«Դէպի ո՞ւր կը նաւարկես Եւրոպա» Ֆրանչիսկոս Պապին Լիզպոնի մէջ արտասանած առաջին ճառը
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Լիզպոնի բազմամշակութային ու բազմացեղային իրականութիւնը, Եւրոպան ու անոր խաղաղութեան ի սպաս դերակատարութիւնը, մարդկութեան առջեւ կայացած խնդրայայրողց հարցերու միասնական դիմագրաւումը, Մարդկային կեանքի պաշտպանութիւնը, երիտասրադներուն յոյսը, բնութիւնը, ապագան եւ եղբայրութիւնը եղան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Լիզպոնի մէջ արտասանած առաջին ճառին կեդրոնական նիւթերը, զոր Ան ներկայացուց չորեքշաբթի 2 օգոստոսին, Փորթուկալ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս «Պելենի» մշակութային կեդրոնին մէջ քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին։
Այս հանդիպումէն առաջ Սրբազան Պապը Փորթուկալի նախագահական պալատին մէջ առանձնազրոյց ունեցած էր Երկրի նախագահ Տիար Մարսելօ Ռեպելօ Տէ Սուզային հետ։
Լիզպոնի բազմամշակութային ու բազմացեղային իրականութիւնը
Քաղաքական իշխանութիւններուն յղած իր պատգամին սկիզբը Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն վերապահուած հիւրընկալութեան համար եւ ուրախութիւն արտայայտեց Լիզպոն գտնուելուն համար` որ ըսաւ Ան «հանդիպումի քաղաք է, որ կ՛ ողջագուրէ աշխարհի տարբեր ժողովուրդներ եւ մշակոյթներ», ակնարկելով նաեւ անոր բազմամշակութային ու բազմացեղային յատկութիւններուն, «ինչպէս Մուրարիա թաղամասը` ուր աւելի քան վաթսուն երկիրներէ ժամանած մարդիկ իրար հետ կ՛ապրին ներդաշնակութեան մէջ»։
Միասնութեան կարեւորութիւնը
Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց հուսկ Փորթուկալի աշխարհաքաղաքացիական բնոյթին, որ իր «արմատները մխրճած է աշխարհին բացուելու իղձին մէջ ու զայն ուսումնասիրելու՝ նաւարկելով դէպի նոր ու աւելի լայն հորիզոններ» ըսաւ Ան ապա նշեց, թէ «Դարեր շարունակ շատերուն համար Լիզպոնը նկատուած էր աշխարհիս ծայրամասը...որովհետեւ այս Երկիրը սահմանակից է ովկիանոսին, որ կը սահմանէ ցամաքամասերը» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը, մէջբերելով փորթուկալական աւանդութեան պատկանող տարբեր խօսքեր ու հաստատելով, որ «Ովկիանոսին դիմաց փորթուկալցիները կը խորհրդածեն աշխարհի մէջ կեանքի իմաստի եւ հոգիի լայնածաւալ տարածքներու մասին» ու ասկէ մեկնելով ներկաներուն հետ կիսեց մի քանի մտածումներ սկսեալ այն իրականութենէն թէ «Լիզպոնը` որ Ովկիանոսի քաղաք է կը յիշեցնէ միասնութեան կարեւորութիւնը, սահմանները մտածել ոչ որպէս բաժնող եզրեր այլ որպէս շփման տարածքներ»:
Լիզպոնը` քայլափոխութիւն առաջարկող քաղաք
Այս առնչութեամբ Սրբազան Պապը ակնարկեց աշխարհը յուզող հարցերուն, որոնք կարիքը ունին միասնական յանձնառութեան, թէեւ շատ անգամ «կը թուայ թէ չկայ այդ կարողութիւնը» յարեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով` որ «Լիզպոնը կարող է քայլափոխութիւն առաջարկել, տրուած ըլլալով որ 2007-ին այստեղ ստորագրուած է Եւրոպական միութեան բարեփոխումներու պայմանագիրը, ուր կը հաստատուի թէ «Միութեան նպատակն է խթանել խաղաղութիւնը, անոր արժէքները եւ իր ժողովուրդներուն բարօրութիւնը» ապա «Մնացեալ աշխարհի հետ յարաբերութիւններուն մէջ [...] կը նպաստէ խաղաղութեան, անվտանգութեան, Երկրի կայուն զարգացմանը, ժողովուրդներու միջև համերաշխութեան և փոխադարձ յարգանքին, ազատ և արդար առևտուրին, աղքատութեան վերացման և մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան»։
«Այս բոլորը միայն խօսքեր չեն, այլ անկիւնաքարեր եւրոպական միութեան ուղեւորութեան համար, որոնք քանդակուած են այս քաղաքի յիշողութեան մէջ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը նշելով, որ Լիզպոնը կը յիշեցնէ նաեւ հանդիպումի աւելի լայնատարած ուղիներ բանալու հարկաւորութիւնը, այնպէս ինչպէս կ՛ընէ Փորթուկալը հանդիպելով այլ ցամաքամասերու երկիրներու հետ, որոնք կը կիսեն իր միեւնոյն լեզուն։
Եւրոպայի կամուրջի ու խաղաղարարի դերակատարութիւնը
Նորին Սրբութիւնը ապա յոյս յայտնեց, որ ԵՀՕ ըլլան խթան տիեզերական բացուածքի մը համար, որովհետեւ «աշխարհը կարիքը ունի իսկական Եւրոպայի մը, անոր կամուրջի ու խաղաղարարի դերակատարութեան»։
Այսպիսով, Եւրոպան կը կարողանայ միջազգային ասպարէզ դուրս բերել իր իւրայատուկ ինքնատիպութիւնը, որ ի յայտ եկաւ անցեալ դարուն մէջ, երբ համաշխարհային հակամարտութիւններու խառնարանէն դուրս բերաւ հաշտեցման կայծը, իրականութիւն դարձնելով երեկուայ թշնամիին հետ վաղուայ օրը կառուցելու երազանքը, նախաձեռնելով երկխօսութեան և ներառման ուղիներ, զարգացնելով խաղաղութեան դիւանագիտութիւն մը, որ կը մարէ հակամարտութիւնները և կը թուլացնէ լարուածութիւնը...» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։
Խաղաղութեան խիզախ ուղիներու պակասը. դէպի ու՞ր կը նաւարկես Եւրոպա
«Պատմութեան ովկիանոսին մէջ մենք կը նաւարկենք փոթորկոտ ծովուն հանգուցալուծման մէջ, և խաղաղութեան խիզախ ուղիներու պակասը կայ: Սրտագին ջերմութեամբ նայելով Եւրոպային, զայն յատկանշող երկխօսութեան հոգիին մէջ, կարելի է հարց տալ. Դէպի ու՞ր կը նաւարկես եթէ չես առաջարկեր խաղաղութեան ճանապարհներ, չես նուիրէր ստեղծագործ ուղիներ` վերջ դնելու համար Ուքրանիոյ պատերազմին եւ աշխարհը արիւնող բազմաթիւ հակամարտութիւններուն։ Ապա ո՞ր ուղղութեան կը հետեւիս` դէպի Արեւմու՞տք։ Քու արհեստագիտութիւնդ , որ առաջընթաց արձանագրեց և համաշխարհայնացուց աշխարհը, ինքնին բաւարար չէ, ոչ ալ բաւական են ամենաբարդ զէնքերը, որոնք ոչ թէ ապագայի համար ներդրումներ կը ներկայացնեն, այլ իրական մարդկային ներուժի աղքատացում՝ կրթութեան, առողջապահութեան, սոցիալական, պետութեան աղքատացում:
Մարել պատերազմի բռնկումները ու վառել յոյսի լոյսեր
«Մտահոգիչ է, երբ կը կարդանք, որ շատ տեղերու մէջ ներդրումներ կը կատարուին զէնքերու վրայ փոխանակ զաւակներու ապագայի վրայ» ըսաւ Քահանայապետը աւելցնելով, «Ես կ՛երազեմ Եւրոպա մը, Արևմուտքի սիրտ, որ լաւապէս կ՛ օգտագործէ իր հնարամտութիւնը, մարելու համար պատերազմներու բռնկումները և վառելու յոյսի լոյսերը. Եւրոպա, որ գիտէ ինչպէս վերագտնել իր երիտասարդ հոգին, երազելով միասնութեան մեծութիւնը եւ երթալով անմիջականի կարիքներէն անդին. Եւրոպա, որ կը ներառէ ժողովուրդներ և անհատներ՝ չհետապնդելով տեսութիւններ և գաղափարական գաղութացումներ»։
Մարդկային կեանքը պաշտպանել
Սրբազան Քահանայապետը առ այդ շեշտը դրաւ կեանքի պաշտպանութեան կարեւորութեան վրայ ու յատկապէս անծին մանուկներու ու լքուած տարեցներու կեանքին պաշտպանութիւնը։ Ակնարկեց նաեւ հիւրընկալութեան կարեւորութեան, պաշտպանելով, խթանելով եւ ընդելուզելով անոնք` որոնք հեռուէն կու գան ու կը թակէն մեր դռները, եւ ակնարկեց բազմաթիւ ընտանիքներուն` որոնք կ՛ապրին առանձնութեան ու դժուարութեան մէջ։
«Դէպի ու՞ր կ՛երթաս Եւրոպա եւ Արեւմուտք» հարց տուաւ դարձեալ Սրբազան Պապը, դէպի ու՞ր կ՛երթաք եթէ` ի տես ապրելու դժուարութեան կը նուիրէք արագ ու սխալ լուծումներ, ինչպէս հեշտամահը, որ կը թուայ ըլլալ անուշ լուծում սակայն աւելի դառն է քան ծովուն ջուրերը։
Աւետարանին յոյսը կիսող Երիտասարդներ
Քահանայապետը խօսքը կեդրոնացուց ապա Լիզպնի մէջ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր երիտասարդներուն վրայ, զանոնք ներկայացնելով որպէս յոյսի պատճառ, շնորհակալութիւն յայտնելով այն մեծ աշխատանքին համար զոր կատարուեցաւ կազմակերպելու համար այս համաշխարհային օրերը։
Երիտասարդներու կողքին կարելի չէ ծերանալ ասացուածքէն մեկնելով Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց համայն աշխարհէն ժամանած բազմաթիւ երիտասարդներուն, որոնք ըսաւ Ան կը մշակեն միութեան, խաղաղութեան եւ եղբայրութեան իղձերը, ու մեզ կը խրախուսեն իրականացնելու իրենց բարիի երազները։ Անոնք ճամբաները դափուած են ոչ թէ բարկութիւն աղաղակելու այլ կիսելու Աւետարանին յոյսը, որովհետեւ «ԵՀՕ առիթ է կառուցելու միասին» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը առաջարկելով յոյսի երեք աշխատանոցներ` ուր բոլորս կարող ենք միասին աշխատիլ` բնութիւնը, ապագան եւ եղբայրութիւնը։
Բնութիւնը
Արարչագործութեան պաշտպանութիւնը համընդհանուր հարց է, որուն կոչուած ենք սատարելու բոլորս` պահպանելով զայն, մտածելով նոր սերունդներուն։ «Ի՞նչպէս կրնանք ըսել թէ կը հաւատանք երիտասարդներուն եթէ անոնց առողջ տարածք չենք նուիրէր կառուցելու համար ապագան» հարց տուաւ Սրբազան Պապը ու խօսեցաւ ապագայի մասին։
Ապագան ու երիտասարդները
«Ապագան երկրորդ աշխատանոցն է ու ապագան երիտասարդներն են սակայն զանոնք յուսալքումի մատնող շատ հարցեր կան, ինչպէս աշխատանքի պակասը, կատաղի ռիթմերը, որոնց մէջ ընկղմած են, ապրելու արժէքի բարձրացումը, տուն գտնելու դժուարութիւնը և առաւել մտահոգիչ՝ ընտանիք կազմելու և երեխաներ ունենալու վախը» յարեց Սրբազան Պապը ակնարկելով նաեւ Եւրոպայի մէջ ժողովրդագրական տագնապին եւ այս ուղղութեամբ քաղաքականութեան պարտականութիւններուն հանդէպ ընտանիքներուն` խթանելու համար միջսերնդային դաշնութիւն մը` ընդմէջ տարեցներուն եւ երիտասարդներուն։
Այս ուղղութեամբ Քահանայապետը կարեւորեց կրթութիւնը որ կոչուած է փոխանցելու աւանդութիւնը եւ արժեւորելու մարդուն հոգեւորի կարիքը ու խթանելու ընկերային բարեկամութիւնը։
Եղբայրութիւնը
«Յոյսի վերջին աշխատանոցը եղբայրութիւնն է, զոր մենք՝ քրիստոնեաներս, կը սորվինք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսէն», ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով Փրոթուկալի տարբեր վայրերուն մէջ դրացիութեան եւ զօրակցութեան աւանդութեան, ու բացատրելով թէ բոլորս կանչուած ենք մշակելու հասարակութեան իմաստը, սկսելով փնտռել մեր կողքին ապրողները, որովհետեւ ինչպէս կ՜ըսէ Փորթուկալցի գրող Սարամակոն` «հանդիպումի իսկական իմաստը փնտռտուքն է», ու թէ «պէտք է շատ ճամբայ կտրել հասնելու համար այն բանին որ մեզի մօտ է (Todos os nomes, 1997)։
Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը թելադրեց մէկդի դնել հակառակութիւնները եւ տեսութիւններու տարբերութիւնները, որպէս օրինակ ներկայացնելով երիտասարդները, որոնք իրենց խաղաղութեան աղաղակով եւ կեանքը ապրելու ցանկութեամբ մեզ կը մղեն քանդելու պատկանելիութեան պատնէշները, որոնք կառուցուած են յանուն տարբեր հաւատալիքներու եւ գաղափարներու։
Յոյս պարգեւել աշխարհին
Քահանայապետը ապա յիշեց «Missão País» նախաձեռնութիւնը, որ հազարաւոր երիտասարդներուն առիթ կու տայ Աւետարանի Հոգիով արուարձաններու մէջ ապրելու միսիոներական զօրակցութեան փորձառութիւններ` այցելելով բազմաթիւ միայնակ տարեցներ եւ ասկէ մեկնելով շնորհակալութիւն յայտնեց ու քաջալերեց Փորթուկալի մէջ այն բազմաթիւ անձերը` որոնք կը զբաղին ուրիշներով, տեղական Եկեղեցիէն սկսեալ, որ «հեռու ուշադրութեան կեդրոնէն շատ բարիքներ կը գործէ», ապա խօսքը աւարտեց հրաւէր ուղղելով բոլորին որպէսզի իրենք զիրենք կոչուած զգան «յոյս պարգեւելու աշխարհին, որուն մէջ կ՛ապրին ու նաեւ այս սքանչելի Երկրին» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ