Որոնել

2023.08.06 Viaggio Apostolico in Portogallo in occasione della XXXVII Giornata Mondiale della Gioventu' - Santa Messa per la Giornata Mondiale della Gioventu'

ԵՀՕ ուրախութիւն էր, համոզմունք եւ մարգարէութիւն․ Լիզպոնի Պատրիարք

Կարդինալ Մանուէլ Քլեմենթէն ընդգծած է երիտասարդներու եւ ողջ Եկեղեցւոյ՝ Սրբազան Քահանայապետը ներառեալ, ուրախութիւնը Լիզպոնի Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերու ընթացքին
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Լիզպոնի Պատրիարք Կարդինալ Մանուէլ Քլեմենթէն՝ երեկ՝ 7 Օգոստոսին Վատիկանի լրատուամիջոցներուն տուած  հարցազրոյցի ժամանակ իր տպաւորութիւնները կիսեց Փորթուկալի մէջ օրերս աւարտուած Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերու առնչութեամբ։

Ան շեշտեց, որ  իր սիրտին մէջ կը պահէ ամենէն առաջ  «Campo da Graça» Թէժօ հրապարակի տարածքին վրայ, անցեալ  շաբաթ օրը՝ 5 Օգոստոսի երեկոյեան տեղի ունեցած ԵՀՕ Աղօթքի հսկումը, եւ մասնաւորապես․ «մէկ միլիոն ու կէս երիտասարդներու ինքնաբուխ, յանկարծակի, Երկինքէն իջած  քար լռութիւնը, երբ Սուրբ Հաղորդութիւնը դրուեցաւ խորանի վրայ»:

Պատասխանելով ապա հարցին թէ՝ «հնարաւո՞ր է ամփոփել  այն ինչ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի ԵՀՕ ծիրէն ներս, որ ներգրաւեց Փորթուկալի ողջ Եկեղեցին, ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռի վերատեսչութիւնները», Կարդինալ Քլեմենթէն առանձնացրեց երեք բնոյթներ, որոնցմով տպաւորուած է.

Առաջին բնոյթը՝ բոլորի ուրախութիւն էր՝ բազմաթիւ երիտասարդներու «պարզ, ինքնաբուխ, մաքուր» ուրախութիւնը, որ դուրս կը ժայթքէր ամեն պահու։ Հրաշալի էր տեսնել անոնց՝ Ֆրանչիսկոս Պապին ուղղած հայեացքները եւ Պապի՝ անոնց ուղղած հայեացքը, յարեց ան։

Միւս տպաւորութիւնը մարդկանց համոզմունքն ու նուիրուածութիւն էր՝ արտայայտուած բացարձակ եւ ինքնաբուխ լռութեամբ աղօթքի պահերուն։ «Դիւրին բան չէ մէկ ու կէս միլիոն բազմութեան հետ գործ ունենալ» նշեց Պատրիարքը եւ մեկնաբանեց, որ տուեալ պարագային լռութիւն խնդրելու կարիքը չէ եղած, ինչպէս օրինակ շաբաթ երեկոյեան Հաղորդութեան ընթացքին, երբ մէկուկէս միլիոն երիտասարդներ բոլորը միասին լռեցին, երբ Սուրբ Հաղորդութիւնը զետեղուեցաւ խորանին վրայ։

«Դա ի՞նչ էր: Համոզմու՞նք, նուիրուածութի՞ւն» հարց տուաւԿարդինալ Քլեմենթէն եւ ապա անդրադարձաւ երրորդ տպաւորութեան՝ բնորոշելով զայն հզօր մարգարեություն․ «Մենք երբեք բաւականաչափ չենք խօսիր մարգարէութեան մասին, որ ցնորք չէ, այլ՝ ցոյց տալ է այն, ինչ որ ապագային պիտի գայ։ Այս բոլոր երիտասարդները, այս ուրախութիւնը, համոզմունքը, նուիրուածութիւնը, միասին ըլլալը… սա է  ապագայ աշխարհը։ Դա մարգարէութիւն է, որ արդեն գոյութիւն ունի, մարգարէութիւն ապագայի համար, որ երիտասարդներու համար վճռորոշ պիտի ըլլայ, որոնց կ’անուանեմ 2023ի Սերունդ»։ հաստատեց Լիզպոնի Պատրիարքը։

Պատասխանելով ապա Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի որպիսութեան վերաբերեալ հարցին ան նշեց, որ Պապը շատ լաւ կը զգար զԻնք, եւ օր օրի միշտ աւելի երջանիկ եւ բաւարարուած։

Կարդինալ Քլեմենթէն եզրափակեց խօսքը՝ մաղթելով բոլորին, յատկապէս անոնց, որոնց հնարաւորութիւն չեն ունեցած Լիզպոն երթալու, վկայութիւն տալ եւ օրինակ ծառայել, ինչպէս նաեւ  մասնակցելու  յաջորդ ԵՀՕ հաւաքին, որ տեղի պիտի ունենայ  2027 թուականին Սէուլի մէջ։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/08/2023, 11:58