Ֆրանչիսկսոս Պապ յիշեց Պիոս Է-րդ քահանայապետը որպէս «Խաղաղութեան դեսպան»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Աստուծոյ ծառայ Պիոս Է-րդ քահանայապետին մահուան երկրորդ հարիւրամեակի առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապ նամակ յղեց Չէզէնա – Սարսինա թեմի եպիսկոպոս, գերապայծառ Տուկլաս Ռէկաթթիերիին, համայն քաղաքացիական եւ եկեղեցական հասարակութեան անդամներուն «որոնք երախտագիտութեամբ կը յիշեն պանծալի զաւակ մը, քաջ հոգեւոր հովիւը, եկեղեցւոյ փութկոտ պաշտպանը», նշեց Սրբազան Հայրը իր երախտագիտութեան զգացումները արտայայտելով Պիոս Է-րդ թողած հոգեւոր ժառանգութեան ինչպէս նաեւ աւետարանական անկեղծութեան, որուն միջոցաւ դիմագրաւեց դժուար պահերը քահանայապետական ծառայութեան 23-րդ տարիներուն ընթացքին։
Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը նշեց, որ Պիոս Է-րդ «որպէսի հովիւ յատկանշուեցաւ շնորհապարգեւով եւ հոգիի բարութեամբ, Ան եպիսկոպոսական ծառայութեան տարիներուն երբեք չվարանեցաւ անձամբ կատարել հնարաւորը՝ ժողովուրդին հոգ տանելու համար, ինչպէս նաեւ ամոքելու անապահով պայմաններու մէջ գտնող անձերուն տառապանքները մեծ նուիրածութեամբ։
Նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ Պիոս Է-րդ Պապը եղած է «Խաղաղութեան դեսպան» բոլոր անոնց որոնք ժամանակաւոր իշխանութիւնը կ՝իրականացնէին, « առանց վախի տարածելով Քրիստոսի աւետարանի մխիթարիչ ուժը, երանութիւններուն հոգիին համաձայն, որոնք Աստուծոյ որդի կը կոչէ խաղաղութեան աշխատաւորները։(Մատթ 5,9)։
Ֆրանչիսկոս Պապ նամակը աւարտեց, Չէզէնա – Սարսինա թեմին հաւատացեալներուն յանձնելով այն պարտականութիւնը որ պատշաճ կերպով ճանչցնեն Սուրբ Պետրոսի առաքեալի յարգելի ժառանգորդին, կեանքն ու հովուական ծառայութեան գործունէութիւնը , «ձեր սիրելի համաքաղաքացին , որպէսզի Ան կարենայ արթնցնել ուրիշները ծառայելու եւ ներդաշնակ հասարակութիւն կառուցելու միեւնոյն սէրը ու ցոյց տալ խաղաղութիւնը որպէս յոյսի ուղեւորութիւնը, յարգելի երկխօսութեան եւ քրիստոնէական համերաշխութեան։
Ֆրանչիսկոս Պապ նամակը աւարտեց հայցելով Սուրբ Կոյսի Մարիամի հովանին բոլորին վրայ ինչպէս նաեւ Աստուծոյ ծառայ Պիոս Է-րդ բարեխօսութիւնը, ապա փոխանցելով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ