Ֆրանչիսկոս Պապը նորոգեց արարչագործութիւնը պահպանելու իր կոչը
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Չորեքշաբթի 30 օգոստոսին գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք ունկնդրութեան մասնակցող հաւատացեալներու խումբերը, Ֆրանչիսկոս Պապը, նախ քան իտալացի ուխտաւորներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին, ուզեց անդրադառնալ` յառաջիկայ մէկ սեպտեմբերին սկիզբ առնող «Արարչագործութեան Ժամանակին»։
«Միւս օրը` մէկ սեպտեմբերին կը յիշատակուի արարչագործութեան հոգատարութեան աղօթքի համաշխարհային օրը, բացումը կատարելով «Արարչագործութեան Ժամանակին» որ պիտի տեւէ մինչեւ 4 հոկտեմբեր, Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի տօնին օրը» ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով նաեւ, թէ «Այդ օրը միտք ունիմ հրատարակելու յորդորագիր մը ` երկրորդ «Գովեալ ըլլաս» մը»։
«Միանանք մեր քրիստոնեայ միւս եղբայրներու ու քոյրերու յանձնառումին` պաշտպանելու համար Արարչութիւնը, որպէս Արարիչին սուրբ պարգեւ մը» հրաւէր ուղղեց ապա Քահանայապետը անհրաժեշտ նկատելով թիկունք կանգնիլ ու մօտիկ ըլլալ «բնապահպանական եւ կլիմայական անարդարութիւններու զոհերուն, մենք մեզ ստիպելով վերջ տալու հասարակաց տան դէմ անիմաստ պատերազմին, որ սարսափելի համաշխարհային պատերազմ է» աւելցուց Ֆրանչիսկոս Պապը ապա կոչ ուղղեց բոլորին «աշխատելու և աղօթելու, որպէսզի հասարակաց տունը անգամ մը եւս կեանքով առատանայ»։
Կոչէն ետք Սրբազան Պապը ողջունեց իտալացի ուխտաւորները ապա յատուկէն յիշեց երիտասարդները, տարեցները, նորապսակներն ու հիւանդները հաստատելով որ «միայն Քրիստոս ունի յաւիտենական կեանքի խօսքերը» անոնց մաղթելով, որ միշտ բաց եւ խանդավառ սրտով հետեւին Յիսուսին ու զայն վկայեն ամէն օր իրենց կեանքով։
Քահանայապետը հրաւիրեց ապա նորոգել մօտիկութեան զգացումն ու աղօթքը մարտիրոս Ուքրանիոյ համար ու բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ