Որոնել

Այսօր ալ ինչպէս անցեալին պատերազմը անմեղ կեանքեր կը խլէ` Տիրոջմէ հայցենք խաղաղութիւնը. Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը, 2 նոյեմբերին օր մեռելոցի սուրբ Պատարագը մատուցեց Հռոմի «War Cemetery» գերեզմանատան մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 2 նոյեմբերին ըստ լատինաց օր մեռելոց է ու Ֆրանչիսկոս Պապը որոշած էր ննջեցեալներուն նուիրուած Սուրբ Պատարագը մատուցանել Հռոմի «Rione Testaccio» շրջանին մէջ գտնուող համաշխարհային Բ պատերազմի զոհերուն նուիրուած «Rome War Cemetery» գերեզմանատան մէջ։

Այս առիթով իր արտասանած քարոզին մէջ Քահանայապետը նշեց, թէ այս օրուան յիշատակութիւնը մեզի կը մղէ երկու մտածումներու` յիշատակութիւն եւ յոյս։

Ննջեցեալներուն նուիրուած սուրբ պատարագ
Ննջեցեալներուն նուիրուած սուրբ պատարագ

«Յիշատակութիւն անոնց` որոնք մեզմէ առաջ եկան եւ աւարտեցին իրենց կեանքը եւ այժմ կը գտնուին Աստուծոյ ողորմութեան ներքոյ, ապա յոյս` նայելու դէպի յառաջ» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը հրաւիրելով Տիրոջմէ հայցել յոյսին շնորհքը` յոյսը որ յուսախաբ չի թողուր, որ մեզի կ՛օգնէ լուծելու հարցերը ու ելքի ճանապարհ գտնելու անոնց համար։

«Եւ յիշատակութեան ու յոյսի միջեւ կայ լարուածութիւն մը» յարեց ապա Ան ակնարկելով` թէ գերեզմանատան մուտքին ինք նկատած էր որ ննջեցնելներուն մեծամասնութեան տարիքը 20էն 30ի կը հասնէր։

Ննջեցեալներուն նուիրուած սուրբ պատարագ
Ննջեցեալներուն նուիրուած սուրբ պատարագ

«Կոտրուած կեանքեր, առանց ապագայի կեանքեր։ Մտածեցի անոնց ծնողներուն, անոնց մայրերուն, որոնք ընդունեցան նամակը, ուր գրուած է թէ իրենց զաւակը հերոս է։ Այո հերոս, բայց զայն ինձմէ խլեցին։ Որքան արցունք, որքան կործանուած կեանքեր» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով, թէ այս մէկը զինք կը մղէ մտածելու նաեւ այսօրուայ պատերազմներուն։

Ննջեցեալներուն նուիրուած սուրբ պատարագ
Ննջեցեալներուն նուիրուած սուրբ պատարագ

«Այսօր ալ կը պատահի նոյնը, բազմաթիւ երիտասարդներ...աշխարհի պատերազմներուն մէջ, ըլլայ մօտիկ` ինչպէս Եւրոպայի մէջ, կամ հեռու...բազմաթիւ մահեր։ Կեանքը կը կործանուի առանց ի միտ ունենալու այս մէկը։ Այսօր մտաբերելով ննջեցեալները, Տիրոջմէ հայցենք խաղաղութիւնը, որպէսզի մարդիկ իրար չսպանեն պատերազմներով։ Բազմաթիւ անմեղներ կը մեռնին, բազմաթիւ զինուորներ պատերազմի դաշտին վրայ կը թողուն իրենց կեանքը։ Եւ այս մէկը ի՞նչու։ Պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է։ Միշտ։ Չկայ յաղթանակ, ոչ։ Անոր ետին կայ միայն պարտութիւն» յարեց Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց աղօթել Տիրոջ` ննջեցեալներուն համար ու նաեւ որպէսզի Ան ողորմէ մեզի ու մեզի պարգեւէ յոյսը` «յոյսը յառաջ ընթանալու եւ օր մը բոլորս միասին միանալու ննջեցեալներուն հետ, Տիրոջ մօտ, երբ Ան մեզ ալ պիտի կոչէ» ըսաւ Քահանայապետը եզրափակելով քարոզը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/11/2023, 10:56