Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Եւրոխորհուրդի անդամ երկիրներու փաստաբաններու պատուիրակութեան
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երկուշաբթի 21 օգոստոս 2023ի առաւօտեան ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Եւրոխորհուրդի անդամ երկիրներուն մաս կազմող փաստաբաններու պատուիրակութեան մը որոնք 11 Յունիս 2022ին ստորագրած էին «Վիեննեայի Կոչը» որով Եւրոխորհուրդի անդամ երկրները կը հրաւիրուին հաւատարիմ մնալու օրէնքի գերակայութեան և յարգելու դատականհամակարգի անկախութիւնը։
Ուքրանիայի անիմաստ պատերազմը
«Այս կոչը կը ներառուի եւրոպական ներկայ իրականութեան մէջ, որ շատ առումներով դժուար է եւ ի թիւս այլոց Ուքրանիայի մէջ անիմաստ պատերազմի պատճառով» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութեան առիթով ներկաներուն ուղղած իր ճառին սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնելով փաստաբաններուն` «խթանելու համար ժողովրդավարութիւնը եւ ազատութեան ու մարդկային արժանապատւութեան յարգանքը»։
Օրէնքի գերակայութիւնը ի ծառայութիւն մարդ անհատին
«Ընկերային, տնտեսական, ինքնութեան ու անվտանգութեան ճգնաժամերը մարտահրաւէր կը նետեն արևմտեան ժողովրդավարութիւններուն արդիւնաւէտ կերպով արձագանքելու անոնց,՝միշտ հաւատարիմ մնալով իրենց սկզբունքներուն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով նաեւ թէ «այդ սկզբունքներուն պաշտպանութիւնը մեծ արթնամտութիւն կը պահանջէ» եւ զգուշացնելով «բռնութիւններու ու անկարքութիւններու դիմաց բացառութիւններ կատարելու փորձութիւնէն», որովհետեւ «օրէնքի գերակայութիւնը մարդուն կը ծառայէ և նպատակ ունի պաշտպանելու անոր արժանապատուութիւնը, և այս մէկը բացառութիւններ չընդունիր, սկզբունք է» յարեց Սրբազան Պապը շեշտելով թէ մարդ արարածի արժանապատւութիւնը պէտք չէ երբեք տարակոյսի տակ դրուի ու թէ «անձը, անհատը» պէտք է միշտ ըլլայ մարդկային գործունէութեան կիզակէտը։
Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց ապա այսօր տարածուած իրականութեան ուր միշտ աւելիով կը պահանջուին անհատական իրաւունքներ՝ «առանց հաշուի առնելու այն փաստը, որ իւրաքանչիւր մարդ կապուած է ընկերային համատեքստի հետ, որտեղ անոր իրաւունքներն ու պարտականութիւնները կապուած են ուրիշներու իրաւունքներուն և հասարակութեան ընդհանուր բարիքին հետ» ու թէ այս իրականութեիւնը խեղաթիւրելով վտանգ կը յառաջանայ, որ օրէնքի գերակայութիւնը այլևս ծառայէ լոկ տնտեսական և գաղափարական շահերուն համապատասխան կեղծուած և շահարկուող մարդկային անհատին»։
Մասնագիտական գաղտնապահութեան կարեւորութիւնը
Քահանայապետը շեշտը դրաւ ու կարեւորց նեաւ «Մասնագիտական գաղտնիքը» կամ գաղտնապահութիւնը, որուն ուղղութեամբ կոչ ուղղած են միշտ փաստաբանները, ինչպէս նաեւ անոնց հասարակաց տան ու անոր պաշտպանութեան ի սպաս յանձնառումը, որուն առնչութեամբ նշեց թէ ինք «Laudato sì» շրջաբերականին երկրորդ մասի շարադրութեամբ կը զբաղի։
Սրբազան Պապը հուսկ խօսքը աւարտեց քաջալերելով ներկաները յարատեւելու իրենց մասնագիտութեան գործին մէջ որ ուղղուած է ծառայելու ճշմարտութեան եւ արդարութեան, որոնք անհրաժեշտ են աշխարհիս մէջ կառուցելու համար խաղաղութիւնը եւ ընկերութիւններուն մէջ ներդաշնակութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ