Ֆրանչիսկոս Պապ. «Պէտք է ամէն ինչ կատարել, որպէսզի դադրի սպառազինութիւններու մրցավազքը»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը պատգամ մը յղեց, 25-28 հոկտեմբերին, Իտալիոյ Էմիլիա մարզի Մոտենա եւ այլ քաղաքներուն մէջ նշուելիք գաղթականութեան միջազգային 8-րդ փառատօնի մասնակիցներուն։
Պատգամին սկիզբը Սրբազան Հայրը ողջունեց «Ազատ մեկնիլ եւ ազատ մնալ» խորագիրով գաղթի փառատօնին մասնակիցները ապա իր գնահատանքը յայտնելով փառատօնի կազմակերպիչներուն, որոնց շարքին Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին գաղթականութեան հիմնադրամը, բարձր արժեւորելով գաղթականութեան քաղաքականութեան եւ ծրագիրներու նախագիծերուն մէջ, մարդկային անձը կեդրոն զետեղելու անոնց գործունէութիւնը յատուկէն ուշադրութիւն ցուցաբերելով անչափահասներուն, կանանց եւ խոցելիներուն։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ քաջալերեց մշակելու շօշափելի գործունէութիւններ, որոնք կը նպաստեն ապահով եւ կանոնաւոր գաղթականութեան ու այս գծով անհրաժեշտ նկատեց բազմապատկել բոլոր ջանքերը պայքարելու համար ոճրագործներուն ցանցերու դէմ, որոնք կը շահագործեն գաղթականներուն երազանքները։
Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց նաեւ ամէն ջանք թափել բոլորին երաշխաւորելու համար չգաղթելու իրաւունքը։
«Գաղթականները կը փախչին աղքատութեան, մտավախութեան եւ յուսահատութեան պատճառաւ։ Այս բոլոր պատճառները վերացնելու ու վերջ դնելու համար բռնի տեղահանութիւնները, անհրաժեշտ է բոլորին ընդհանուր աշխատանքը, իւրաքանչիւր անձ իր իւրայատուկ պատասխանատուութեամբ։
«Պէտք է ամէն ինչ կատարել, որպէսզի դադրի սպառազինութիւններուն վազքը, տնտեսական գաղութատիրութիւնը, ուրիշներու հարստութիւններուն կողոպտումը եւ մեր հասարակաց տան աւերումը։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնը բոլորին վրայ, որպէսզի Տիրամօր բարեխօսութեամբ միշտ աջակցի փառատօնի մասնակիցներուն՝ բոլոր գաղթականներն ու փախստականները ընկալելու, պաշտպանելու, խթանելու գործին մէջ, «որոնք միշտ մեր դռները կը զարնեն» նշեց Սրբազան Հայրը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ