Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւը Հաւայի մէջ բնական աղէտներու հետեւանքով արձանագրուած զոհերուն համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Միացեալ նահանգներու Հաուայ նահանգի Մաուի կղզիին մէջ բռնկուած հսկայ հրդեհներ հարուածեցին երաշտի եւ Տորա մրրիկի ենթարկուած տարածքները ու պատճառ դարձան աւելի քան 53 զոհերու։ Կանանչ կղզիներուն կառավարիչի խօսքերու համաձայն մեռեալներու եւ վիրաւորներու հաշուեկշիռը կտրուկ կերպով աճումի մէջ է հաշուի առնելով անյայտներուն բարձր թիւը, որոնք աւելի քան 1000 անձեր են։
Ամենէն շատ աւերուած ու մահ արձանագրուած է պատմական Լահայնա քաղաքին մէջ, որ գրեթէ 80 հարիւրը քանդուած է ու հրկիզուած են անտառները, բնակարաններն ու վաճառական կեդրոնները եւ ըստ կառավարիչին տուեալներուն աւելի քան մէկ միլիարտ վնաս արձանագրուած է ու տասնեակ հազար անձերը տեղահանուած են ։
«Կանգնած ենք Հաուայան կղզիներու այս սերունդի ամենամեծ բնական աղէտին դիմաց, նշուած է Հաուայի Կղզիներուն կառավարիչի յայտարարութեան մէջ ։
Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական գիրը
Ուրբաթ, 11 օգոստոսին, Վատիկանի պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթր Փարոլին Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւակցական գիր յղեց Միացեալ նահանգներու մէջ Պապական նուիրակ Գերապայծառ Քրիսթոֆ Փիերին։
Ցաւակցական գիրին մէջ կարդինալ Փարոլին Նորին Սրբութեան խոր ցաւը յայտնեց Մաուի կղզիներու մէջ հսկայ հրդեհներու հետեւանքով արձանագրուած զոհերուն եւ բարձր թիւով անյայտներու համար
Ֆրանչիսկոս Պապ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ այդ աղէտէն տառապողներուն, յատուկէն բոլոր անոնց որոնք իրենց սիրելիները կորսնցուցին կամ անհետացած են գրեց Կարդինալ Փարոլին աւելցնելով որ Քահանայապետը իր աղօթքը կ՝ապահովուէ զոհերուն, վիրաւորներուն եւ տեղահանուածներուն համար, ինչպէս նաեւ շատ օգնութեան հասնող անձերուն։
Վատիկանի Պետական քարտուղարը ցաւակցական գիրը աւարտած է նշելով որ Քահանայապետը որպէս Հոգեւորական նշան Ամենակալին խաղաղութեան եւ օրհնութիւնները կը հայցէ բոլորին վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ