Ֆրանչիսկոս Պապ. «Շրջել բաժանումներու ճանապարհը դէպի միութիւն»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 14 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Պօղոսեան համամիութենական զրոյց» նախաձեռնութեան մասնակիցները։ Սոյն նախաձեռնութիւնը ծնած է Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովէն ետք, տասը երկիրներու եւ տարբեր քրիստոնեայ աւանդութիւններուն պատկանող խումբ մը մասնագէտներուն կողմէ, որոնք կ՝ուսումնասիրեն Սուրբ Պօղոսի գիրքերը։
«Պօղոսեան համամիութենական զրոյց»ի յատկութիւնները
Հանդիպումին ընթացքին արտասանած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ բարձր գնահատեց «Պօղոսեան համամիութենական 26-րդ զրոյց»ը, «որովհետեւ անիկա տեղի կ՝ունենայ աշխարհի տարբեր երկիրներու մաս կազմող տարբեր դաւանքներուն եւ Սուրբ Պօղոսի սիրահար մասնագէտներուն կողմէ, որոնք իրենց հետ կը բերեն ոչ միայն ուսումներուն առանձնայատկութիւնը, այլեւ իրենց ծագումի մշակոյթի եւ քրիստոնէական հասարակութեան հաւատքի կեանքի ինքնատիպութեան առանձնայատկութիւնը։» ըսաւ Սրբազան Հայրը։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց, թէ վերոյիշեալ ձեռնարկը կ՝ընդգրկէ մարգարէական եւ քաջ բան մը։ Քաջութիւնը յաղթահարելու անվստահութեան պատնէշները, որոնք ստէպ կը յառաջանան երբ կանչուած ենք ուրիշին հանդիպելու։
Համամիութենական մարգարէութիւն, այն «Առողջ Հոգիին անհամբերութեան» որուն բոլոր քրիստոնեաները կանչուած են, որպէսզի դէպի միասնութեան լիարժէքութեան ճանապարհը շարունակուի ու չպակսի վկայութեան յանձնառումը։
«Եթէ պատմութեան հոլովոյթին բաժանումները դարձան տառապանքի պատճառ, այսօր բոլորս պէտք ենք յանձնառու դառնալ փոխելու ճանապարհը, միութեան եւ եղբայրութեան ուղիներուն վրայ ընթանալու, որոնք կը սկսին աղօթքով, ուսումնասիրութեամբ, եւ միասին աշխատելով», ըսաւ Ան
Յարատեւել հոգեւոր եղբայրական երկխօսութեան մէջ
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ ապա քաջալերեց վերոյիշեալ զրոյցի մասնակիցները յարատեւելու ակադեմիական, Աստուածաշնչական, հոգեւոր, եղբայրական երկխօսութեան մէջ եւ շրջանառութեան մէջ դնեն այն բնօրինակ հարստութիւնը, որ իւրաքանչիւրը կը կրէ։
Յորդորեց շարունակել Սուրբ գրային ուսումնասիրութիւնը՝ ճշգրտութեամբ եւ ձեռնհասութեամբ, սակայն թոյլ տալով, որ հրապուրուին Սուրբ Պօղոսի նամակներու հոգեւոր հարստութիւններէն՝ Քրիստոնեայ հասարակութիւններուն նուիրելու համար «Նոր բառեր», որոնք կարող են Հօր բարի ողորմածութիւնը, Քրիստոսին փրկութեան այժմէականութիւնը, Հոգիին եղբայրութեան վերանորոգիչ յոյսը հաղորդելու, որոնք կ՝օգնեն Տէրը որոնելու ընդհանուր ուղեւորութեան։
«Շնորհակալութիւն ձեր կատարած բոլոր գործերուն եւ այս օրերուն կատարած աշխատանքներու համար։ Հաճեցէք աղօթել ինծի համար եւ ես ձեզի համար կ՝աղօթեմ» ըսաւ Սրբազան Հայրը պատգամի աւարտին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ