Ֆրանչիսկոս Պապ. Յիսուսին աշակերտներն ենք եթէ կը հետեւինք անոր սիրոյ պատուիրանին։
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Ուրբաթ 25 օգոստոս 2023ին ընկերային X ցանցին վրայ կատարած գրառումով Քահանայապետը ուզեց ընդգծել թէ մենք իսկապէս Յիսուսին աշակերտներն ենք եթէ հետեւինք անոր սիրոյ պատուիրանին։
Նորին Սրբութիւնը արդարեւ գրեց.
Նորին Սրբութեան այս խօսքերը քաղուած են անոր մէկ քարոզէն զոր արտասանած էր Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ` 15 մաղիս 2022ին նախագահած Սրբադասման արարողութեան ընթացքին, որուն առիթով ի միջի այլոց Խորաններու Պատուոյն արժանացան Մարիա Տոմենիքա Մանթովանին, Մարիա Ֆրանչեսքա տի Ճեզու Ռուպաթթոն, Ճուսթինօ Մարիա Ռուզոլիլոն, Լուիճի Մարիա Բալացոլօ, Սեզար տէ Պիւս, Մարիա Ռիվիէ, Մարիա Տի Ճեցու Սանթոքանալէ եւ հնդիկ առաջին աշխարհական Թիթուս Պրանտզամ ու փոքր քոյրերու եւ փոքր եղբայրներու միաբանութեան հիմնադիր Շարլ Տը Ֆուքոն`
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ