Քահանայապետը մեզմէ խնդրեց պաշտպանել մանուկները. Կազայի ժողովրդապետ
Վատիկան Նիուզ
Ֆրանչիսկոս Պապը շատ «մտահոգ է» Կազայի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն ի տես և յոյս ունի, որ տեղ տրուի ռմբակոծումներու դադարի` «մարդասիրական միջանցքներ բանալու համար՝ ու հասնելու հազարաւոր մարդկանց, որոնք այս պահուն անոր կարիքը ունեն»: Այս մասին Vatican News-ին յայտնեց Կազայի ծխական քահանայ հայր Գաբրիէլ Ռոմանելլին, որ այսօր հեռախօսազանք ստացաւ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ - չորրորդը ճգնաժամի սկզբէն ի վեր- հաւաստիացնելու համար իր աղօթքները և ամբողջ Եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը:
Քահանայապետը շատ մօտ է ժողովրդին,- կը վկայէ հայր Ռոմանելլին, որ կը գտնուի Բեթղեհէմի մէջ եւ տակաւին կարողացաւ վերադառնալ իր հաւացեալներուն մօտ - Ան մեզմէ խնդրեց պաշտպանել մանուկները»։
Ան գիտէ, որ ժողովրդապետութեան երեխաներէն բացի, մենք կը հիւրընկալենք նաեւ մահմետական երեխաներ, ինչպէս նաև հաշմանդամներ և վիրաւորներ, որոնց խնամք կը տանին Մայր Թերեզայի միանձնուհիները։ Մեր պատասխանատուութեան տակ հարիւրաւոր մարդիկ կան։ Ֆրանչիսկոս Պապը այս բոլորը եւ անգամ մը եւս ուզեց իր մօտիկութիւնը յայտնել։ Ան հեռաձայնեց նաեւ ժողովրդապետութեան, տեղեկացուց միշտ Հայր Ռոմանելլին պատմելով թէ ինչպէս հարիւրաւոր անձինք ապաստան գտած են եկեղեցական կառոյցներուն մէջ եւ որոնք դժբախտաբար շատ վատ պահեր կ՛ապրին։ Անոնք հարց կու տան ուր կարող են երթալ։ Անոնք սարսափի մէջ են բայց եկեղեցւոյ մէջ իրենք զիրենք պաշտպանուած կը զգան, իրավիճակը սակայն յուսահատական է բոլորին համար» ըսաւ ի միջի այլոց Հայր Ռոմանելլին:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ