Ֆրանչիսկոս Պապ. «Եղէք քրիստոնեաներ` որոնք Աստուծոյ կը հանդիպին աղօթքի մէջ ու եղբայրներուն սիրոյ մէջ»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 23 սեպտեմբերի, Մարսիլիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրը, յետմիջօրէին ժամը 4,15ին, Ֆրանչիսկոս Պապ փոխադրուեցաւ Vélodrome մարզադաշտ՝ գլխաւորելու համար սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, ներկայութեամբ հազարաւոր հաւատացեալներուն։
Պատարագին ընթացքին արտասանած քարոզին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ. «Սուրբ Գիրքին մէջ կը պատմուի թէ Դաւիթ թագաւորը իր թագաւորութիւնը հաստատելէ ետք որոշեց ուխտի տապանակը Երուսաղեմ փոխադրել։ Այնուհետեւ կանչելէ ետք ժողովուրդը, ոտքի ելաւ եւ գնաց՝ուխտի տապանակը փոխադրելու համար ու ճանապարհորդութեան ընթացքին, ինք եւս ժողովուրդին հետ տապանակի առջեւ պարեց, ուրախանալով Տիրոջ ներկայութեան համար»։(Սաղմ 6,1-15), ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ այս «Այս տեսարանին լոյսի տակ Ղուղաս աւետարանիչը մեզի կը պատմէ Մարիամի այցելութիւնը եղիսաբեթին. Մարիամը ոտքի կ՝ելլէ եւ Երուսաղեմ կ՝երթայ, եւ երբ Եղիսաբեթին տունը կը մտնէ իր արգանդին մէջ գտնուող մանուկը կը խայտայ ճանչնալով Մեսիային գալուստը, Մանուկը ցնծաց որովայնին մէջ ու սկսաւ պարել Դաւիթ թագաւորին նման տապանակին առջեւ (Ղուկ 1, 39-45)։
Նորին Սրբութիւնը յարեց, թէ Տիրամայրը ներկայացուած է, որպէս ճշմարիտ ուխտի տապանակը, որ աշխարհի կը ներկայացնէ մարմնացուած Տէրը։ «Երիտասարդ Կոյսն է, որ կը հանդիպի ամուլ ծերուկ կնոջ եւ կրելով Յիսուսը կը դառնայ Աստուծոյ այցելութեան նշանը, որ կը յաղթահարէ ամէն ամլութիւն»։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա դիտել տուաւ, որ այս երկու կանանց մէջ Մարիամի եւ Եղիսաբեթին մէջ, կը յայտնուի Աստուծոյ այցելութիւնը մարդկութեան. Անոնցմէ մէկը երիտասարդ է եւ միւսը ծերուկ, մէկը կոյս է միւսը ամուլ, թէպէտ երկուքն ալ անհնարին յղի են։ «Սա Աստուծոյ գործն է մեր կեանքին մէջ. Կարելի կը դարձնէ նոյնիսկ անկարելի բաները, կեանք կու տալ նաեւ ամլութեան մէջ։»
«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, անկեղծօրէն հարց տանք արդեօք կը հաւատա՞նք որ Աստուած կը գործէ մեր կեանքին մէջ» Յորդորեց Սրբազան Հայրը, դիտել տալով «որ կայ ձեւ մը գիտնալու համար եթէ վստահութիւն ունինք Տիրոջ նկատմամբ» ու այս առումով «Աւետարանը մեզի կ՝ըսէ որ Եղիսաբեթը երբ որ ողջունեց Մարիամը, իր արգանդին մէջ մանուկը ցնծաց։ «Սա է նշանը հաստատեց Սրբազան Հայրը «Ան որ կը հաւատայ, կ՝աղօթէ եւ Տէրը կ՝ընդունի Սուրբ հոգիին մէջ կը ցնցայ եւ զգայ թէ մէջը բան մը կը շարժի եւ ուրախութեամբ կը պարէ»։
Հաւատքի ոստումը
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացուց հաւատքի ոստումին վրայ, նշելով որ հաւատքի փորձառութիւնը նախ եւ առաջ ոստում կը յառաջացնէ կեանքին առջեւ։ Ան որ ծնած է հաւատքով, կը ճանչնայ Տիրոջ ներկայութիւնը, այնպէս ինչպէս Եղիսաբեթի արգանդին մէջ մանուկը։
Հաւատքի փորձառութիւնը կեանքին մէջ ոստում պատճառելէ անդին սլացք կը յառաջացնէ նաեւ մերձաւորին առջեւ։ «Այցելութեան խորհուրդին մէջ, արդարեւ կը տեսնենք թէ Աստուծոյ այցելութիւնը տեղի չ՝ունենար արտասովոր երկնային իրադարձութիւններու միջոցաւ այլ հանդիպումի պարզութեան մէջ։ ըսաւ Սրբազան Հայրը
Ան ապա յորդորեց միշտ յիշել, թէ նաեւ Եկեղեցւոյ մէջ Աստուած յարաբերութիւն է Տէրը մեզի յաճախ կ՝այցելէ մարդու հանդիպումներու միջոցաւ, կ՝այցելէ երբ մեր սիրտը անտարբեր եւ անզգայ չմնար տկարներու վէրքերու դիմաց,
Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ, որ Եւրոպական շատ մը երկիրներու մէջ ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ՝ ուր միատեղ կ՝ապրին տարբեր մշակոյթներ եւ կրօններ, այս իմաստով մեծ մարտահրաւէր է անհատապաշտութեան, եսասիրութեան, փակումներու դէմ, որոնք կը յառաջացնեն միայնութիւն եւ տառապանք։
Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց յիշելու Ֆրանսային ոստումները, սրբութեամբ, մշակոյթով, արուեստագէտներով, հեղինակներով հարուստ պատմութեան մասին որոնք հիացուցած են բազմաթիւ սերունդները նկատել տալով որ այսօր եւս մեր կեանքը, եկեղեցին, ֆրանսան, եւրոպան կարիքը ունին շնորհքի, եղբայրսիրութեան յոյսի նոր ոստումի մը։
Քահանայապետը հրաւիրեց ապա նայելու Մարիամին, որ կ՝անհանգստանայ յանձն առնելով ճամբորդութիւնը ու մեզի կը սորվեցնէ, որ Աստուած կ՝անհանգստանայ շարժումի մէջ, ապա յորդորեց ըլլալ քրիստոնեաներ` որոնք Աստուծոյ կը հանդիպին աղօթքի մէջ ու եղբայրներուն` սիրոյ մէջ»։
Ֆրանչիսկոս Պապը քարոզը աւարտեց «Notre Dame de la Garde» Տիրամօր նուիրուած աղօթքով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ