Որոնել

2023.08.22 Mongolia, Ulaanbaatar, Ulan Bator, Sukhbaatar Statue

Ֆրանչիսկոս Պապ` առաջին Քահանայապետը որ կ՛այցելէ Մոնկոլիան ողջագուրելու համար «փոքրիկ հօտը»։

Նորին Սրբութիւնը ճամբորդութեան հինգ օրերը պիտի անցնէ Երկրին մայրաքաղաք Ուլաապաթարի մէջ, ուր պիտի հանդիպի քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ ու պիտի մասնակցի նաեւ միջկրօնական հանդիպումի մը` որուն պիտի մասնակցին տեղական կրօններու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին պուտտիսթ, հրեայ, իսլամ, շինթոնիզմ ու ինտու եւ այլ կրօններու անդամներ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Երեքշաբթի 29 օգոստոսին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Մաթթէօ Պրունին լրագրողներուն ներկայացուց Ֆրանչիսկոս Պապին միջազգային 43րդ ճամբորդութիւնը, որ սկիզբ պիտի առնէ Հինգշաբթի 31 օգոստոսին ու պիտի աւարտի 4 սեպտեմբերին, ուր Նորին Սրբութիւնը պիտի հանդիպի Մոնկոլիայի մէջ ապրող 1500 կաթողիկէ հաւատացեալներուն հետ։

Այս կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին այս տարի կատարած չորրորդ առաքելական ճամբորդութիւնը, ուր Ան Ասիայի սիրտին մէջ կը հանդիպի «խաղաղ» «գորովալի» ու «բազմակողմնութեան կոչումով» ու բնութեան հոգ տանող ժողովուրդի մը, այնպէս ինչպէս ներկայացուց Մոնկոլիայի ժողովուրդը Տիար Մաթթէօ Պրունին։

Կաթողիկէները կը կազմեն բնակչութեան միայն 0,02% առ հարիւրը` «փոքրիկ հօտ մը» որ ծնունդ առած է համայնավարութեան փլուզումէն ետքը` 1992ին եւ այս մէկը շնորհիւ միսիոնարներուն, եւ յատուկէն «Քոնսոլաթա - մխիթարուող» միաբանութեան միսիոնարներուն, որոնց մաս կը կազմէ Մոնկոլիայի առաջին ու միակ կարդինալը` Ճորճօ Մարենկոն, որ է նաեւ Ուլաանպաթարի առաքելական կառավարիչը որ կարդինալական այս տիտղոսին արժանացաւ անցեալ տարի։

Հինգ օրեր Մոնկոլիայի մայրաքաղաք Ուլաանպաթարի մէջ

Նորին Սրբութիւնը ճամբորդութեան հինգ օրերը պիտի անցնէ Երկրին մայրաքաղաք Ուլաանպաթարի մէջ, ուր պիտի հանդիպի քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ ու պիտի մասնակցի նաեւ միջկրօնական հանդիպումի մը` որուն պիտի մասնակցին տեղական կրօններու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին պուտտիսթ, հրեայ, իսլամ, շինթոնիզմ ու ինտու եւ այլ կրօններու անդամներ։

Կիրակի 3 սեպտեմբերին Քահանայապետին մատուցած Սուրբ Պատարագին պիտի մասնակցին նաեւ Մոնկոլիայի սահմանամերձ երկիրներէն ժամանած հազարէ աւելի հաւատացեալներ` Ռուսաստանէն, Չինաստանէն, Թայլանտիայէն, Ղազախստանէն, Քիրկիստանէն, Ազրպէյճանէն ու Վիեթնամէն։

Քահանայապետը Հռոմէն կը մեկնի հինգշաբթի` 31 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 18.30ին եւ ինը ու կէս ժամ տեւող թռիչքէ ետք կը ժամանէ Ուլաանպաթարի Ճինկս Խան օդակայան` սաւառնելէ ետք Վրաստանի, Ազրպէյճանի ու Չինաստանի օդային տարածքներուն վրայէն։

Մոնկոլիայի մէջ Քահանայապետը պիտի դիմաւորուի արտգործ նախարարի կողմէ ու երիտասարդ տիկին մը անոր պիտի նուիրէ մածունի գաւաթ մը։ Ժամանումին օրը` Սրբազան Պապին օրակարգը ոչ մէկ պաշտօնական հանդիպում կը նախատեսէ, մինչ երկրորդ օրը, այսինքն Շաբաթ` 2 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ նախ կը հանդիպի Երկրին քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ, ապա յետմիջօրէին հանդիպում կ՜ունենայ Երկրի կղերական դասին հետ` Ի դարու կառուցուած Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, որ կառուցուած է նման մոնկոլական աւանդական «կէրին»` այսինքն վրանին եւ ուր պահպանուած է Սուրբ Կոյս Մարիամի մէկ արձանը որ պատահմամբ յայտնաբերուած էր աղբանոցի մը մէջ։ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ Սրբազան Քահանայապետը պիտի հիւրընկալուի ճիշտ այդ արձանը բացայայտող կնոջ կողմէ` մոնկոլ մէկ տիկնոջ հետ միասին։

Ճամբորդութեան վերջին օրը Սրբազան Պապը բացումը պիտի կատարէ եւ պիտի օրհնէ «Ողորմութեան տունը»` դպրոցական նախկին համալիր մը, որ այժմ պիտի յատկացուի աղքատներու, տնանկներու, գաղթականներու եւ տնային բռնութիւններու զոհերուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/08/2023, 15:00