«Պատերազմը անգութ է` աղօթենք խաղաղութեան համար». Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի 23 օգոստոս 2023ին գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, հաւաքին մասնակցող ուխտաւորներուն տարբեր լեզուներով ուղղած իր ողջոյնի խօսքերու շարքին, Ֆրանչիսկոս Պապը Իտալացի ուխտաւորներուն ուղղած ողջոյնի խօսքի աւարտին յատուկէն ողջունեց նաեւ երիտասարդները, հիւանդները, տարեցներն ու նորապսակները, հրաւիրելով զանոնք հետեւելու Սուրբ Բարթողոմէոսի օրինակին, «որուն տօնը կը յիշատակուի վաղը» ըսաւ Սրբազան Պապը հայցելով, որ Ան օգնէ անոնց, որպէսզի «ըլլան Յիսուսին անկեղծ վկաները ու հաւատքով հանդուրժեն տառապանքը, մտաբերելով Աւետարանի առաքեալներուն ապրած ցաւերը»։
«Սուրբ Բարթողոմէոսի բարեխօսութեան կը յանձնենք նաեւ սիրելի Ուքրանիան, որ մեծապէս կը տառապի պատերազմի պատճառաւ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հրաւիրելով աղօթել Ուքրանիոյ համար ու հաստատելով, որ «պատերազմը անգութ է։ Բազմաթիւ մանուկներ անհետացած են, բազմաթիւ մարդիկ մահացած։ Աղօթենք խնդրեմ։ Չմոռնանք նահատակ Ուքրանիան» յարեց Ան ու հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը աւարտեց բոլորին շնորհելով իր օրհնութիւնները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ