Որոնել

Ukrainian airstrike survivor keeps visiting war-torn hometown near Russian positions

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Շարունակել աղօթել աշխարհի խաղաղութեան համար»

Պերլինի մէջ կայացած Sant'Egidio-ի կողմէ կազմակերպուած միջազգային աղօթքի հաւաքին ուղղած պատգամին մէջ Սրբազան Պապը նշեց թէ պատերազմը դադարեցնելու համար ռազմավարութիւններէն անդին պէտքը կայ խաղաղութեան յանդգնութեան
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Նախաձեռնութեամբ Սան Էճտիօ հասարակութեան, Սեպտեմբեր 10էն-12, Գերմանիոյ մայրաքաղաք՝ Պերլինի մէջ սկիզբ առաւ, խաղաղութեան համար աղօթքի միջազգային հանդիպումը մասնակցութեամբ աշխարհի կրօնական, քաղաքացիական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն։

Այս առթիւ, խաղաղութեան համար աղօթքի միջազգային հանդիպումի մասնակիցներուն յղած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նախ անդրադարձաւ հանդիպումի վայրին նշելով, որ այդ վայրին մէջ տեղի ունեցած է պատմական իրողութիւնը մը՝ երկու գերմանիաները բաժնող պատի փլուզումը, որմէ ետք «շատերուն աղօթքն ու քաջութիւնը բացին նոր հեռանկարներ. Ժողովուրդներուն համար ազատութիւն, ընտանիքներու վերամիաւորում, բայց նաեւ համաշխարհային խաղաղութեան նոր յոյս մը, պաղ պատերազմէն յետոյ», նշեց Սրբազան Հայրը դիտել տալով սակայն, որ «այսօր պատերազմը կը կործանէ աշխարհի շատ մը մասեր, Ափրիկէի եւ միջին արեւելքի մէջ ինչպէս նաեւ Եւրոպային մէջ՝ Ուքրանիոյ պատերազմը», որոնց դիմաց կարելի չէ հրաժարիլ ու անհրաժեշտ է խաղաղութեան յանդգնութիւնը, որ միջազգային աղօթքի հանդիպումին սիրտն է» նշեց Սրբազան հայրը աւելցնելով, որ խաղաղութեան յանդգնութիւնը խնդրուած մարգարէութիւն է բոլոր անոնցմէ որոնք իրենց ձեռքերուն մէջ ունին պատերազմի մէջ երկիրներուն ճակատագիրը, խնդրուած Միջազգային ընտանիքէն, բոլորիս կողմէ, յատուկէն հաւատացեալ այր մարդոց եւ կիներէն,, որպէսզի արձագանգեն հայրերու եւ մայրերուն ողբին, ինկածներու տանջանքին, կործանումի անօգտութեան, դատապարտելով պատերազմի խելագարութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ ընդգծեց, թէ խաղաղութեան յանդգնութիւնը յատուկէն մարտահրաւէր մըն է հաւատացեալներուն, որոնց մէջ դարձի կու գայ աղօթքով։ «Աղօթքի պնդումը յանդգնութեան առաջին ձեւն է ։
Չենք վախնար խաղաղութեան մուրացկաններ դառնալէ՝ միանալով այլ կրօններու եղբայրներու եւ քոյրերու ու բոլոր անոնց որոնք չեն յանձնուիր պատերազմներուն անխուսափելիութեան», նշեց Սրբազան Հայրը։

Ան  ապա պատգամը եզրափակեց նշելով, թէ ինք կը միանայ պատերազմներու աւարտին համար աղօթքներուն ու սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլորին։ Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց շարունակել աղօթել խաղաղութեան համար առանց յոգնելու, խոնարհ ու յամառ հոգիով զարնելով Աստուծոյ միշտ բաց սիրտն ու մարդոց դռները։ «Վստահ ենք, որ Տէրը միշտ կը լսէ իր զաւակներուն տագնապի աղաղակը», նշեց Սրբազան Հայրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2023, 19:00