Ֆրանչիսկոս Պապ. Շտապ անհրաժեշտ է մտածելակերպի փոփոխութիւնը պատերազմներու, կլիմայի եւ գաղթականութեան ճգնաժամերուն վերջ դնելու համար։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Evangelii Gaudium «Աւետարանի Ուրախութիւն» առաքելական յորդորագիրին 10-րդ տարեդարձին առիթով գումարուեցաւ գիտաժողով մը՝ նախաձեռնութեամբ Սուրբ Աթոռի մարդկային համապարփակ ծառայութեան համար վերատեսչութեան։
Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը գիտաժողովի մասնակիցներուն յղեց պատգամ մը որուն մէջ շեշտը դրաւ այն իրողութեան վրայ որ «լոկ՝ եթէ լսենք երկրի եւ աղքատներուն՝ յաճախ խեղդուած աղաղակը այն ժամանակ պիտի կարենանք կատարել աւետարանումի առաքելութիւնը, ապրիլ Յիսուսի մեզի առաջարկած կեանքը եւ նպաստել լուծելու մարդկութեան ծանր հարցերը»։
Սիրոյ պարտքը աղքատներու նկատմամբ
Նորին Սրբութիւնը կը նշէ թէ Աւետարանումի առաքելութիւնը եւ քրիստոնէական կեանքը «չեն կրնար անտեսել աղքատները», որովհետեւ «փրկութեան» բոլոր ուղեւորութիւնը «նշուած է աղքատներով»։
Օրինակ ունենալով Աստուածամայրը, որ աղքատ ծնաւ եւ Յիսուսը որ կենդանիներու եւ ախոռի մէջ ծնաւ, Նորին Սրբութիւնը երբեք չդադրիր աղքատները կեդրոն զետեղելէ, դիտել տալով որ «դա քաղաքականութիւն, ընկերաբանութիւն, գաղափարապաշտութիւն չէ այլ պարզապէս աւետարանի պահանջնը»։
Անհաւասարութիւնը ընկերութեան չարիքներուն արմատը
Նորին Սրբութիւնը կ՝ընդգծէ, թէ «Աղքատներու նկատմամբ գործօն սիրոյ մէջն է, որ կը գտնենք ներկայ աշխարհի մեծ վտանգի բուժումը՝ իր սպառումի բազմակի եւ ճնշող առաջարկով», ինչպէս արդեն նշուած է նաեւ «Աւետարանի Ուրախութիւն» յորդորագիրին մէջ, «Աղքատներու նկատմամբ գործօն սէրը, անհրաժեշտ պայման է «աղքատներուն հիմնախնդիրները եւ այլ հարցերը լուծելու, որովհետեւ «անհաւասարութիւնը ընկերային չարիքներուն արմատն է» կը նշէ Սրբազան Հայրը
Նոր մտայնութիւն մը
Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապu անհրաժեշտ կը համարէ մտածել «համայնքային առումով» եւ «բոլորին կեանքի առաջնահերթութեան» մասին, եւ ապրիլ զօրակցութիւնը իբրեւ որոշում, աղքատներու վերադարձնելու այն ինչ, որ անոնց կը համապատասխանէ», գրած է Սրբազան Հայրը ուր նկատել կու տայ նաեւ «Յարգելով իւրաքանչիւր ազգի մշակոյթն ու անկախութիւնը, պէտք է միշտ յիշել, որ երկրագունդը կը պատկանի ողջ մարդկութեան եւ ողջ մարդկութեան համար։ Սրբազան Հայրը կը յորդորէ «ականջները բանալ աղքատներուն եւ այլ ժողովուրդներուն դիմաց ինչպէս նաեւ մեր Երկրի բոլոր տարածաշրջաններուն»։
Նոր ընկերային կառոյցներ
Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով կառոյցներու մասին կը նշէ « կառոյցները պէտք են հրաժարիլ շուկաներու բացարձակ ինքնավարութիւնէն եւ ֆինանսական շահադիտութենէ եւ դէմ կանգնիլ անհաւասարութեան կառուցուածքային պատճառներու դիմաց եւ տնտեսական քաղաքականութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ մարդկային կեանքի, ընդհանուր բարիքի արժանապատւութեան վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ