Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ հրէական Ռափունապետերու կազմակերպութեան պատուիրակութեան անդամներու հետ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ հրէական Ռափունապետերու կազմակերպութեան պատուիրակութեան անդամներու հետ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Երկխօսութիւնը խաղաղութիւն կը կերտէ, ոչ թէ վրէժխնդրութիւն ոչ ալ ռազմական ատելութիւն»

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Conference of European Rabbis հրէական կազմակերպութեան պատուիրակութեան մաս կազմող անդամները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 6 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Conference of European Rabbis հրէական կազմակերպութեան պատուիրակութեան մաս կազմող անդամները։

Հանդիպումին սկիզբը Սրբազան Հայրը ողջունելէ եւ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք այցելութեան համար ներկաներուն փոխանցեց պատրաստուած իր գրաւոր պատգամը նշելով, «պատահական է, որ իմ առողջութիւնս վատ ըլլայ ու ասոր համար կը նախընտրեմ չկարդալ պատգամը այլ զայն յանձնեմ, որպէսզի ձեր հետ տանիք։

Հրէական կազմակերպութեան անդամներուն յանձնած գրաւոր պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նախ շնորհակալութիւն յայտնած է սոյն այցելութեան համար դիտել տալով, որ անցեալին եւս Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցած է միեւնոյն կազմակերպութեան անդամներուն հետ եւ ուրախ է, որ Վատիկանի եւ յիշեալ կազմակերպութեան միջեւ յարաբերութիւնը աճումի մէջ է։

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը կեդրոնացնելով Սուրբ Երկրի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վրայ գրեց.

«Այս կործանումի ժամանակաշրջանին մենք քրիստոնեաներս կանչուած ենք՝ բոլորին համար եւ նախ եւ առաջ բոլորին՝ կառուցելու եղբայրութիւնը եւ բանալու համերաշխութեան ուղիներ, Ամենաբարձեալին անունով ինչպէս կ՝ըսէ մարգարէն, « Ունի խաղաղութեան ծրագիրներ եւ ոչ թէ դժբախտութեան»։ (Երեմիա 29, 11) գրեց Սրբազան Հայրը շեշտելով թէ «Ոչ զէնքերը, ոչ պատերազմը, ոչ ահաբեկչութիւնը այլ գթութիւնը, արդարադատութիւնը եւ երկխօսութիւնը համապատասխանող միջոցներ են խաղաղութիւն հաստատելու համար»

Երկխօսութեան արուեստը

«Մեզի քրիստոնեաներուս համար հրէականութեան հետ երկխօսութիւնը յատուկ կարեւորութիւն ունի, որովհետեւ ունինք միեւնոյն արմատները։ Յիսուս ծնաւ եւ ապրեցաւ որպէս Հրէա։ Ան քրիստոնէութեան մէջ հրէական ժառանգութեան երաշխաւորն է եւ մենք, որ Քրիստոսի կը պատկանինք, իրեն կարիքը ունինք ինչպէս նաեւ ձեր կարիքը, պէտքը ունինք հրէականութեան՝ մենք մեզի լաւ հասկնալու համար։ Երկու կրօնական աւանդութիւնները սերտօրէն կապուած են, գրեց Սրբազան Հայրը ու այս կապակցութեամբ յիշեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի խօսքը արտասանած Հռոմի հրէական տաճար այցելութեան ժամանակ «հրէական կրօնքը արտաքին չէ այլ որոշ ձեւով ներքին է մեր կրօնքին մէջ։ Ձեզ կը կոչեմ մեր սիրելի եղբայրներ, մեր աւագ եղբայրներ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ նկատել տուաւ, որ կարելի է ըսել թէ Հրէաներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ երկխօսութիւնը միջ կրօնային երկխօսութիւն ըլլալէ աւելի ընտանեկան երկխօսութիւն է։

«Սիրելի եղբայրներ, մենք կապուած ենք մէկը միւսին հետ մէկ Աստուծոյ առջեւ։ Մենք միասնաբար կանչուած ենք երկխօսութեամբ վկայելու Անոր խօսքը եւ մեր վարմունքով Անոր խաղաղութիւնը։ Պատմութեան եւ կեանքի Տէրը մեզի քաջութիւն, համբերութիւն թող շնորհէ զայն կատարելու համար։ Շալոմ» գրած է Սրբազան Հայրը գրաւոր պատգամին աւարտին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2023, 11:30