Ֆրանչիսկս Պապ եւ Ֆրանսայէն ժամանած խումբ մը հաւատացեալներ Ֆրանչիսկս Պապ եւ Ֆրանսայէն ժամանած խումբ մը հաւատացեալներ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Սեռային չարաշահումի զոհերուն. ձեր ողբերգութեան մասին լռութիւնը կը կոտրուի ձեզ ունկնդրելով

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց կղերականներու կողմէ սեռային չարաշահումներուն ենթարկուած Ֆրանսայէն ժամանած խումբ մը անձնաւորութիւններ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 28 նոյեմբերին, Վատիկանի Սանթա Մարթա Տան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ֆրանսայի Նանթ թեմէն ժամանած պատուիրակութիւն մը, որուն անդամները իրենց փոքրիկ տարիքին, սեռային չարաշահումներուն ենթարկուած են կղերականներուն կողմէն, ընկերակցութեամբ իրենց հասարակութեան մի քանի կղերականներուն։

Նշենք, որ վերոյիշեալ պատուիրակութեան անդամները հանդիպում ունեցան քահանայապետական անչափահասներու պաշտպանութեան յանձնաժողովին անդամներուն հետ, կազմակերպութեան յատկացուած Maffei Marescotti պալատէն մէջ։ Հանդիպումին ընթացքին կարդացուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը, որուն սկիզբը սրբազան հայրը, կ՝ընդգծէ թէ բռնութեան եւ չարաշահումի միջոցով երեխաներուն իրաւունքներուն ոտնահարումը դաւաճանութիւն է Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած մեր մարդկութեան։

Նորին Սրբութիւնը ապա կը նշէ, թէ ինք երեխաներուն պաշտպանութեան յանձնաժողովէն խնդրած է, որ ունկնդրեն չարաշահումի ենթարկուած անձերուն խօսքերը եւ հաւաքել անոնց վկայութիւնները, որպէսզի կարողանան զօրացնել եւ ներշնչել ընդհանուր յանձնառութիւնը՝ արմատախիլ ընելու  եկեղեցիներէն եւ հասարակութիւններէն ներս բոլոր չարաշահումները»գրած է Պապը պատգամին մէջ։

Ունկնդրել այն ինչ, որ զոհերը ապրեցան ու ըսելիքներ ունին

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել կու տայ, որ լռութիւնը կարելի է կոտրել՝ եթէ գործօն եւ յարգելի բացում ըլլայ զոհերու եւ վերապրողներուն ըսածներուն դիմաց։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց վերանորոգելով եկեղեցիներուն անսակարկելի յանձնառութիւնը պաշտպանական քաղաքականութիւններուն իրականացման եւ ստուգութեան յանձնառութիւնը՝ կղերի եւ կրօնաւորներու մարդկային կազմաւորման մէջ, ինչպէս նաեւ դպրոցներու մէջ ապահով միջավայրեր փնտռելու մէջ։

Նորին Սրբութիւն շնորհակալութիւն յայտնեց հաւատացեալներուն անոնց քաջութեան եւ դիմադրութեան համար, վստահեցնելով որ իրենց ձայները լսելի պիտի դառնան։

.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/11/2023, 10:32