Փորձեցէք բարիք գործելու ատեն անհետանալ խոնարհութեամբ, որպէսզի ձեր ըրածին մէջ յայտնուի միայն Տէրը․ Ֆրանչիսկոս Պապ
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
Այսօր՝ 6 Նոյեմբեր 2023ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քլեմենթինա դահլիճէն ներս ընդունեց «Առաքելական Ողորմութեան Եղբայրութիւն» միաբանութեան եւ «Ճելայի Ողորմութեան Փոքրիկ Տուն» համայնքին շուրջ 300 անդամները՝ վերջիններուս համապատասխանաբար ԻԵ եւ Ժ տարեդարձներու կապակցութեամբ։
Անոնց ուղղած իր պատգամին սկիզբը Պապը ընդգծեց այն բարեգործութիւնները որոնց օգնութեամբ այդ եկեղեցական համայնքներու անդամները լուծած են բազմաթիւ կարիքներ եւ խթանած տարբեր նախաձեռնութիւններ՝ յատկապէս յօգուտ անտեսուածներուն ու աւելիով կարիքաւորներուն, «որոնց հանդիպելով չեն շրջանցած, այլեւ կանգ առած, գթացած եւ խնամած են զանոնք (հմմտ․ Ղուկաս 10.25-37) ՝ ստեղծագործութեամբ, քաջութեամբ եւ առատաձեռնօրէն», շեշտեց Ֆրանչիսկոսը։
Ասկէ մեկնելով Ան քաջալերեց ներկաները շարունակել այդ նոյն ուղիով եւ ամէն ինչ ընել միայն մէկ ցանկութեամբ. «որպէսզի մարդիկ, որոնք ձեզի կը հանդիպին, հասնին Տիրոջ ճանաչողութեան»:
«Փորձեցէք բարիք գործելու ատեն անհետանալ, խոնարհութեամբ, որպէսզի ձեր ըրածին մէջ յայտնուի միայն Տէրը եւ բոլորը հասնին Անոր», յորդորեց Սրբազան Քահանայապետը եւ բացատրեց այդ ընել` այնպէս, ինչպէս ծնողը, ընկերը, հարազատը ինքնաբուխ կերպով ներկայ կը գտնուին երբ կարիքի մէջ ենք, եւ այդ մէկը չնկատուելու աստիճան «սովորական» կը թուայ։
Այնպէս ինչպէս Աստուած կը սիրէ մեզի՝ խոնարհ վեհանձնութեամբ, ակնթարթ առ ակնթարթ՝ տալով մեզ ամէն ինչ՝ փոխարէնը ոչինչ չակնկալելով, ընդգծեց ապա Նորին Սրբութիւնը եւ խրախուսեց յառաջանալ այդ ոճով, ապա՝ ինչպէս միշտ, խնդրեց չմոռնալ աղօթել իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ