Որոնել

2023.08.20 Angelus

Քահանայապետը աղօթք խնդրեց Նիճերի մէջ խաղաղութեան համար

Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց «աղօթել Նիճերի ժողովուրդին համար ու խաղաղութիւնը հայցել պատերազմներէ եւ բռնութիւններէ վիրաւոր բոլոր ժողովուրդներուն համար», յատկապէս Ուքրանիային` որ «մեծապէս կը տառապի»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 20 օգոստոս 2023ին, կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով այս առիթով ս. Պետրոս հրապարակ ժամանած հազարաւոր ուխտաւորները նշեց, թէ ինք մտահոգութեամբ կը հետեւի Նիճերի մէջ պատահածին ու թէ կը միանայ Երկրին Եպիսկոպոսներու կոչին ի նպաստ խաղաղութեան ու Սահելի տարածաշրջանի մէջ կայունութեան։

«Աղօթքով կ՛ընկերանամ միջազգային հասարակութեան ջանքերուն, որպէսզի արագօրէն գտնուի բոլորի բարիքին համար խաղաղ լուծում մը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւիրեց «աղօթել Նիճերի ժողովուրդին համար ու խաղաղութիւնը հայցել պատերազմներէ եւ բռնութիւններէ վիրաւոր բոլոր ժողովուրդներուն համար», յատկապէս Ուքրանիային` որ «մեծապէս կը տառապի» յարեց Նորին Սրբութիւնը ապա ողջունեց Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերը անոնց մաղթելով բարի կիրակի ու խնդրելով որ չի մոռնան իրեն համար աղօթելու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/08/2023, 12:18