Որոնել

2023.08.19 Libro di Dorothy Day "Ho trovato Dio attraverso i suoi poveri" (LEV)

Լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապին նախաբանով Dorothy Day-ի ինքնակենսագրական գիրքը

«Ես Աստուած գտայ անոր աղքատներուն միջոցաւ: Անհաւատութենէն դէպի հաւատք. իմ ներքին ճանապարհորդութիւնը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վատիկանի հրատարակչատունը 22 օգոստոսին ի լոյս ընծայեց «Ես Աստուած գտայ անոր աղքատներուն միջոցաւ: Անհաւատութենէն դէպի հաւատք. իմ ներքին ճանապարհորդութիւնը» վերտառութեամբ` Robert Ellsberg-ի խմբագրութեամբ Ամերիկացի աշխարհահռչակ գրող` 2000 թուականին Աստուծոյ Աղախին հռչակուած Dorothy Dayի ինքնակենսագրական հոգեւոր գիրքը, որուն նախաբանը կը կրէ Ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութիւնը։

Հատորը Dorothy Day-ի կեանքի առաջին տասնամեակներու պատմութիւնն է, մասնաւորապէս, անոր անցումը անիշխանական ​​և մարքսիստական​​անհաւատութենէ դէպի կաթողիկէ հաւատքի համոզուած հաւատարմութիւն, աղքատներու, աշխատողներու և մեկուսացուածներու կողքին արմատական ​​յանձնառութիւն պահպանելով, այնքան, որ արդեն Լրագրողական գործունէութեան առաջին տարիներուն ան երկու անգամ կը բանտարկուի։

Նախաբանին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը Catholic Worker-ի շարժումի հիմնադիր Dorothy Dayի այս հատորը կը նկատէ «արկածախնդրութիւն մը` որ բարիք կ՜ընէ սրտին ու կարող է մեզի շատ բաներ սորվեցնել, որպէսզի մեր մէջ արթուն պահենք Աստուծոյ իսկական պատկերը»։

Մարդկային սէրն է որ կը բացայայտէ աստուածայինը

Dorothy Dayը իր այս հոգեւոր ինքնակենսագրականին մէջ կը յայտնէ թէ «մարդկային սէրն է` որ իրեն օգնեց հասկնալու համար աստուածային սէրը։ Այս մարդկային սէրը, որ անշահախնդիր է, լուսաւոր, կը լուսաւորէ մեր օրերը ու մեզի ցոյց կու տայ մարդուն հանդէպ Աստուծոյ սէրը։ Սէրը այս կեանքին մէջ ճանչնալիք ամենագեղեցիկ բանն է, բայց ան պէտք է պահպանուի կամքի ջանքերով» կը գրէ Ան։

Dorothy Dayի ինքնակենսագրական գիրգի նախաբանին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ի միջի այլոց կը հաստատէ թէ «ամերիկացի այս կնոջ համայն կեանքը` նուիրուած մարդոց իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ընկերութենէն անտեսուած անձերուն վկայութիւն է Յակոբ առաքեալի նամակին մէջ պարունակուած այս խօսքերուն. «Ցոյց տուր ինծի հաւատքդ առանց գործերու եւ ես գործերովս քեզի ցոյց կու տամ իմ հաւատքս»։ Ասկէ մեկնելով Քահանայապետը նկատել կու տայ թէ Տորոթին գործերով վկայեց իր հաւատքը ապա կը մատնանշէ թէ Dorothy Dayի նուիրուած այս հատորէն ի յայտ կու գան երեք տարրեր, որոնք մեր այս ժամանակներուն բոլորիս համար թանկարժէք ուսուցում մըն են. անհանգստութիւնը, Եկեղեցին, ծառայութիւնը:

Անհանգստութիւնը

«Տորոթին անհանգիստ կին մըն է, որ աճելով իր հոգեւոր փնտռտուքին մէջ, կը հասնի այն եզրակացութեան` թէ Աստուած կեանքին լիութիւնն է ու երջանկութեան փնտռտուքի նպատակը» նկատել կու տայ Նորին Սրբութիւնը։

Եկեղեցին

Ան ապա կը մէջբերէ Տորոթիին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մասին գրութիւններէն նախադասութիւններ, որոնց միջոցաւ Եկեղեցւոյ բնութիւնը նկատուած է աստուածային, ապա թէ ոչ «չէր կարող դիմանալ, Յուդայի մը դաւաճանութեան, Պետրոսի ուրացումին ու հաւատքը դաւանողներու մեղքերուն»։

«Ես միշտ մտածած եմ, որ մարդկային թուլութիւնները, մեղքերն ու բարձր պաշտօններու վրայ գտնուողներուն տգիտութիւնը պատմութեան ընթացքին միայն ցոյց տուին, որ Եկեղեցին պէտք է աստուածային ըլլայ, որպէսզի յարատևէ դարերու ընթացքին: Ես եկեղեցւոյ չէի վերագրեր այն ինչ որ կը կարծէի եկեղեցականներու սխալներն ըլլային» հրած է Տորոթին:

«Արդարեւ Եկեղեցին մերը չէ այլ Աստուծոյ կը պատկանի, Ան է որ զայն ուզեց ոչ թէ մենք, անիկա Անոր գործիքն է, ոչ թէ բան մը որմէ օգտուինք։ Այս է Եկեղեցւոյ կոչումը եւ ինքնութիւնը` աստուածային ու ոչ թէ մարդկային, իրականութիւն որ մեզ կը տանի դէպի Աստուած եւ որուն միջոցաւ Աստուած մեզի կու գայ» կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը։

Ծառայութիւնը

«Dorothy Day-ը բոլոր կեանքի ընթացքին ծառայեց միւսներուն» նկատել կու տայ Ֆրանչիսկոս Պապը խօսելով ծառայութեան մասին։ Ան տեսակէտով մը դարձաւ մայրուղի, որուն միջոցաւ Աստուած դպաւ անոր սրտին։ Անոր կարգախօսներէն մին եղած է «մէկու մը հարցը` հարցն է բոլորին», ուստի, կը շարունակէ Քահանայապետը, «ծառայութիւնը պէտք է դառնայ քաղաքականութիւն, այսինքն շօշափելի ընտրանքներ, որպէսզի արդարութիւնը գերակայէ եւ իւրաքանչիւր անձի արժանապատւութիւնը պաշտպանուի» եւ  «Տորոթին այս ուղղութեամբ կարող է բոլորիս համար ըլլալ օրինակելի տիպար մը» հաստատեց Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/08/2023, 09:00