Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը Իտալիոյ նախկին նախագահ Ճորճօ Նափոլիթանոյին մահուան կապակցութեամբ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 22 սեպտեմբերին իր մահկանացուն կնքեց Իտալիոյ նախկին նախագահ Տիար Ճորճօ Նափոլիթանոն, որ երկու անգամուան համար ընտրուած էր Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ։
98 ամեայ Տիար Ճորճօ Նափոլիթանոն վերջերս կը գտնուէր Հռոմի Salavato Mundi հիւանդանոցին մէջ ու Անոր առողջական պայմանները վատթարացած էին։ ֆրանչիսկոս Պապ անցեալ չորեքշաբթի օրը հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին հաւատացեալները հրաւիրեց է աղօթելու Իտալիոյ վաստակաւոր նախագահին համար, զայն անուանելով «Հայրենիքին ծառայ»։
Նախագահ Ճորճօ Նափոլիթանոյին կողակից Քլիօ Պիթթոնի Նափոլիթանոյի յղած ցաւակցական հեռագիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ իր ցաւակցութիւնները յայտնեց ինչպէս նաեւ իր երախտագիտութիւնը այս պետական գործիչին համար, որ իր «պետական բարձր աշխատանքներուն մէջ դրսեւորեցրեց մտային յատկութիւններ եւ անկեղծ սէր Իտալական քաղաքականութեան կեանքին համար, ինչպէս նաեւ մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց իտալիոյ ճակատագրին համար», գրեց Սրբազան Հայրը
Ցաւակցագիրին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ նշեց թէ մեծ երախտագիտութեամբ կը պահպանէ նախագահին հետ ունեցած անձնական հանդիպումներուն յիշողութիւնը, «որոնց ընթացքին, գնահատեցի մարդասիրութիւն ու հեռատեսութիւնը՝ կարեւոր ընտրութիւնները կատարելու շրջագիծէն ներս, յատուկէն երկրի կեանքի համար նուրբ պահերուն, մշտական նպատակ ունենալով նպաստել միասնութեան եւ համերաշխութեան՝ զօրակցութեան ոգիով, խրախուսուած ընդհանուր բարիքի փնտռտուքով»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ