Քահանայապետը Աստուածամօր յանձնեց Մոնկոլիայի ճամբորդութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Իր սովորութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Պապը Մոնկոլիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին` չորեքշաբթի 30 օգոստոսի յետմիջօրէին այցելեց Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարը ու այնտեղ պահպանուած եւ սուրբ Ղուկաս աւետարանիչին վերագրուած «Սալուս Փոփուլի Ռոմանի – Հռոմի ժողովուրդի փրկութիւն» Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ ամփոփուեցաւ աղօթքի մէջ Աստուածամօր յանձնելով վաղը հինգշաբթի 31օգոստսին սկիզբ առնող Քահանայապետութեան 43րդ առաքելական ճամբորդութիւնը զոր զինք պիտի առաջնորդէ Մոնկոլիայի մայրաքաղաք Ուլաանպաթար։
Սրբազան Պապին Մարիա Մաճճորէ տաճար այցելութեան լուրը կը կարդանք Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տարածած մէկ հաղորդագրութեան մէջ
Այս 111րդ անգամն է որ Ֆրանչիսկոս Պապը` առաքելական ճամբորդութեան մը առիթով կ՜այցելէ Մարիա Մաճճորէ տաճարը։ Նորին Սրբութիւնը Մոնկոլիայէն կը վերադառնայ երկուշաբթի 4 սեպտեմբերին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ