«Զէնքերով պատերազմ կը կատարուի ոչ թէ խաղաղութիւն». Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Rencontres Méditerranéennes» փառատօնի եզրափակիչ նիստին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապին Շաբաթ 23 սեպտեմբերի Մարսիլիոյ մէջ օրակարգը սկիզբ առաւ թշուառութեան մէջ ապրող մի քանի անհատներուն հետ առանձնական հանդիպումով, ապա ժամը 10ին Ան փոխադրուեցաւ «Palais du Pharo»` ուր իր մասնակցութիւնը բերաւ «Rencontres Méditerranéennes» փառատօնի եզրափակիչ նիստին։
Հանդիպումը` որ կը նախատեսէր գրեթէ 900 անհատներու մասնակցութիւնը ու Ֆրանսայի Նախագահ Էմմանուել Մաքրոնի ներկայութիւնը, սկիզբ առաւ Մարսիլիայի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Ժան Մարք Ավելինի բարի գալուստի խօսքով, որուն մէջ ան խօսելով Մարսիլիոյ բնակչութեան մասին անոնց շարքին յիշեց նաեւ հայերը, որոնք միջերկրականի միջոցաւ ժամանեցին քաղաք ու այլ ժողովուրդներուն նման բնակութիւն հաստատեցին այնտեղ։ Մարսիլիոյ առաջնորդի բարի գալուստի խօսքին յաջորդեց Ֆրանչիսկոս Պապին եղբայրութեան, հիւրընկալութեան ու խաղաղութեան եւ մարդկային համակեցութեան հայող պատգամները ամփոփող տեսերիզի մը ցուցադրութիւնը, հուսկ իտալացի երիտասարդուհի մը եւ ծագումով Ալպանացի եպիսկոպոսի մը ներկայացուցին վկայութիւնները, որոնցմէ ետք Սրբազան Պապը իր պատգամը ուղղեց բոլոր ներկաներուն։
Յայտնենք, որ «Rencontres Méditerranéennes» փառատօնին ի շարս այլոց իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Արհ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանը, եւ Գերյ. Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանը։
Մարսիլիան Միջերկրականի ժպիտ
Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելով նախագահը, եղբայր եպիսկոպոսները, «միջերկրականէն թրջուած» քաղաքներու քաղաքապետներն ու իշխանութիւնները եւ բոլոր ներկաները նշեց, որ «Մարսիլիան հինաւուրց քաղաք մըն է ու հիմնուած Փոքր Ասիայէն եկած Յոյներու կողմէ ու ան առաջին օրերէն իսկ ընկալեց ծովուն հարստութիւնը ու հայրենիք պարգեւեց անոր որ զուրկ էր անկէ»։
«Մարսիլիան մեզի կ՛ըսէ, թէ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, համակեցութիւնը կարելի եւ ուրախութեան աղբիւր է», ըսաւ Սրբազան Պապը ու Մարսիլիան որակեց «Միջերկրականի ժպիտ», ի տես անոր Նիցցայի եւ Մոնփըլիէյի միջեւ աշխարհագրական դիրքին, որ ժպիտ մը կը ներկայացնէ ու ասկէ մեկնելով ուզեց որոշ մտածումներ կիսել ներկաներուն հետ, մեկնելով Մարսիլիան ներկայացնող երեք յատկութիւններէն` ծովը, նաւահանգիստը ու փարոսը։
Ծովը
«Ժողովուրդներու ծով մը` այս քաղաքը դարձուց յոյսի խճանկար, իր բազմացեղային ու բազմամշակութային աւանդոյթով, որ ներկայացուցած են քաղաքին մէջ ներկայ աւելի քան վաթսուն հիւպատոսութիւններով», ըսաւ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը եւ աւելցուց, որ «Մարսիլիան միաժամանակ յոգնակի եւ եզակի քաղաք է» դիտել տալով, որ շատ անգամ միջերկրականի պատմութիւնը կը ներկայացուի «որպէս տարբեր կրօններու, տեսութիւններու եւ քաղաքակրթութիւններու միջեւ բախումի միահիւսւում» բայց, յարեց Ան, «առանց անտեսելու հարցերը, պէտք է ընդունինք, որ ժողովուրդներու միջեւ տեղի ունեցած փոխանակումները Միջերկրականը դարձուցին քաղաքակրթութիւններու օրրան, յորդառատ գանձերով ծով»։
«Անիկա աբրահամեան կրօններու միջեւ հանդիպումի տարածք է, յոյս` լատին ու արաբական մտքերու միջեւ, գիտութեան փիլիսոփայութեան եւ իրաւաբանութեան ու շատ մը այլ իրողութիւններու միջեւ», ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով Ճորճօ Լա Փիրայի խօսքերուն, որ Միջերկրականը նկատած է «աշխարհի բոլոր ազգերու միջեւ խաղաղութեան արմատը եւ սկիզբը»։
Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց հուսկ Միջերկրականի հինգ ափերուն` Հարաւային Ափրիկէ, Մերձաւոր Արեւելք, Սեւ-Էկեան ծով, Պալքաններ և Լատինական Եւրոպա նշելով` որ «Միջերկրականը բոլորի հայող մարտահրաւէրներու առաջնադիրք է» ու թէ ան իր մէջ կը կրէ «եղբայրութեան կոչումը, որ միակ ուղին է կանխելու եւ յաղթահարելու հակառակութիւնները»։
«Անոր կոչումն է ըլլալ վայր, որտեղ տարբեր Երկիրներ և իրողութիւններ իրարու կը հանդիպին մարդկայնութեան հիման վրայ, զոր կը կիսենք բոլորս, եւ ոչ թէ վայր իրարու հակադրուող գաղափարախօսութիւններու» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։
«Այո, շարունակեց Ան, Միջերկրականը կ՛արտայայտէ ոչ թէ միատեսակ ու գաղափարական միտք, այլ բազմակողմանի ու իրականութեան կառչած միտք, կենսական, բաց և հաշտարար միտք` համայնքային միտք» որուն մենք պէտք ունինք ներկայ իրավիճակին մէջ, «երբ հնացած ռազմատենչ ազգայնամոլութիւններ կը ցանկանան ոչնչացնել ազգերու հասարակութեան երազանքը»։
«Բայց, յիշենք, զէնքերով պատերազմ կը կատարուի ու ոչ թէ խաղաղութիւն, իսկ իշխանութեան ժլատութեամբ կը վերադառնանք դէպի անցեալ, չենք կառուցեր ապագան» յարեց ապա Քահանայապետը, հրաւէր ուղղելով սկսիլ խաղաղութիւնը արմատաւորել Քալիլիայի ծովափէն, այնտեղէն` ուր Յիսուս սկսաւ յոյս տալ աղքատներուն, զանոնք երանի հռչակելով։
«Հարկ է վերամեկնիլ այնտեղէն, վերջիններու լռելեան աղաղակէն, ոչ թէ դասարանի առաջիններէն....վերամեկնինք. Եկեղեցի եւ քաղաքացիական հասարակութիւն, աղքատները ունկնդրելով, որովհետեւ անոնք դիմագիծեր են եւ ոչ թէ թիւեր» ըսաւ Սրբազան Պապը, ընդգծելով` որ «մեր հասարակութիւններու քայլափոխութիւնը կը կայանայ զանոնք եղբայրներ նկատելու մէջ, զանոնք ընկալելու մէջ ու զանոնք ընդելուզելու մէջ եւ անոնց պարգեւելու արժանապատւութիւն»։
«Այսօր մարդկային համակեցութեան ծովը ապականած է անկայունութեամբ», նշեց Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով, որ «այնտեղ` ուր կայ անորոշութիւն, կայ յանցագործութիւն, ուրտեղ կայ նիւթական, կրթական, աշխատանքային, մշակութային և կրօնական աղքատութիւն, մաֆիայի և ապօրինի վաճառականութեան դաշտը հարթացած է: Հարկ է առ այդ ո՛չ ըսել անօրինութեան եւ այո զօրակցութեան», ըսաւ Քահանայապետը հարցեր ուղղելով, թէ ո«՞վ է այսօր հոգ տանողը` երիտասարդներուն, որոնք զոհերն են ոճրագործութեան կամ աշխատանքէն ստրկացած անձերուն, կամ վախի մէջ ապրող ընտանիքներուն, միայնակ տարեցներուն, ո՞վ կը մտածէ անծին մանուկներուն եւ ո՞վ է ան, որ կարեկցութեամբ իր ափէն կը դիտէ ու կ՛ունկնդրէ Հարաւային Ափրիկէէն կամ միջին արեւելքէն բարձրացող ցաւի աղաղակները»։
Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը մտաբերեց բազմաթիւ քրիստոնեաները որոնց քաղաքացիութեան իրաւունքները չեն ճանչցուած ու հրաւէր ուղղեց յանձնառու ըլլալու` որպէսզի բոլոր անոնք որոնք մաս կը կազմեն հասարակութեան մը դառնան լիիրաւ իրաւունքով քաղաքացիներ։
«Միջերկրականը քաղաքակրթութեան օրրանէն դարձած է արժանապատուութեան գերեզման» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը, ուշադրութիւն հրաւիրելով գաղթականներուն վրայ ու ակնարկելով Մասրիլիոյ երկրորդ յատկանիշին` նաւահանգիստին։
Նաւահանգիստը
Մարսիլիոյ նաւահանգիստը դարերէ ի վեր ծովուն, Ֆրանսային ու Եւրոպային վրայ լայն բաց դուռ մըն է։ Այստեղէն է, որ շատեր մեկնեցան, գտնելու համար ապագայ եւ աշխատանք եւ այստեղ է, որ շատեր ժամանեցին` յոյսով լի պայուսակներով....Մարսիլիան ունի մեծ նաւահանգիստ ու է նաեւ մեծ դուռ մը` որ կարելի չէ փակել» ըսաւ հուսկ Քահանայապետը ակնարկելով գաղթականութեան հարցին, որ «ժամանակաւոր հրատապութիւն մը չէ» այլ «մեր ժամանակներու փաստ, գործընթաց, որ կը ներգրաւէ Միջերկրական ծովին շուրջը գտնուող երեք ցամաքամաս և որ պէտք է կառավարուի իմաստուն հեռատեսութեամբ. Եւրոպական պատասխանատուութեամբ, որ կարող ըլլայ դիմագրաւել դժուարութիւնները»։
«Մեր ծովը արդարութիւն կը պահանջէ, անոր ափերը մէկ կողմէն ճոխութիւն, սպառողականութիւն և վատնում կը տարածեն, իսկ միւս կողմէն՝ աղքատութիւնն ու անկայունութիւնը» յարեց Քահանայապետը, դիտել տալով, որ այս հարցը նորութիւն մը չէ, ու թէ Եկեղեցին այս մասին կը խօսի յիսուն տարիէ ի վեր։
Այս ուղղութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապը մէջբերեց Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետին «Populorum progressio» շրջաբերականէն խօսքեր հայող նաեւ աւելիով զարգացած երկիրներու պարտականութիւններուն` զօրակցութեան պարտականութիւնը, ընկերային արդարութեան պարտականութիւնը եւ տիեզերական բարեսիրութեան պարտականութիւնը, այսինքն բոլորի համար աւելի մարդկային աշխարհի մը խթանումը, ուր մէկուն յառաջդիմութիւնը արգելք չի հանդիսանայ միւսներու զարգացումին։
Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ապա գաղթականները հիւրընկալելու, պաշտպանելու, խթանելու եւ ընդելուզելու դժուարութիւններուն, հրաւիրելով զանոնք չի դիտել` որպէս բեռ մը, այլ նկատել եղբայրներ, պարգեւներ, ու ասկէ մեկնելով ակնարկեց վաղը յիշատակուող Գաղթականի ու Փախստականի Համաշխարհային օրուան, յորդորելով չփակուելու անտարբերութեան մէջ։
«Մարդավաճառութեան վէրքին դէմ լուծումը զանոնք ետ մղելը չէ այլ ապահովեցնել օրինաւոր եւ կանոնական մուտքեր, իւրաքանչիւր երկիր իր կարողութեան համաձայն….» ըսաւ ապա Քահանայապետը նկատել տալով, թէ ընդելուզումը դիւրին չէ, բայց «անիկայ կը պատրաստէ ապագայ մը, որ ուզենք չուզենք կամ միասին է եւ կամ գոյութիւն չի կրնար ունենալ»։
«Մենք պէտք ունինք եղբայրութեան» շեշտեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով, որ որպէս քրիստոնեաներ մենք չենք կրնար ընդունիլ, որ հանդիպումի ճանապարհները փակ ըլլան, որ դրամ աստուծոյ ճշմարտութիւնը գերակայէ մարդկային արժանապատւութեան վրայ, որ կեանքը վերափոխուի մահուան։
Ասկէ մեկնելով Ան որպէս տիպար ներկայացուց Սուրբ Շարլ Տը Ֆուքոն ` «տիեզերական եղբայրը», Ալճերիոյ նահատակները ու եղբայրսիրութեան այսօրուայ բազմաթիւ գործիչները ու մէջբերեց որոշ սուրբերու գրութիւնները հայող սիրոյ ու եղբայրսիրութեան, հաստատելով` որ «կանչուած ենք ոչ թէ աւետարանը մարմնացնելու խօսքերու մէջ այլ աւետարանին տալու մարմին, ոչ թէ չափելու տեսանելիութիւնը այլ մենք մեզ նուիրելու ձրիութեամբ», ընդգծելով` որ «Յիսուսին չափանիշը առանց չափի սէրն է»։
Քահանայապետը առ այդ խօսքը ուղղեց Եպիսկոպոսներուն, հրաւիրելով զանոնք մարդիկը չի ծանրաբեռնելու, այլ ողորմութեան Աւետարանի անունով թեթեւցնելու անոնց յոգնութիւնները, յոգնած եւ վիրաւոր մարդկութեան ուրախութեամբ բաժնելով Յիսուսին հանգիստը։
«Թող` որ Եկեղեցին ըլլայ յուսահատներու համար յոյսի նաւահանգիստ, կազդուրման նաւահանգիստ, ուր անհատները իրենք զիրենք զգան քաջալերուած կեանքի ծովուն բացերը երթալու, Քրիստոսի ուրախութեան անզուգական ուժով» ըսաւ ապա Քահանայապետը որուն ներկայացուցած վերջին պատկերը եղաւ փարոսը։
Փարոսը
«Անիկա կը լուսաւորէ ծովը եւ ցոյց կու տայ նաւահանգիստը» ըսաւ Ան, հարց տալով, թէ «որո՞նք են լոյսերուն սլացքները, որոնք այսօր կարող են ուղեցոյց հանդիսանալ միջերկրականի Եկեղեցիներուն ու ասկէ մեկնելով առաջարկեց քննարկել հնարաւորութիւնը ստեղծելու Միջերկրականի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ մը աւելի լաւ համագործակցութեան միջոցներ ստեղծելու համար։
«Փարոսը ապա ինծի մտածել կու տայ երիտասարդներուն», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, «անոնք լոյսն են` որոնք ցոյց կու տան ապագայի երթուղին»։
«Մարսիլիան համալսարանական մեծ քաղաք մըն է` ուր 35.000 համալսարանականներէն հինգ հազարը օտարներ են եւ այնտեղէն է, որ կարելի է հիւսել մշակոյթներու միջեւ յարաբերութիւններ, որովհետեւ այնտեղ երիտասարդներ հմայուած են ոչ թէ իշխանութեան գայթակղութիւններով, այլ ապագան կառուցելու երազանքով» նշեց Նորին Սրբութիւնը։
«Թող որ միջերկրականի համալսարանները դառնան երազանքի աշխատանոցներ ու ապագայի շինահրապարակներ ուր երիտասարդները հասուննան իրարու հետ հանդիպելով, իրար ճանչնալով ու բացայայտելով մօտ ու միաժամանակ իրարմէ տարբեր մշակոյթներ ու իրականութիւններ» աւելցուց Ան հաստատելով, որ այդպիսով է` որ «կը խորտակուին նախապաշարումները, կը խնամուին վէրքերը ու կարելի կ՛ըլլայ խուսափիլ արմատականութեան հռետորաբանութիւններէն»։
«Լաւապէս կազմաւորուած երիտասարդները կը կարողանան երկխօսութեան անսպասելի դռներ բանալ» շարունակեց Քահանայապետը հաստատելով, թէ եթէ «մենք կ՛ուզենք, որ անոնք նուիրուին Աւետարանին ու քաղաքականութեան վեհանձն սպասարկութեան, հարկ է, որ ամենէն առաջ մենք ըլլանք հաւատալի» ապա աւելցուց, թէ «կրթութեան առաջնահերթ մարտահրաւէրը այն է թէ երիտասարդները մանկութեան տարիքէն ի վեր իրար միջեւ «խառնուին», որպէսզի կարելի ըլլայ յաղթահարել պատնէշները, եւ ասոր կարող է սատարել Եկեղեցին ի սպաս դնելով իր կազմաւորման ցանցերը ու խթանելով «ստեղծագործ եղբայրութիւն»։
Քահանայապետը ակնարկեց ապա «միջերկրականի աստուածաբանութիւն» մը ստեղծելու մարտահրաւէրին, որ «կարողանայ միացնել սերունդները ու խթանել քրիստոնեաներու միջեւ համամիութիւնը ու տարբեր կրօններու միջեւ երկխօսութիւնը», յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտելով նաեւ Աստուծոյ Խորհուրդի մասին խորհրդածելու անհրաժեշտութիւնը, նշելով` որ պէտք է խուսափիլ զայն օգտագործելէ մէկու մը կամ միւսին հաշուին։
«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր շնորհակալ եմ ձեր համբերատար ունկնդրութեան համար ու ձեր յանձնառումին համար, յառաջ ընթացէք։ Եղէք բարիի ծով մը, դիմագրաւելու համար այսօրուայ աղքատութիւնները….եղէք հիւրընկալ նաւահանգիստ` ողջագուրելու համար աւելի լաւ ապագան փնտռողը, եղէք խաղաղութեան փարոս` հանդիպումի մշակոյթի միջոցաւ կոտրելու բռնութեան և պատերազմի մութ անդունդները» եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին վերջին յորդորը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ