Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (AFP or licensors)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Նոր մարդկութիւն ստեղծելու ուղին եղբայրութիւնն է եւ ոչ թէ չարաշահումը»

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ընտանիքի խթանման համար «Ամուսնական հանդիպում» ընկերակցութեան անուան անդամները քաջալերելով զանոնք շարունակելու իրենց առաքելութիւնը քահանայական եւ ամուսնութեան երկու կոչումներու միջեւ յարաբերութիւնը զարգացնելու։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 9 սեպտեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ընտանիքի խթանման համար «Ամուսնական հանդիպում» ընկերակցութեան անդամները, ընկերակցութեան հիմնադրութեան 45-րդ տարեդարձին առիթով։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը կեդրոնացուց «Ամուսնութիւն եւ Քահանայութիւն երկու Սուրբ Խորհուրդներուն վրայ։ «Այս երկու խորհուրդները թէպէտ տարբեր բայց փոխլրացնող ուղիներով կը խօսին նշանտուքի մասին. Մէկ կողմէ պսակեալներուն եզակի եւ անքակտելի ամբողջական նուիրումը, միւս կողէ եկեղեցւոյ համար քահանային կեանքի նուիրումը, մեզի համար Աստուծոյ նշանտուքի սիրոյ նշաններն են» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Անդրադառնալով ապա վերոյիշեալ ընկերակցութեան այս տարուան հանդիպումին նիւթին, «Աստուծոյ նշան ենք» Նորին Սրբութիւնը յարեց թէ ընկերակցութեան «Նշանտուքի խարիզմը» մարգարէութիւնն է Աստուծոյ երազին իրականացման։ «Աստուծոյ երազը մեզի համար հետեւեալն է, միանալ իր սիրոյ մէջ, Իր հաղորդութեան մէջ՝ մեզի բացայայտելու համար, մեր միջեւ եղբայրութեան աստուածային որդիութեան գեղեցկութիւնը։ Յիսուս մեզ առաքեց աշխարհի տարբեր վայրերը աւետելու համար, թէ նոր մարդկութիւն ստեղծելու ուղին հիմնուած է եղբայրութեան վրայ, եղբայրսիրութեան պտուղը, ոչ թէ եսասիրութեան վրայ» ըսաւ Սրբազան Հայրը, դիտել տալով, որ ընկերակցութեան եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան մատուցած ծառայութիւնը՝ քահանաներուն եւ պսակեալներուն առաջնորդութեան մէջ կը նպաստէ Աստուծոյ երազին իրականացման։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց, թէ վերոյիշեալ ընկերակցութիւնը նաեւ եկեղեցւոյ կեանքի նշանն է, որ կանչուած է ընթանալու պարգեւներուն, խարիզմներուն եւ խորհուրդներուն միջեւ աւելի մեծ փոխադարձութեան ճանապարհին վրայ։

«Պսակեալներու եւ հովիւներու միջեւ փոխանակումը կը նպաստէ աւետարանումի առաքելութեան ,որուն յոյժ կարիքը ունինք այսօր», ըսաւ Սրբազան Հայրը, քաջալերելով ընկերակցութեան անդամները վեհանձնութեամբ եւ գորովով շարունակելու իրեն առաքելութիւնը ու ներշնչուելու Սուրբ Հոգիէն, որ Աստուծոյ Սէրն է ու առանց Անոր, գործունէութիւնները ապարդիւն ու ունայն են։ «Սուրբ Հոգին է որ սիրտերն ու հոգիները կը բանան ու մեզ Աստուծոյ երազին դերակատարները կը դարձնէ», ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Ան ապա շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2023, 11:53