Հունգարիոյ նախագահ Տիկ Նովաքին այցելութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, որ այսօր` 25 օգոստոսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց վսեմափայլ Տիկ Քաթալին Նովաքին` Հունգարիայի Հանրապետութեան նախագահին, որ ապա հանդիում ունեցած է Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարլինին հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւնիններու ենթաքարտուղար` Գերապայծառ Միվոզլաւ Վաչովսքին։
Պետքարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ հանդիպումին ընթացքին, անդրադառնալէ ետք 2023ի ապրիլի 28-էն 30-ը Քահանայապետին Պուտապեշտ կատարած առաքելական ճամբորդութեան, քննարկուեցան ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող որոշ թեմաներ, ինչպիսիք են ընտանիքը և քրիստոնէական արժէքները։
Զրոյցի ընթացքին ուշադրութեան կեդրոն հանդիսացաւ նաեւ ուքրանիոյ պատերազմը՝ յատուկ անդրադարձ կատարելով մարդասիրական իրավիճակին, ինչպէս նաև հակամարտութեան դադարեցման ուղղուած ջանքերուն։ Ապա յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ կրօնական ազատութեան թեմայի և աշխարհի մէջ հալածուած քրիստոնեաներու իրավիճակի մասին։
Սրբազան Պապին ու Հունգարիոյ Նախագահ Տիկ Նովաքին միջեւ հանդիպումը տեւեց 45 վայրկեան որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց Նախագահին ընկերացող պատուիրակութեան անդամները ու տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակումը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ