Որոնել

2018.09.10 pino puglisi

Քահանայապետին նամակը Հայր Փուլյիզիի մահուան երեսուներորդ տարելիցին առիթով

Փալերմօ Թեմին արքեպիսկոպոսին ուղղած նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը յատուկէն անդրադարձաւ Հայ Փուլյիզիի տիպարին որ «հետեւելով Յիսուսին սիրոյ ճանապարհով քալեց մինչեւ վերջ» դառնալով «հեզ ու խոնարհ բարի հովիւը, որ մէկիկ մէկիկ կը ճանչնար իրեն յանձնուած երիտասարդները...ու զանոնք կրթեց ըլլալու ազատ, սիրելու կեանքը ու զայն յարգելու»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան 

Մաֆիայի զոհ Փալերմօ Թեմի քահանայ` Հայր Փինօ Փուլյիզիին մահուան երեսուներորդ տարելիցին առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` Փալերմոյի Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Քորրատօ Լորէֆիչէին ուղղած նամակով ուզեց հոգեպէս միանալ Փալերմօ Թեմին հաւատացեալներու աղօթքին, հրաւիրելով կղերական դասը հետեւելու հաւատքի մարտիրոս Հայր Փուլյիզիի օրինակին, հոգ տանելով աղքատներուն, աւելիով դիւրաբեկներուն ու վերջիններուն եւ միացած ըլլալով ամօթալի «լռութեան դէմ», յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով երիտասարդներուն։

Խաղաղութեան գործիչը

Քահանայապետը յիշեց թէ Հայր Փուլյիզին ողբերգական ձեւով աւարտեց իր երկրային կեանքը ճիշտ այն վայրին մէջ ուր Ան որոշած էր դառնալ «խաղաղութեան գործիչ», սերմանելով փրկութիւն պարգեւով Խօսքը, որ սէր ու ներում կը հռչակէ, շրջանի մը մէջ, որ շատերու համար «չոր ու քարքարուտ էր» բայց ուր «Աստուած միասին աճեցնել տուաւ որոմն ու ցորենը»։

Երանելի Փուլյիզին

Երանելի Փուլյիզին որպէս  Փալերմօ թեմի քահանայ, քաջատեղեակ ըլլալով  քաղաքի մէջ տիրող վախի ու սպառնալիքի  իրավիճակին, մաֆիային կողմէ գործադրուած ոճրային արարքներուն պատճառաւ, վճռած էր ծառայել քաղաքին ամենէն վտանգաւոր վայրերուն մէջ,  յատուկէն  իր այս ծառայութիւնը նուիրելով երիտասարդներուն, ջանալով զանոնք ներգրաւել ժողովրդապետութեան գործունէութեան մէջ ու հեռացնել մաֆիայի որոգայթներէն։

Ան բացայայտօրէն պայքարեցաւ մաֆիայի դէմ եւ անոր օրինակելի գործունէութիւնը ու քաջութեան համբաւը պատճառ դարձան որ այս վերջինիս անդամները զինք սպանեն՝ 15 սեպտեմբեր 1993-ին, ճիշտ անոր 56-րդ տարեդարձին օրը։

Անոր մահուընէ 20 տարիներ ետք՝ 25 մայիս 2013-ին, Փալերմոյի «Ֆորօ Իթալիքօ» այգիին տարածքին տեղի ունեցաւ Հայր Փուլյիզիի երանացման արարողութիւնը, 100 հազարէ աւելի հաւատացեալներու ներկայութեամբ։  Ան նկատուած է մաֆիայէն սպաննուած եկեղեցւոյ առաջին մարտիրոսը։

Յիսուսի սիրոյ ճանապարհին վրայ քալող կղերականը

Փալերմօ Թեմին արքեպիսկոպոսին ուղղած նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը յատուկէն անդրադարձաւ Հայր Փուլյիզիի տիպարին որ «հետեւելով Յիսուսին, սիրոյ ճանապարհով քալեց մինչեւ վերջ» դառնալով «հեզ ու խոնարհ բարի հովիւը, որ մէկիկ մէկիկ կը ճանչնար իրեն յանձնուած երիտասարդները...ու զանոնք կրթեց ըլլալու ազատ, սիրելու կեանքը ու զայն յարգելու»։

«Ան յանձնառու էր ընտանիքի պաշտպանութեան գործին մէջ ու յատկապէս մանուկներուն պաշտպանութեան մէջ, որոնց փոխանցեց արժանապատիւ կեանքի արժէքները...ինքզինք նուիրելով սիրոյ համար եւ ողջագուրելով խաչը մինչեւ արեան հեղում», գրեց ի միջի այլոց Սրբազան Քահանայապետը քաջալերելով Սիկիլիոյ մէջ ապրող ու ծառայող կղերականները կանգ չառնելու մարդկային եւ ընկերային «վէրքերուն» դիմաց ու «սիւնհոդոսի զատորոշումի ուղիով զարկ տալու   այսօրուայ կարիքներուն համապատասխանող նորոգուած հովուական ծառայութեան մը... կառուցելու համար նոր մարդկայնութիւն» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը մէջբերելով Հայր Փուլյիզիին խօսքերը. «եթէ մեզմէ իւրաքանչիւրը փոքր բան մը ընէ կը նշանակէ թէ կարող ենք  շատ բաներ ընել»։

Յոյս ներշնչել, ըլլալ միացած 

Ըստ Ֆրանչիսկոս Պապին այս մէկը կարելի իրականացնել «հաղորդութեան, միասին քալելու, Գլուխին միացած մէկ մարմին ըլլալու» միջոցաւ «ամենուրէք ըլլալով Բարի Հովիւին տիպարը», ըլլալով  նաեւ «յանդուգն ու անվախ», յոյս ներշնչելով մասնաւորապէս աւելիով դիւրաբեկներուն ու «յատկապէս երիտասարդներուն, որոնք ապագայի յոյսն են»։ 

«Հայր Փինօ Փույիզիի զինաթափող ժպիտը թող խրախուսէ ձեզ, ըլլալու համար երջանիկ և խիզախ աշակերտներ, որոնք տրամադիր ըլլան առաջին հերթին ներքին մշտական ​դարձի, որ աւելիով պատրաստ կը դարձնէ ծառայելու  եղբայրներուն, հաւատարիմ մնալով  քահանայական խոստումներուն և հլու՝ հնազանդելու համար Եկեղեցւոյ» եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Փալերմօ Թեմի կղերին ուղղած վերջին յորդորը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/08/2023, 08:00