Որոնել

2023.08.13 Assemblea generale della HOAC, movimento lavoratori della Azione Catolica

Քրիստոնեաները զօրակից ըլլան աշխատանքի անկայունութեան մէջ գտնուողներուն հետ. Ֆրանչիսկոս Պապ

Սպանական Ացիոնէ Քաթթոլիքա աշխատաւորներու Եղբայրութեան «Hoac»ին ուղղած պատգամի մը մէջ Սրբազան Պապը կը խօսի աշխատանքի արժանապատւութեան մասին ու կը հաստատէ որ աշխատանքը միջոց է` որով մենք կը մասնակցինք Աստուծոյ արարչագործութեան գործին ու կը կատարելագործուինք որպէս մարդ արարածներ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Աշխատանքը պարզ արտադրողական գործունէութիւն մը չէ այլ միջոց, որով մենք կը համագործակցինք Աստուծոյ արարչագործութեան գործին ու մենք մեզ կը լիացնենք որպէս մարդ արարածներ» ու Եկեղեցին պէտք է կանգնի աշխատազուրկներու կողքին»։ Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերն են ասոնք, զոր ուղղեց «Hermandad Obrera de Acción Católica, Hoac» Սպանական Ացիոնէ Քաթթոլիքա աշխատաւորներու Եղբայրութեան` որ Սպանիայի Սեկովիայ քաղաքին մէջ գումարած է իր 14րդ ընդհանուր Ժողովը որպէս բնաբան ունենալով. «Կառուցել կամուրջներ ու վար առնել պատնէշները։ Եկեղեցին աշխատանքի աշխարհին մէջ կը հիւսէ եղբայրութեան կապեր»։

Աշխատանքը մարդկային կեանքի ու արժանապատւութեան տարր

Քահանայապետը գնահատեց կազմակերպութեան աշխատանքը ու անոր յանձնառումը` ըլլալու «աշխատանքի աշխարհին մէջ քալող Եկեղեցի մը» ու ասկէ մեկնելով ընդգծեց աշխատանքի կարեւորութիւնը, որպէս մարդկային կեանքի ու արժանապատւութեան հիմնական տարր մը։

Եկեղեցին աշխատազուրկերու կողքին

Յղում կատարելով Աւետարանի Ուրախութիւնը իր շրջաբերականին Քահանայապետր հրաւէր ուղղեց ըլլալու «կուժ անհատներ` ուրիշներուն ջուր տալու համար» ապա հաստատեց` որ Եկեղեցին չի կրնար սահմանուիլ ճառեր ներկայացնելով, այլ պէտք է ըլլայ «զօրակցութեան ու աջակցութեան յարատեւ վկայութիւն» անոնց համար` որոնք կը գտնուին աշխատանքային եւ ընկերային դիւրաբեկութեան մէջ։ Ան պէտք է ըլլայ մօտիկ անոնց` որոնք կը տառապին աշխատազրկութենէն ...քալէ անոնց հետ, ունկնդրէ զանոնք ու համագործակցի` գտնելու համար մնայուն եւ արդար լուծումներ»։

Կառուցել արդար ընկերութիւն

Աշխարհի մը մէջ ուր աշխատազրկութիւնը կը շարունակէ հարուածել ընտանիքները, Եկեղեցին պարտականութիւնն ունի մատուցելու իր յոյսն ու առաջնորդութիւնը` քաջալերելով մարդիկը, որպէսզի չկորսնցնեն յոյսը ու փնտռեն հնարաւորութիւններ աշխատանքի աշխարհին մէջ դարձեալ մուտք գործելու համար, նշեց ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով շարունակել ըլլալ «եղբայրութեան կապեր հիւսողներ եւ Աւետարանին լոյսը տանիլ ամենուրէք, կառուցելով աւելի արդար ընկերութիւն մը»։

Քահանայապետը պատգամը աւարտեց Hoac ին վրայ հայցելով Սուրբ Հոգին, որպէսզի առաջնորդէ անոնց աշխատանքը ու ամրապնդէ անոնց առօրեայ յանձնառումը, ապա բոլոր մասնակիցները հրաւիրեց` որ շարունակեն աղօթել Սիւնհոդոսին համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/08/2023, 12:53