«Կանանց նկատմամբ բռնութիւնը թունաւոր մոլախոտ է, որ պէտք է արմատախիլ ըլլայ». Ֆրանչիսկոս Պապ
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
«Կանանց նկատմամբ բռնութիւնը թունաւոր մոլախոտ է, որ կը տառապեցնէ մեր հասարակութիւնը, և զոր պէտք է արմատներէն վերացնել: Այս արմատները կ՛աճին նախապաշարումներու և անարդարութեան հողին վրայ, անոնց պէտք է հակադարձել դաստիարակչական գործողութեամբ, որ որպէս կեդրոն ընտրէ անհատը եւ անոր արժանապատուութիւնը»։
Այս խօսքերը պարունակութիւնն են Ֆրանչիսկոս Պապին «ԻՔՍ» ընկերային ցանցին վրայ կատարած գրառումին ու քաղուած են Անոր անցեալ 9 նոյեմբերին կազմակերպուած կանանց նկատմամբ բռնութեան դէմ համազգային արշաւին առիթով յղած պատգամէն։
«Այնտեղ` ուր կայ գերիշխանութիւն, կայ չարաշահում: Այն բանը որ բանտարկեալներ կը պահանջէ սէր չէ։ Տէրը մեզ կ՛ուզէ որ մենք ազատ ըլլանք եւ լի արժանապատւութեամբ։ Կանանց ֆիզիկական և հոգեբանական բռնութեան աղէտին ի տես՝ հրատապ անհրաժեշտութիւն կա վերագտնելու արդար և հաւասարակշռուած յարաբերութիւններու ձևերը՝ հիմնուած փոխադարձ յարգանքի և ճանաչման վրայ» գրած էր ի միջի այլոց վերոնշեալ պատգամին մէջ Քահանայապետը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ