Որոնել

2023.09.08 Baselios Marthoma Mathews

Պազելիոս Մարհոմա Մեթիուս Գ` Մալանքար Ասորի օրթոտոքս եկեղեցւոյ կաթողիկոսի անդրանիկ այցը Վատիկան

Այս պիտի ըլլայ 2021ին ընտրուած Կաթողիկոսի առաջին պաշտօնական հանդիպումը Վատիկանի. մէջ, Անոր նախորդի` Ն. Ս. Պազելիոս Մարթհոմա Փուլոս Բ-ի Վատիկան կատարած այցելութեան տասներորդ տարեդարձին եւ ասորի մալանքար օրթոտոքս Եկեղեցւոյ կաթողիկոսի մը Հռոմ այցելութեան քառասուներորդ տարեդարձին առիթով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց Սուրբ Աթոռին մէկ հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ կը կարդանք թէ յառաջիկայ «11 սեպտեմբեր 2023ին Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւն պիտի տայ  Մալանքար Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Մետրոպոլիտ եւ Արեւելքի Կաթողիկոս` Նորին Սրբութիւն Պազելիոս Մարհոմա Մեթիուս Գ-ը»։

Այս պիտի ըլլայ Վատիկանի մէջ 2021ին ընտրուած Կաթողիկոսի առաջին պաշտօնական հանդիպումը, Անոր նախորդի` Ն. Ս. Պազելիոս Մարթհոմա Փուլոս Բ-ի Վատիկան կատարած այցելութեան տասներորդ տարեդարձին եւ ասորի մալանքար օրթոտոքս Եկեղեցւոյ կաթողիկոսի մը Հռոմ այցելութեան քառասուներորդ տարեդարձին առիթներով։

Ֆրանչիսկոս Պապին հետ առանձնական հանդիպումէն ետքը Նորին Սրբութիւն Պազելիոս Մարհոմա Մեթիուս Գ պիտի այցելէ Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանումին Վերատսեչութիւնը։

Կիրակի 10 սեպտեմբերին, Կաթողիկոսը Սուրբ Պօղոսի Քահանայապետական պազիլիքային մէջ պիտի նախագահէ սուրբ եւ անմահ պատարագին` Հռոմի մէջ բնակող ասորի մալանքար օրթոտոքս հաւատացեալներու հասարակութեան համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/09/2023, 12:27