Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց սրբուհի Էտիթ Սթայնի բարեխօսութեան վստահիլ Ուքրանիան՝ խաղաղութիւն վերագտնելու համար։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 9 օգոստոսին, Հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ յղեց նշելով, որ վերջին մի քանի օրերուն, Սլովենիոյ եւ Վրաստանի մէջ մահացած են շատ մը անձեր եւ արձանագրուած են նիւթական կորուստներ մէջ բնական երեւոյթներու պատճառով։
Նորին Սրբութիւնը կոչին մէջ իր աղօթքը ապահովուեց բնական աղէտէն մահացած զոհերուն համար, իր մօտիկութիւնը յայտնելով զոհերու ընտանիքներուն ինչպէս նաեւ աղէտէն տառապողներուն, հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց օգնութեան հասնող բոլոր անձերուն յատուկէն կամաւորներուն։
Կոչի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ յատուկէն ողջունեց հիւանդները, երիտասարդները, տարեցները եւ նորապսակները ըսելով, որ այսօր կը նշուի Եւրոպայի պաշտպան համասուրբ՝ նահատակ, Կոյս սրբուհի «Edith Stein» Խաչի սրբուհի Թերեզա Պենետէթային տօնը մաղթելով, որ Անոր վկայութիւնը խթանէ ժողովուրդներուն միջեւ երկխօսութեան եւ օգնութեան յանձնառութեան եւ խտրականութեան ու բռնութեան բոլոր ձեւերուն դէմ նուիրուածութեան, խնդրելով նաեւ Խաչի սրբուհի Թերեզա Պենետէթային բարեխօսութեան վստահիլ Ուքրանիոյ ժողովուրդը, որպէսզի կարենայ շուտով խաղաղութիւն վերագտնէ։
Նորին Սրբութիւնը յիշեց նաեւ Պրազիլի Պէլէմ Տօ Փարա քաղաքին մէջ, երեկ 8 օգոստոսին սկիզբ առած Ամազոնի համագործակցութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներուն գագաթնաժողովը, ապահովուելով իր աղօթքը այդ հանդիպումի յաջողութեան համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ