Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ զարգացման համար իրաւունքի միջազգային կազմակերպութեան նախագահը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ զարգացման համար իրաւունքի միջազգային կազմակերպութեան նախագահը  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Արդարութիւնն ու օրէնքի գերակայութիւնը կը կառուցեն խաղաղութեան աշխարհ մը»

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը օրէնքի զարգացման համար միջազգային կազմակերպութեան ժողովին մասնակիցներուն անդամներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը ուղղեց օրէնքի զարգացման համար միջազգային կազմակերպութեան կուսակցութիւններուն ընդհանուր ժողովին մասնակիցներուն, որ նախաձեռնուած է կազմակերպութեան հիմնադրութեան 40-րդ ամեակի առիթով։

Պատգամին սկիզբը Սրբազան Հայրը ողջունեց հանդիպումի մասնակիցները ապահովուելով իր աղօթքը, որպէսզի ժողովէն բխած արդիւնքները պտուղ տան եւ ամրապնդեն ժողովուրդներու միջեւ կապերը, պահպանէ հասարակաց տունը, եւ պաշտպանէ բոլոր անոնք, որոնց արժանապատուութիւնը ոտնահարուած են։

Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ բարձր գնահատեց միջ կառավարական կազմակերպութեան նուիրումը իրաւունքի գերակայութեան խթանման, յառաջ տանելու համար խաղաղութիւնն ու կայուն զարգացումը՝ խրախուսելով տարբեր նախաձեռնութիւններ՝ արդարութիւնը բոլորին հասանելի դարձնելու նպատակաւ։

Անդրադառնալով ապա աշխարհի ներկայ կացութեան, որ յատկանշուած է փոխկապակցուած լուրջ ճգնաժամերով, լեցուն է բռնութիւններով, կլիմայի փոփոխութեան կապուած խնդիրներով, Սրբազան Հայրը շտապ նկատեց արդարութեան զօրակցութիւնը հիմնուած անձերուն վրայ, նպատակ ունենալով հզօրացնել խաղաղ, արդար եւ ներառական համայնքներ։

«Իրաւունքի գերակայութիւնը կարող է էական դեր խաղալ համաշխարհային ճգնաժամերուն լուծման աշխատանքէն ներս, վերականգնելով վստահութիւնն ու օրինաւորութիւնը հանրային կառավարման մէջ, պայքարելով անհաւասարութիւններուն դէմ, խթանելով անձերուն բարգաւաճումը, նպաստելով անոնց հիմնական իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը, զարգացնելով անոնց համապատասխանող համագործակցութիւնը որոշումներուն կայացման գործընթացներուն եւ դիւրացնելով օրէնքներու եւ քաղաքականութիւններուն զարգացումը, որոնք կը համապատասխանեն անոնց էական պահանջներուն, այսպէսով խթանելով աշխարհը մը ստեղծումը ,որուն մէջ ողջ մարդ էակները վերաբերուած են արժանապատուութեամբ եւ յարգանքով» նշեց Սրբազան Հայրը Ան ապա պատգամը եզրափակեց գնահատելով վերոյիշեալ կազմակերպութեան գործունէութիւնը՝ կլիմայի արդարութեան զարգացման, տարածաշրջանին կառավարման բարելաւման եւ բնական աղբիւրներուն կայուն օգտագործման աշխատանքներուն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/11/2023, 14:16