Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Սրբավայրերու մեծաւորներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ Սրբավայրերու մեծաւորներուն հետ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Սրբավայրերու մէջ լաւ ընտրել բարի խոստովանահայրեր. ոչ մէկ խոչնդոտ ներումի համար»

Ֆրանչիսկոս Պապ Պապ ընդունեց Վատիկանի մէջ գումարուած Մեծաւորներու եւ սրբավայրերու ծառայողներու միջազգային Բ հանդիպումի մասնակիցները

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 11 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սրբավայրերու մեծաւորներու եւ ծառայողներու միջազգային Բ հանդիպումի մասնակիցները ու անոնց ուղղեց պատգամ մը, որուն առանցքը կազմեց Սրբավայրերը, «որոնք յատուկ վայրեր են, ուր Աստուծոյ հաւատարիմ Սուրբ Ժողովուրդը կը հաւաքուի աղօթելու համար, մխիթարուելու եւ վստահութեամբ ապագային նայելու»։

Անդրադառնալով սրբավայրերու մէջ աղօթքի կարեւորութեան, սրբազան Հայրը նախհրամայական նկատեց, որ բոլոր սրբավայրերը աղօթքի առանձնայատուկ վայրեր դառնան ապա ընդգծեց խոստովանահայրերու բարի զատորոշումը, որպէսզի խոստովանողները խոչընդոտներ չգտնեն ճշմարիտ եւ լիարժէք հաշտութիւն ապրելու համար։ «Խոստովանանքի խորհուրդը միշտ ներել է միշտ ներել», ըսաւ Ան։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ կարեւոր համարեց նաեւ սրբավայրերու մէջ երկրպագութեան յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերելը յայտնելով, որ հաւատացեալները սրբավայր կ՝երթան մխիթարուելու համար։ «Մխիթարութիւնը վերացական գաղափար մը չէ, ան նախ եւ առաջ կազմուած չէ բառերով, այլ քնքուշ եւ կարեկցող մօտիկութեամբ մը որ կը ներառէ ցաւ եւ տառապանք։ Կարեկցող եւ քնքուշ մօտիկութիւն։ «Սա էԱստուծոյ ոճը մօտիկ, կարեկցող եւ քնքուշ»,։ ըսաւ Սրբազան Հայրը

Սրբավայր կ՝երթանք ապագային աւելի մեծ յոյսով նայելու համար

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ ուխտաւոր մը կարիքը ունի յոյսի եւ զայն կը գտնէ միեւնոյն ուխտաւորի ժեսթին մէջ, ան ուղեւորութեան մէջ կը մտնէ փնտռելու համար հասնելիք աւելի ապահով վայր մը։ Ուխտաւորը յոյս կը հայցէ իր աղօթքով, որովհետեւ գիտէ, թէ պարզ եւ խոնարհ հաւատքէ մը կրնայ շնորհք ստանալ որուն կարիքը ունի։ Հետեւաբար անհրաժեշտ է որ ուխտաւորը վերադառնալով իր տունը ինքզինք հանգստութեամբ լի զգայ, որովհետեւ յոյսը Աստուծոյ վրայ դրաւ։ «Հաճեցէք չմոռնալ ուխտաւորները լաւ հիւրընկալել», ըսաւ Ան

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց յիշելով 2024 տարին՝ 2025 յոբելինական սուրբ տարուան ի պատրաստութիւն որ ամբողջութեամբ նուիրուած է աղօթքի եւ այս կապակցութեամբ պիտի հրապարակուին գիրքեր, որոնք կ՝օգնեն բացայայտելու աղօթքի կեդրոնականութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց սիրտանց աղօթել եւ ոչ թէ թութակի նման։

Ան պատգամը աւարտեց մաղթելով, որ բոլոր սրբավայրերէն Տիրոջ համար գոհութեան երգեր բարձրանան մեր օրերու կատարած հրաշալիքներուն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/11/2023, 12:10