Քահանայապետը կիսեց որդեկորոյս Լուքայի մօր արցունքները
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Քահանայապետն ու Լուքայի մայրը իրար հետ լացին»։ Այս խօսքերով է որ Միլանոյի օգնական եպիսկոպոս Գերապայծառ Լուքա Ռայմոնտին, Վատիկան Նիուզին պատմեց Ֆրանչիսկոս Պապին եւ 24 ամեայ երիտասարդ Լուքա Տէ Սարտույի մօր միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային խօսակցութիւնը, Լուքայի Լիզպոնի ԵՀՕ վերադարձին ծանր վիրուսի մը վարակումի հետեւանքով մահուան առիթով։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը
Երիտասարդ Լուքային յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ուրբաթ 18 օգոստոսին Վարեզէ քաղաքի «Sant’Ilario a Marnate» եկեղեցւոյ մէջ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմաթիւ հաւատացեալներ մարդկային ջերմութիւն ու մօտիկութիւն ցուցաբերելով Լուքայի ընտանիքին։
Քահանայապետին մօտիկութիւնը
Այդ մարդկային մօտիկութեան մասնակցեցաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը, որ հազիւ լուրը իմացաւ հեռաձայնային կապ պահեց երիտասարդին մօրը հետ, հինգշաբթի 17 օգոստոսին, ու մայրը այդ զրոյցին մանրամասնութիւնները պատմեց Միլանոյի օգնական եպիսկոպոս Գերապայծառ Լուքա Ռայմոնտիին, անորմէ խնդրելով, որ շնորհակալութիւնները փոխանցէ Սրբազան Պապին «որ զիս մխիթարեց հօր մը նման» ըսաւ Լուքային մայրը։
«Քահանայապետը կիսեց այդ մօր արցունքները եւ այս մէկը զիս յուզեց, շատ գեղեցիկ բան է» ըսաւ ի միջի այլոց Միլանոյի օգնական եպիսկոպոսը որ խօսելով Լուքայի մասին նշեց, թէ Ան կայտառ երիտասարդ մըն էր ու գործունեայ ժողովրդապետական կեանքէն ներս ու մաս կը կազմէ Ացիոնէ Քաթթոլիքա շարժումին։
Լուքային կտակը
Ան, ըսաւ միշտ գերապայծառ Ռայմոնտի համոզումով մասնակցեցաւ Լիզպոնի ԵՀՕ եւ այսօր քարոզիս մէջ յիշեցի Ֆրանչիսկոս Պապին ԵՀՕ ընթացքին առաջարկած երեք բայերը` փայլիլ, ունկնդրել եւ չվախնալ։ Լուքային կեանքը արդարեւ փայլ մըն էր, ան փայլեցաւ որովհետեւ իր մէջ ունէր հաւատքի պատճառներ, փայլեցաւ որովհետեւ բարի էր եւ որովհետեւ հակառակ յաջողութեան, իշխանութեան ու տեսանելիութեան տրամաբանութեան ան ըսած էր. «Ես կը հետեւիմ Յիսուսի Աւետարանին ու զայն կը փոխանցեմ նաեւ ինձմէ աւելի երիտասարդ պատանիներուն»։
Լուքայի մահուան լուրը տարածուեցաւ համայն ԵՀՕ մասնակցող երիտասարդներուն միջեւ եւ ԵՀՕ կազմակերպող Կոմիտէի նախագահ գերապայծառ Ամերիքօ Ակիյարը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց`թէ «Համայն Փորթուկալը աղօթքով կը միանայ Լուքայի մահուան գոյժին»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ