Որոնել

2023.09.04 Santa Maria Maggiore

Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը Տիրամօր` Մոնկոլիայի ճամբորդութեան համար

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Մոնկոլիայի ճամբորդութեան աւարտին նորոգեց Սուրբ Կոյս Մարիամին իր աղօթքը` Ասիայի սիրտ կատարած իր առաքելական ճամբորդութեան յաջողութեան համար
Ունկնդրէ լուրը այլ լուրերու հետ միասին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մոնկոլիայէն վերադարձին, երկուշաբթի 4 սեպտեմբերի կէսօրէն ետքը, հազիւ Հռոմ ժամանած Սրբազան Քահանայապետը սովորութեան համաձայն այցելեց Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարը եւ այնտեղ պահպանուած Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերին առջեւ ամփոփուեցաւ աղօթքի մէջ, շնորհակալութիւն յայտնելով Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր, Մոնկոլիա կատարած ուխտագնացութեան յաջողութեան համար։ Նորին Սրբութիւնը այս սրբավայրը այցելած էր նաեւ Մոնկոլիա չմեկնած` անցեալ 31 օգոստոսին։

Ֆրանչիսկոս Պապը, որ Մոնկոլիայէն ժամանած էր այսօր կէսօրէն ետքը ժամը 4,01 անց, Մարիա Մաճճորէ տաճար կատարած այցելութենէն ետքը վերադարձաւ Վատիկան, վերջ տալով իր Քահանայապետութեան 43րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2023, 17:45