Ֆրանչիսկոս Պապ. «Եկեղեցին թող աշխարհը Աւետարանով գրկէ»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 2 օգոստոսին, Լիզպոնի մէջ տեղական ժամանակացոյցով, յետմիջօրէին ժամը 5ին, Ֆրանչիսկոս Պապ Պապական նուիրակի պալատէն փոխադրուեցաւ Սրբուհի Մարիա Տէ Պելէմ անուան վանքը, որուն մուտքին դիմաւորուեցաւ Լիզպոնի պատրիարքին, Փորթուկալի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահին, տեղւոյն ժողովրդապետին կողմէ։ Ապա Երկու մանուկներուն կողմէ շնորհուած ծաղիկները ստանալէ ետք ֆրանչիսկոս Պապ ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ գլխաւոր խորանը, ուր տեղի ունեցաւ Եպիկոպոսցաց համահաւաք դասի նախագահին բարի գալուստի խօսքը ապա կատարուեցաւ ժամասացութեան արարողութիւնը, մասնակցութեամբ եպիսկոպոսներու, քահանաներուն, սարկաւագներուն, կրօնաւորներուն, նորընծաներուն եւ հովուական ծառայութեան գործիչներուն ։
Նորին Սրբութեան ուրախութիւնը Լիզպոնի մէջ երիտասարդներուն հետ ապրելու համար
Այս առթիւ արտասանած պատգամին սկիզբը Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց ԵՀՕ բազմաթիւ երիտասարդներուն հետ ապրելուն համար ինչպէս նաեւ անոնց հետ կիսելու եկեղեցական ուղեւորութիւնը, յոգնութիւններն ու յոյսերը։
Տիրոջ յանձնել մեր յոգնութիւններն ու արցունքները
Նորին Սրբութիւնը ապա մեկնաբանելով օրուան աւետարանական ընթերցումէն քաղուած Պօղոս Առաքեալի Տիմոթէոսի ուղղած հատուածը, ուր կը նշուի «Տէրը մեզ փրկեց եւ մեզ կանչեց ոչ թէ մեր գործերուն հիման վրայ այլ իր շնորհքին միջոցաւ» նշեց թէ «Այս տեղի ունեցաւ առաջին առաքեալներուն կեանքին մէջ երբ Յիսուս անցնելով տեսաւ երկու նաւակներ ու ուռկաններ լուացող ձկնորսներ։ Յիսուս մտնելով Սիմոնի նաւակին մէջ, ժողովուրդին իր խօսքը ուղղելէ ետք այդ ձկնորսներուն կեանքը փոխեց, հրաւիրելով զանոնք ծովու խորը երթալ ու ուռկանները ծովուն մէջ նետել։ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, թէ Աւետարանի այս հատուածին մէջ կայ հակասական բան մը. մէկ կողմէն ձկնորսները նաւակներէն կ՝իջնեն՝ ուռկանները լուալու, մաքրելու ու զանոնք պահելու համար, միւս կողմէ Յիսուս նաւուն մէջ կը մտնէ ու կը հրաւիրէ ուռկանները ծովուն մէջ նետել ձուկ որսալու համար։
Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ շատ անգամ եկեղեցական կեանքին մէջ կարելի է ապրիլ այս միեւնոյն յոգնութիւնը՝ երբ մեր ձեռքերուն մէջ կը սեղմենք դատարկ ուռկանները յորդորելով թէ պէտք է Տիրոջ տանիլ մեր յոգնութիւնները ու արցունքները, դիմագրաւելու համար հովուական ծառայութեան եւ հոգեւորական կացութիւնները ու միասնաբար փորձարկելու հետեւելիք նոր ուղի մը այն վստահութեամբ, որ Յիսուս կը շարունակէ մեր ձեռքերէն բռնել եւ կը վերականգնէ իր Սիրելի հարսը։
«Յիսուս կու գայ մեզ փնտռելու մեր սովորութիւններուն եւ տագնապներուն մէջ, մեզի օգնելու եւ վերականգնելու համար։ Այսօր՝ եւս Յիսուս կ՝անցնի գոյութենական ափերու վրայէն արթնցնելու համար յոյսը եւ մեզի ըսելու ինչպէս Աիմոնին ըսաւ ուռկանները նետել՝ ձուկ որսալու համար ։(Ղուկ 5,4)
Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց դարձեալ ուռկանները ծով նետել եւ աշխարհը ողջագուրել Աւետարանի յոյսով ընդգծելով, որ ասոր համար է կանչուած ենք եւ ժամանակը չէ կանգնելու, յանձնուելու եւ փախչելու այս վախցնող ժամանակէն եւ ապաստան գտնել անցեալին մէջ։ «Ոչ սա շնորհքի ժամանակն է, որ Տէրը մեզի կու տայ աւետարանութեան եւ առաքելութեան ծովը մտնելու ու այս կատարելու համար պէտք է կատարել երեք ընտրութիւններ ներշնչուած աւետարանէն, ըսաւ Սրբազան Հայրը
Նաւարկել
Առաջին՝ Նախ նաւարկել։ Ուռկանները ծովուն մէջ նետելու համար պէտք է ձգել անշարժութեան եւ մոլորութեան ափերը եւ հեռու մնալ այն քաղցր տխրութենէն ու այս պէտք է կատարել պարտուողականութենէն դէպի հաւատք անցնելու համար, ինչպէս Սիմոնը, որ յոգնած էր եւ ամբողջ գիշեր պարապ անցնելէ ետք, Յիսուսին ըսաւ, «Քու խօսքիդ համար ուռկանները կը նետեմ։(Ղուկ 5,5)։
Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց Լիզպոն ժամանած երիտասարդները առանց վախի ափ երթալու եւ բաց ծովուն վրայ դիմագրաւելու, որովհետեւ փոթորիկին եւ հովին մէջ Յիսուս կու գայ ըսելով «Արի՛ եղէք եւ եմ մի վախնաք» (Մատթ 14,27)».
Երկրորդ ընտրութիւնը։ Միասին տանիլ հովուական ծառայութիւնը։
Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ Աւետարանին հատուածին մէջ Յիսուս սուրբ Պետրոսին կու տայ պարտականութիւն մը՝ խոր տանելու նաւը ապա յոգնակի դէմքով կ՝ըսէ ուռկանները նետեցէք որսալու համար(Ղուկ 5,4): Պետրոսի յառաջ տարաւ նաւը, սակայն նաւուն մէջ կային բոլոր անոնք որոնք կանչուած էին ուռկանները ծովուն մէջ նետելու։ Եւ երբ ձուկերու բազմութիւնը որսացին անոնք մտածեցին, որ չեն կրնար մինակ աշխատիլ, հրաւիրեց երկու նաւու մէջ գտնուող որսակից ընկերները, գալու իրենց օգնելու, (Ղուկս 5,7), Այսպէսով երկու նաւակները ձուկերով լեցուցին։
Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց, թէ եկեղեցին սինոդական է, հաղորդութիւն է, փոխադարձ օգնութիւնը եւ ընդհանուր ուղեւորութիւն։ Եկեղեցւոյ նաւակին վրայ պէտք է տեղ ըլլայ բոլորին ու բոլոր մկրտեալները կանչուած են նաւ բարձրանալու եւ ուռկանները նետելու, անձամբ յանձնառու դառնալով Աւետարանը հռչակելու։
Երրորդ ընտրութիւնը։ Դառնալ մարդոց ձկնորսներ
Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, թէ Յիսուս առաքեալներուն կը յանձնէ աշխարհի ծովու ափերը երթալու պարտականութիւնը եւ յաճախ սուրբ գիրքին մէջ ծովը պատկերացուած է որպէս չարի եւ հակադիր ուժերու վայր, որոնց վրայ մարդիկ չեն կրնար տիրել։ Աւետարանը կեանքի աւետումն է մահուան ծովուն մէջ, ազատութիւնը՝ ստրկութեան մէջ, լոյսի աւետումը՝ խաւարին մէջ։
Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ այսօր ընկերութեան մէջ կան բազմաթիւ խաւարներ, նաեւ հոս՝ Փորթուկալի մէջ։
Մեզի, որպէս եկեղեցի տրուած է պարտականութիւնը մտնելու այդ ծովու ջուրերուն մէջ, իջեցնելով մեր հետ Աւետարանի ուռկանը, առանց մատնանշելու , այլ մեր ժամանակուան անձերուն փոխանցելով նոր կեանքի առաջարկը, Յիսուսի առաջարկը, փոխանցել Աւետարանի հիւրընկալութիւնը բազմամշակութային ընկերութեան մէջ, բերել Հօր մօտիկութիւնը աղքատ եւ անկայուն կացութիւններուն մէջ, որոնք կ՝աճին, նամանաւանդ երիտասարդներու միջեւ , բերել Քրիստոսի սէրը հոն ուր ընտանիքը դիւրաբեկ է եւ յարաբերութիւնները վիրաւորուած , սփռել Հոգիին ուրախութիւնը, ուր կը գերիշխէ բարոյազուրկում եւ ճակատագրականութիւն։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին ունկնդրութեան համար, անոնց կատարած աշխատանքին օրինակին եւ հաստատակամութեան համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ