Որոնել

2023.11.19 Angelus

Խաղաղութիւնը կարելի է, բարի կամք պէտք է, պատերազմէն շահ ունին միայն զէնք արտադրողները. Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը յիշեց Սիվիլիա քաղաքի մէջ եռանելի հռչակուած նահատակները, Միանմարի մէջ բռնութիւնները, մարտիրոս Ուքրանիան եւ Սուրբ Երկիրը, ձկնորսութեան Օրը եւ Աղքատներու համաշխարհային Օրը, աղօթք խնդրելով նաեւ ճանապարհներու զեհերուն համար
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 19 նոյեմբերի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին խօսքը ուղղելով աղօթքին մասնակցող Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն նախ յիշեց երէկ Սպանիայի Սիվիլիա քաղաքին մէջ Երանելի հռչակուած` թեմական քահանայ Մանուել Կոնզալէս-Սերնան եւ անոր 19 ընկերները, կղերական եւ աշխարհական, որոնք սպանական քաղաքացիական պատերազմի բերումով կրօնական հալածանքներու ընթացքին սպաննուեցան 1936 թուականին։

Նոր Երանելիներ` հաւաքի վկաներ

«Այս մարտիրոսները Քրիստոսը վկայեցին մինչեւ վերջ։ Անոնց օրինակը թող մխիթարութիւն ըլլայ մեր ժամանակուայ բազմաթիւ քրիստոնեաներուն, որոնք հաւատքի համար ենթարկուած են խտրականութեան» ըսաւ Քահանայապետը ծափահարութիւն խնդրելով նոր երանելիներուն համար։

Աղօթք խաղաղութեան համար

Սրբազան Քահանայապետը նորոգեց ապա իր մօտիկութիւնը Միանմարի բնակչութեան որ, ըսաւ Ան, կը շարունակէ տառապիլ բռնութիւններու եւ չարաշահումներու պատճառաւ։ «Կ՛աղօթեմ որպէսզի յուսահատութեան չի մատնուիք եւ միշտ վստահութիւն ունենաք Տիրոջ օգնութեան վրայ» յարեց Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց շարունակել աղօթել մարտիրոս Ուքրանիոյ համար ինչպէս նաեւ Պաղեստինի եւ Իսրայէլի մէջ խաղաղութեան համար։

Խաղաղութիւնը կարելի է

«Խաղաղութիւնը կարելի է։ Բարի կամք պէտք է։ Խաղաղութիւնը կարելի է։ Չի յանձնուինք պատերազմին։ Եւ չմոռնանք, որ պատերազմը միշտ, միշտ պարտութիւն է. Անորմէ շահ կը քաղեն միայն զէնք արտադրողները» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Աղքատներու համաշխարհային օրը

Ան ապա յիշեց, թէ այսօր կը յիշատակուի Աղքատներու Համաշխարհային Եօթներորդ Օրը, որուն բնաբանն է «հայեացքդ մի շեղեր աղքատէն» եւ ասկէ մեկնելով շնորհակալութիւն յայտնեց թեմերուն ու ժողովրդապետութիւններուն, որոնք օրուան առիթով զօրակցութեան ձեռնարկներ կազմակերպեցին ընտանիքներուն ու այն անհատներուն համար, որոնք դժուարութիւն ունին յառաջ ընթանալու։

Աղօթք ճանապարհներու զոհերուն համար

«Այսօր յիշենք նաեւ ճանապարհներու զոհերը, աղօթենք անոնց համար, անոնց ընտանիքներուն համար ու յանձնառու ըլլանք կանխարգիլելու ճանապարհային արկածները», ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը յիշելով նաեւ միւս օր յիշատակուող ձկնորսութեան համաշխարհային օրը։

Ան ապա ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու տարբեր խումբերը բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ ինչպէս միշտ խնդրելով, որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/11/2023, 12:40