Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Կեղտոտել ձեռքերը, կեանքը չկեղտոտելու համար»

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ«Սքոլաս Օքուրենթես»ի երիտասարդներուն հետ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 3 օգոստոսին, տեղական ժամանակացոյցով ժամը 10,40ին, Ֆրանչիսկոս Պապ Լիզպոնի մէջ այցելեց Cascais քաղաքին մէջ գտնուող Սքոլաս Օքուրենթեսի կեդրոնը։

Cascais քաղաքը Լիզպոնի արեւմուտքը գտնուող Փորթուկալի ծովափեայ քաղաք մըն է։ Ան յայտնի է իր աւազոտ լողափերով և աշխոյժ զբօսաշրջիկներու նաւահանգիստով։

Մինչ Սքոլաս Օքուրենթեսը, Պապական իրաւունքով բարեսիրական կազմակերպութիւնը մըն է, որ ստեղծուած է Արժանթինի մէջ այն ժամանակ կարդինալ Մարիօ Պերքոլիոյի կամքով։ Քահանայապետական բարեսիրական կազմակերպութիւնը ներկայ է աւելի քան 140 երկիրներուն մէջ եւ ունի աւելի քան 400 հազար կրթական կեդրոններ ըլլայ հանրային ըլլայ անձնական շրջանակներուն մէջ, որոնց կը յաճախեն աւելի քան մէկ միլիոն մանուկներ եւ պատանիներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ
Ֆրանչիսկոս Պապ

Սքոլաս Օքուրենթեսի երիտասարդներուն հետ հանդիպումի սկիզբը բարի գալուստի խօսք ուղղեց Սքոլաս Օքուրենթեսի նախագահը, ապա իրենց վկայութիւնները տուին երեք տարբեր կրօններու պատկան երիտասարդներ, որուն աւարտի ներկայացուեցաւ 3 քմ երկարութեամբ որմնանկարի գեղարուեստական յայտագիրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ Սքոլաս Օքուրենթեսի երիտասարդներուն կողմէ որմնանկարին նայելով ըսաւ, որ անիկա երիտասարդներուն ձեռքով գծագրուած Սիքստինեան մատուր մըն է։ 

Փաուլօ Էսաքա Օլիվէյրա Տէ Տիլա բողոքական երիտասարդուհի մը իր տուած վկայութեան մէջ նշեց, թէ իրեն համար Սքոլաս Օքուրենթեսը շատ գեղեցիկ փորձառութիւն մը է, որովհետեւ հոն առիթը ունեցաւ հանդիպելու տարբեր մշակոյթներու պատկան անձերուն հետ ինչպէս նաեւ հաշմանդամ, տարեց, անչափահաս անձերու հետ։

Իսկ կաթողիկէ Մարիանա Տօս Սանթոս Պառատաս երիտասարդուհին իր տուած վկայութեան մէջ նշեց թէ ինք Սքոլաս Օքուրենթեսի մէջ հանդիպած է տարբեր անձերուն հետ եւ կարողացած է կամուրջներ կառուցել հասարակութիւններու միջեւ եւ առիթը ունեցած է ճանչնալու իրարու միջեւ մեծ տարբերութիւն ունեցող անհատներուն հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապ
Ֆրանչիսկոս Պապ

Մինչ Ալատժէ Տապօ մահմետական երիտասարդը, յարեց թէ երբ ճանչցած է Սքոլասի դպրոցը անմիջապէս սիրահարուեած է անոր, որովհետեւ այդ դպրոցը կը համապատասխանէ իր փափաքներուն, որոնց շարքին նպաստել հասարակութեան բարօրութեան, խնամք տանելու մերձաւորին, որ Սքոլասի էական կէտերէն մին է։

Երիտասարդներուն վկայութիւնները ունկնդրելէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապ պատասխանելով անոնց հարցումներուն շեշտը դրաւ տագնապի գաղափարին վրայ յայտնելով որ «Տագնապին մէջ պէտք է միասին քալել եւ շատ քիչ առանցին ու միասնաբար յաղթահարելու համար տագնապները պէտք է յառաջ երթալ աճելով, ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ առանց տագնապի կեանք մը կը նմանի թորած ջուրի, անհամ ջուրի, որ կարելի չէ խմել եւ բանի մը չծառայեր։ Մինչ այդ տագնապը ըսաւ Սրբազան հայրը պէտք է ընդունուի, սեփականացուի, դիմագրաւուի ապա լուծուի, որովհետեւ անկէ՝ այսինքն այդ քաոսէն, որ իւրաքանչիւրս մեզմէ կը փորձարկէ կեանքին մէջ կրնայ ծնիլ տիեզերք մը։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց թէ մեր կեանքին մէջ կան ճգնաժամային պահեր, ուր չենք գիտեր ինչպէս ոտքի կենալ։ Հոս է որ կու գայ անձնական աշխատանքը, խմբային աշխատանքը։ Ֆրանչիսկոս Պապ երիտասարդներու դիտել տուաւ որ իրենք են տիեզերքը կազմողները։

Բարի Սամարացիին պատկերը
Բարի Սամարացիին պատկերը

Երիտասարդներու հետ հանդիպումի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ նուիրեց իրեն շատ սիրելի բարի Սամարացին պատկերացուած իքոն մը, ապա անդրադառնալով բարի Սամարացիին առակին նշեց թէ «Ոչ մէկը վստահ է, թէ Բարի Սամարացի մըն է, սակայն պէտք, որ բոլորս դառնանք բարի Սամարացիներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր պատգամը հրաւիրելով երիտասարդները հարց տալու եթէ գութ կը զգան կամ իրենց սիրտերը կարծր են նկատել տալով, որ յաճախ կեանքին մէջ պէտք է մեր ձեռքերը կեղտոտել, մեր սիրտը չ՝աղտոտելու համար։

Սքոլաս Օքուրենթեսի երիտասարդներուն հետ Հանդիպումի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ օրհնեց ձիթենիին ծառ մը։

Ֆրանչիսկոս Պապ
Ֆրանչիսկոս Պապ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2023, 13:01