Ֆրանչիսկոս Պապին եւ համալսարականներու միջեւ երկխօսութիւն. Building Bridges ծրագիրը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Յառաջիկայ 26 սեպտեմբերին, Ֆրանչիկոս Պապ առցանց հանդիպում կ՝ունենայ Հարաւային Ասիոյ տարբեր երկիրներու աշակերտներուն հետ։
Լատին Ամերիկիոյ եւ Չիքակոյի Լոյոլա Համալսարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած “Building Bridges ծրագիրին ծիրէն ներս աշակերտներուն Ֆրանչիսկոս Պապին հետ երրորդ հանդիպումի նպատակն է կամուրջներ կառուցել հարաւային Ասիոյ հետ։
Ֆրանչիսկոս Պապին սինոդական եկեղեցի դառնալու հրաւրէն ընդառաջելու նպատակով երրորդ Հանդիպումի գլխաւոր դերակատարներն են հարաւային Ասիոյ տարբեր շրջաններու երիտասարդները։
Յիշեալ միջոցառումը կը յաջորդէ 2022 թուականին փետրուար 24ին եւ նոյեմբեր 1ին, տեղի ունեցած հանդիպումներուն, ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ամերիկաներու եւ Ափիրէկի հարաւային սահարայի աշակերտներու միջեւ։
Նախատեսուած է, որ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Հարաւային Ասիոյ երիտաարդներու հետ հանդիպումը սփռուի առցանց Youtube-ի միջոցաւ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ