Որոնել

Սրբազան Քահանայապետը՝ Ճորճօ Նափոլիթանոյի հոգեհանգստեան արարողութեան Սրբազան Քահանայապետը՝ Ճորճօ Նափոլիթանոյի հոգեհանգստեան արարողութեան 

Ֆրանչիսկոս Պապ յարգանքի տուրք մատուցեց Իտալիոյ նախկին նախագահ վախճանեալ Ճորճօ Նափոլիթանոյին

Սրբազան Քահանայապետը կիրակի այցելեց Իտալիոյ Սենատ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու անցեալ 22 Սեպտեմբերին իր մահկանացուն կնքած Իտալական Հանրապետութեան վաստակաւոր Նախագահին: Նախագահի մահուան ի լուր իր հեռագիրի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը յիշած էր անոր «մտաւոր մեծ ունակութիւնները» եւ «անկեղծ նուիրուածութիւնը իտալական քաղաքական կեանքին»
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան համաձայն, Կիրակի՝ 20 Սեպտեմբերին ժամը 13:15ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց «Palazzo Madama»՝ Իտալիոյ Սենատ, ուր կազմակերպուած էր 22 Սեպտեմբերին իր մահկանացուն կնքած Իտալական Հանրապետութեան վաստակաւոր նախագահ Ճորճօ Նափոլիթանոյի հոգեհանգստեան աշխարհական արարողութիւնը, յայտնելու իր անձնական ջերմութիւնը՝ ներկայութեամբ եւ աղօթքով, անոր ընտանիքի հանդէպ եւ պատուելու Իտալիոյ մատուցած անոր մեծ ծառայութիւնը։

Անցեալ սեպտեմբերի 20-ին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Հայրը իր մօտիկութիւնը յայտնելով Հռոմի «Salavator Mundi» հիւանդանոցին մէջ բուժում ստացող Նափոլիթանոյին՝ զԱյն բնութագրած էր որպէս «Հայրենիքի սպասաւոր»։

Մահուան օրը՝ 22 Սեպտեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապը՝ ցաւակցական հեռագիր ուղղած էր որուն մէջ, յիշած էր Իտալիոյ կեանքի կարեւոր ընտրանքներուն մէջ անոր «հեռատեսութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2023, 10:53