, գրեթէ մէկ երեխայ՝ հինգի վրայ, կ՝ապրի կամ ալ փախած է հակամարտութեան գօտիներէն։ Շատեր սպաննուած, վիրաւորուած կամ սեռային չարաշահումի ենթարկուած են։ Շատեր կորսնցուցած են իրենց ընտանիքներն ու բարեկամները եւ բազմաթիւ երեխաներ հաւաքագրուած են զինուած խումբերու կողմէ ու կամ շատ անգամ տեղահանուած» կը նշէ ԻՒՆԻՍԵՖ-ի ընդհանուր տնօրէնը իր յայտարարութեան մէջ ուր աւելցուած է, որ Հակամարտութեան գօտիներէն անդին Երեխաներու իրաւունքները այսօր վտանգուած են աճող աղքատութեան եւ անհաւասարութեան, հանրային առողջութեան արտակարգ իրավիճակներուն եւ կլիմային փոփոխութեան հետեւանքով։
«Համաշխարհային գետնի վրայ աւելի քան մէկ միլիառ երեխաներ կ՝ապրին երկիրներու մէջ որոնք չափազանց վտանգի տակ են կլիմայի փոփոխութեան ազդեցութեան պատճառաւ։ Այսօր պէտք է ըլլայ օր մը ուր պէտք է տօնակատարենք անչափահասներու իրաւունքներուն զարգացումը ամբողջ աշխարհի մէջ, սակայն այդ իրաւունքները հարուածի տակ են ու դա պէտք չէ յուսալքումի մատնէ, այլ պէտք է աւելի վճռական դարձնէ ՝ ապահովուելու որ անչափահասներուն եւ պատանիներուն իրաւունքներուն համաձայնութիւնը պահպանուի իւրաքանչիւր երեխայի համար», նշեց ԻՒՆԻՍԵՖԻ տնօրէնը իր յայտարութեան մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ