Ֆրանչիսկոս Պապին նոյեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը «Աղօթեցէք ինծի համար թող Տէրը զիս օրհնէ»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Պապին աղօթքի համաշխարհային ցանցին մէջ հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Նոյեմբեր ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան մասին տեսերիզը։ Այս առնչութեամբ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, որ Ֆրանչիսկոս Պապը նոյեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ իր սիրտը կը բանայ ու կը խոստովանի թէ կարիքը ունի հաւատացեալներու աղօթքին՝ յառաջ տանելու համար իրեն վստհաուած առաքելութիւնը։
Նոյեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան մասին հրապարակուած տեսերիզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ .
Խնդրեցէք Տիրոջմէ, որ զիս օրհնէ,
Ձեր աղօթքները ինծի ուժ կու տան ու կ՝օգնեն զատորոշելու եւ առաջնորդելու եկեղեցին, անսալով Սուրբ Հոգիին։
Պապ ըլլալը չնշանակեր կորսնցնել իւրայատուկ մարդկային յատկութիւնը, ընդհակառակը մարդասիրութիւնս ամէն օր առ աւելի կ՝աճի Աստուծոյ սուրբ եւ հաւատարիմ ժողովուրդին հետ։
Որովհետեւ Պապ ըլլալը է նաեւ գործընթացք մը։ Գիտակից կը դառնայ, թէ ինչ կը նշանակէ հովիւ ըլլալ։
Եւ այս գործընթացքին մէջ կը սորվինք աւելի եղբայրասէր, ողորմասէր, յատկապէս աւելի համբերատար ըլլալ, ինչպէս Մեր Հայր Աստուածը որ այսպէս համբերող է։
Կրնամ երեւակայել որ բոլոր Պապերը իրենց հովուապետութեան սկիզբը ունեցան վախի, գլխապտոյտի զգացումը, իմանալով որ խստօրէն պիտի դատուին։
Որովհետեւ Տէրը մեզմէ՝ եպիսկոպոսներէս պիտի խնդրէ, որ լուրջ հաշիւ տանք մեր արարքներու մասին։
Հաճեցէք ձեզմէ կը խնդրեմ բարեացակամութեամբ դատել։ Եւ աղօթել որպէսզի քահանայապետը ով որ ըլլայ ան, այսօր իմ հերթս է, ստանայ Սուրբ հոգիին օգնութիւնը եւ հնազանդ ըլլայ այդ օգնութեան։
Աղօթենք Պապին համար, որպէսզի իր առաքելութեան գործին մէջ շարունակէ հաւատքով ընկերանայ Յիսուսին կողմէ իրեն յանձնուած հօտին, միշտ Սուրբ Հոգիին օգնութեամբ։
Լռութեան մէջ կատարենք ինծի համար այս աղօթքը։ Եւ Հաճեցէք աղօթել ինծի համար»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ