Արուեստը նոր կեանք կու տայ մարդու ոգիին, ինչպէս ջուրը կը վերակենդանացնէ չոր ու ամայի անապատը․ Ֆրանչիսկոս Պապ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 9 Նոյեմբեր 2023-ին Քլեմենթինա դահլիճէն ներս ընդունեց Վատիկանի թանգարաններու շուրջ 300 «Patrons of the Arts - Արուեստի Հովանաւորներուն», որոնց ուղղած իր ողջոյնի խօսքին սկիզբը Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Վատիկանի թանգարաններու գեղարուեստական եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ վերականգնման կարեւոր գործին մէջ համագործակցութեան համար»։
Աշխատանք, որ ըստ Քահանայապետի կը նպաստէ պաշտպանելու անցեալի թանկարժէք ժառանգութիւնը, կը հրաւիրէ միաժամանակ նոր սերունդներուն խորհելու արուեստի, պատմութեան, մշակոյթի եւ հաւատքի միջեւ ներքին կապի մասին:
«Արուեստը եւ յատկապէս կրօնական արուեստը կարող է ողորմութեան, կարեկցանքի եւ քաջալերանքի ուղերձ հասցնել ոչ միայն հաւատացեալներուն, այլեւ անոնց, որոնք կասկածներ ունին, իրենք իրենց կորսուած, վարանոտ կամ գուցէ եւ միայնակ կը զգան», շարունակեց Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով.
«Քանզի արուեստը միշտ կը խօսի հոգիին հետ։ Ան կարողութիւնը ունի խթանելու մեր ընդհանուր մարդկութեան ճանաչումը, կամուրջներ կառուցելու մշակոյթներու եւ ժողովուրդներու միջեւ եւ ստեղծելու զօրակցութեան զգացում, որու կարիքն այնքան շատ ունինք պատերազմներէն ցաւալիօրէն պառակտուած եւ քայքայուած մեր աշխարհին մէջ: Արուեստը նոր կեանք կու տայ մարդու ոգիին, ինչպէս ջուրը կը վերակենդանացնէ չոր ու ամայի անապատը», պնդեց Ֆրանչիսկոս Պապը։
Ան հաստատեց ապա, որ Հովանաւորներու քառասնամեայ պատմութիւնը ներշնչուած է ոչ միայն արուեստներու հանդէպ սիրով, այլեւ այն համոզմունքով, որ իւրաքանչիւր սերունդ հաւաքական պատասխանատուութիւն ունի պահպանելու եւ պաշտպանելու մեզի վստահուած անգին ժառանգութիւնը:
Սրբազան Քահանայապետը ի վերջոյ վերահաստատեց իր երախտագիտութիւնը ներկաներուն եւ ամենայն գեղեցկութեան, ճշմարտութեան եւ բարութեան յաւերժական աղբիւր՝ ամենակարող Աստուծոյ օրհնութիւնը բաշխեց անոնց վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ